İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ԱՐԱՍ»ԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ

Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է Ուիլիըմ Սարոյեանի երկու գործերու թրքերէն թարգմանութեան։ «Yüreğim Dağlardadır» եւ «En Güzel Günlerin» կը կոչուին այս երկու գործերը։ Էճէ Էրօղլուի կողմէ կատարուած է անգլերէնէ թրքերէն թարգմանութիւնը երկու գիրքերու պարագային։ Երկու գործերն ալ թատրերգութիւններ են եւ հրատարակութեան պատրաստուած են Լորա Սարըի կողմէ։

Հարկ է նշել, որ 2003 թուականին «Արաս» հրատարակչութիւնը Սարոյեանի այս երկու գործերը լոյս ընծայած էր մէկ կողքի մէջ։ Ներկայիս այս երկու գործերը առանձին գիրքերու ձեւաչափով վերահրատարակուած են՝ վերատեսութեան ենթարկուած թարգմանութեամբ։

«Արաս» արդէն Ուիլիըմ Սարոյեանի ութերորդ գիրքը կը դնէ ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F20-06-2019-«արաս%C2%BBէն-նոր-գիրքեր

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın