İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅՍՏԱԿ ՔԱՅԼԵՐՈՎ ՅԱՌԱՋ

Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը յստակ քայլերով կ՚ընթանայ յառաջ։ Այս առաւօտ Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Կրօնական ժողովի նիստ՝ նախագահութեամբ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ ատենապետութեամբ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։ Յառաջիկայ շաբաթ նախատեսուած տեղապահի ընտրութեան ընդառաջ Կրօնական ժողովը գումարուեցաւ՝ Եկեղեցականաց համագումարի կազմակերպման օրակարգով։ Ներկայ փուլին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի մօտեցումները ընդհանուր առմամբ կը համընկնին, որպէսզի տեղապահ մը ընտրուի ըստ մեր Աթոռի վաղեմի նախընթացներուն եւ կարգ ու կանոնաց։

Թերթիս մամուլի յանձնուած պահուն նիստը կը շարունակուէր։ Կ՚ակնկալուի, որ ժողովի աւարտին հրապարակուի յայտարարութիւն մը։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F18-06-2019-յստակ-քայլերով-յառաջ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın