İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԶԳ. ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Այս առթիւ նախարարը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ իր գործակից ընկերներուն կողմէ։ Նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս առթիւ շրջայց մը կատարեց հիւանդանոցի համալիրէն ներս՝ մասնաւորապէս ծանօթանալով ծերանոցի բաժնին։

Հոգաբարձութեան աղբիւրները այցելութենէն առաջ կամ վերջ որեւէ տեղեկութիւն չեն փոխանցած մամուլին։ Ուստի, քննարկումներու բովանդակութեան շուրջ պաշտօնական որեւէ տեղեկութիւն չկայ։

Նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի այցելութիւնը զուգադիպած է 23 յունիսին կրկնուելիք Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութեան նախօրեակին։ Բաց աստի, Մեւլիւտ Չավուշօղլուի այցելութիւնը կը համընկնի պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի մեկնարկի շրջանին։ Ծանօթ է, որ Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ ներգրաւուած է պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/28-05-2019-չավուշօղլու-այցելեց-ազգ-հիւանդանոց?fbclid=IwAR16bZN8pRKfhOcjhCrU_Xm3PnbVqhV8SVQtSnw4sczmFKyCwN2GUEbuHPA

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın