İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ իրականացուց 7ամեայ Հայաստանցի սիրուն Աստղիկի երազը :

Հայաստանի Զովունի գիւղի բնակիչ 7 հոգիէ բաղկացեալ ընտանիքի անդրանիկ որդին եօթնամեայ Աստղիկ նամակ մը գրած է Կեդրոն հեռատեսիլի կայանի “Ես Կամ” անուն յայտագրին, որ երկար տարիներէ ի վեր արժանացած է հանրութեան ուշադրութեան։ Փոքրիկն Աստղիկ իր նամակին մէջ յայտնած է թէ ամենամեծ փափաքն է ծանօթանալ Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլի հետ։ Վստահ ենք թէ պիտի չկարենաք զսպել ձեր արցունքները, երբ լսէք ու դիտէք ամէն տեսակ դժուարութեան դէմ պայքարող այս չքաւոր ընտանիքի պատմութիւնը եւ Սիպիլի հետ տպաւորիչ եւ յուզիչ մէկտեղումը։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın