İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ ( Պենտեկոստէ)

Սուրբ Յարութեան հիսուներորդ օրը Հայ Առաքելական եկեղեցին կը տօնէ Ս. Հոգիի գալուստը առաքեալներու վրայ: Սուրբ Հոգին, Սուրբ Երրորդութեան երեք անձերէն մեկն է, համագոյ և հաւասար Հօրը և Որդիի: 

Քրիստոս Իր երկրային կեանքի ընթացքին առաքեալներու հետ կը խօսէր Սուրբ Հոգիի գալստեան մասին. “Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին, որ Հայրը պիտի ղրկէ իմ անունովս, անիկա՛ պիտի սորվեցնէ ձեզի ամէնը եւ ինչ որ ըսի ձեզի՝ պիտի յիշեցնէ ձեզի”: (Յով. 14:26)

Սուրբ Հոգիի գալուստը նկարագրուած է «Գործք Առաքելոց»-ին. “Երբ Պենտեկոստէի տօնը հասաւ, բոլորն ալ միաբան՝ մէկ տեղ էին: Յանկարծ շառաչ մը եղաւ երկինքէն՝ սաստկաշունչ հովի մը ձայնին պէս ու լեցուց ամբողջ տունը՝ ուր նստած էին: Եւ բաժնուած լեզուներ երեւցան իրենց՝ որպէս թէ կրակէ ու հանգչեցան անոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ: Բոլորն ալ լեցուեցան Սուրբ Հոգիով եւ սկսան խօսիլ ուրիշ լեզուներով, ինչպէս Հոգին իրենց խօսիլ կու տար”: (Գործք 2:1-4):

Աստուածաշնչեան այս հատուածը կը նշէ, որ տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներ, ովքեր ներկայ էին, զարմացան` յուրաքանչիւրն իր հարազատ լեզուն լսելով:

Քրիստոնեական Եկեղեցիին շնորհի վարդապետութիւնը կապուած է Սուրբ Հոգիի հետ: Ըստ այդ վարդապետութեան՝ յուրաքանչիւր առաքինութիւն աստուածային պարգև է, որ կը տրուի հաւատացեալին Սուրբ Հոգիի կողմէ և որևէ առաքինութեան վերագրումը սեփական անձին և ոչ թե Աստծոյ, հպարտութեան տանող մեծ մեղք է: Հետևաբար, Հոգեգալստի յիշատակումը նաև կոչ է յուրաքանչիւր հաւատացեալի` հպարտութենէ խուսափելու և աստուածային շնորհներով միայն բարի գործեր կատարելու:

Անուշ ԳարմԷն Սար

Աղբիւր։ Qahana

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın