İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ՄԵՏՐԱՊՈԼԻՏ

Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ ընտրուեցաւ մետրապոլիտ Էլփիտոֆորոս Լամպրինիատիս։ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանէն ներս, Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի նախագահութեամբ գումարուած սինոդը միաձայնութեամբ զինքը ընտրած է այս պաշտօնին։ Ան յառաջիկայ շրջանին պիտի ըլլայ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Նիւ Եորքի վիճակաւորը։ 22 յունիսին նախատեսուած է նոր մետրապոլիտի գահակալութեան արարողութիւնը։

Այսպէսով առաջին անգամ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի մը կը դառնայ Հիւսիսային Ամերիկայի յոյն ուղղափառներու առաջնորդը։ Ան Պաքըրգիւղի մէջ ծնած եւ զինուորութիւնը Իսքէնտէրունի մէջ ըրած հոգեւորական մըն է։ Նոր կոչուած պաշտօնին բերումով ան հարցազրոյց մը տուած է «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին։ Իր խօսքով յառաջիկայ շրջանին Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ-Յունաստան առանցքին վրայ ան կրնայ իր նպաստը բերել յարաբերութիւններուն։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F13-06-2019-նիւ-եորքի-համար-նոր-մետրապոլիտ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın