İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՋԵՐՄ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան, նախկին նախարար Վոլքան Պոզքըր երէկ երեկոյեան այցելեց Շիշլի մարզակումբի կեդրոնը, ուր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ վարչութեան կողմէ։ Շաբաթավերջին կրկնուելիք Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութեան նախօրէին տեղի ունեցաւ այս այցելութիւնը։ Ակումբի մուտքին Վոլքան Պոզքըրը ողջունեց վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք։ Ներկայ էին ակումբի վարչութեան անդամները, նախկին նախագահներէն կամ վարչայիններէն ոմանք, մարզիչներ, մարզիկներ, նաեւ նախկին մարզիկներ։ Վոլքան Պոզքըրին ընկերացան ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի փոխ-նախագահ Սերքան Փոլատ եւ Շիշլիի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներէն Կէօքհան Եիւքսէլ։

Երեսփոխանը շրջայց մը կատարեց ակումբի համալիրէն ներս եւ բազմակողմանի տեղեկութիւններ քաղեց անոր պատմութեան ու գործունէութեան շուրջ։ Հիւրերը աւելի վերջ առաջնորդուեցան վարչութեան ժողովասրահը, ուր եւս զրոյցը շարունակուեցաւ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ։

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՀԱՐՑԸ

Միւս կողմէ, նկատի ունենալով, որ Վոլքան Պոզքըր նախկին բարձրաստիճան դիւանագէտ մըն է, այցելութեան առիթէն օգտուելով Ալէն Թեքպըչաք իր հետ խորհրդակցեցաւ յառաջիկայ օգոստոսի Համահայկական խաղերու մասին։ Ինչպէս ծանօթ է, այս տարուան խաղերու բացումը եւ առաջին բաժինը տեղի պիտի ունենայ Արցախի մէջ եւ ծրագրի երկրորդ փուլը պիտի իրականացուի Երեւանի մէջ։ Ալէն Թեքպըչաքի կողմէ գլխաւորուած Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբը ներկայիս կը ծաւալէ մանրամասն քննարկումներ։ Պարզ է, որ քաղաքացիական պատասխանատուութիւններու բերումով մեր համայնքին տեսակէտէ նպատակայարմար կրնայ չըլլալ մասնակցիլ Արցախի մէջ նախատեսուած բացման։ Յամենայնդէպս, Իսթանպուլի խումբը մասնակցած է ցայսօր կազմակերպուած բոլոր Համահայկական խաղերուն եւ այս անգամ ալ կրնայ մասնակցիլ Հայաստանի փուլին։ Աւելի ինքնավստահ եւ յստակ, տատամսումներէ հեռու գործելու համար Ալէն Թեքպըչաք երէկ խորհրդակցեցաւ Վոլքան Պոզքըրին հետ։ Նախկին նախարարը խոստացաւ այս նիւթին շուրջ շուտով փոխանցել իր մեկնաբանութիւնը՝ խորհրդակցելով նաեւ Արտաքին գործոց նախարարութեան շրջանակներուն հետ։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F18-06-2019-ջերմ-այցելութիւն

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın