İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ»

Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ կը կարդանք.-

Պոլսոյ Ս. Խաչ դպրեվանքի սանուց Ֆրանսայի միութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացեր էր Պոլսոյ եւ Ֆրանսայի հայկական վարժարաններու համայնապատկերին նուիրուած դասախօսութիւն մը կազմակերպելու, որ տեղի ունեցաւ մայիս 17-ի երեկոյեան Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան մէջ։

Այս առթիւ բանախօսելու հրաւիրուած էին Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի տարիներու անձնուէր եւ վաստակաշատ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան-Մարկոսեան եւ Արնուվիլի «Հրանդ Տինք» վարժարանի մանկավարժական բաժնի պատասխանատու, նոյնքան վաստակաշատ եւ հայեցի դաստիարակութեան նիւթին հմուտ Կարապետ Տաքէսեան։

Օրուան զրուցավարի պաշտօնը վստահուած էր ընկերաբանութեան տոքթոր, ԻՆԱԼՔՕ-ի դասախօս Նազլը Թեմիր-Պէյլէրեանին։

Մշակութային տան սրահը ամբողջութեամբ լեցուցած ներկաներուն առաջին դիմողը եղաւ Սիլվա Գույումճեան։ Քանի որ երեկոյթի նիւթը հայ դպրոցն էր եւ առանց նուիրեալ ուսուցիչներու՝ կարելի իսկ չէ խօսիլ դպրոցի մասին, ան նախ թարմ յիշատակը ոգեկոչեց պոլսահայ բազմաթիւ վարժարաններու, յատկապէս Դպրեվանքի տասնամեակներու ուսուցիչ, այնքան սիրուած Պրն. Վահան Աճէմեանին, որ վերջերս 94 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց Փարիզի շրջանին մէջ. մա՛նաւանդ, որ լսարանի ներկաներէն ոմանք՝ Թուրքիայէն եւ Եւրոպայի զանազան անկիւններէն քանի մը օր առաջ մինչեւ Փարիզ եկեր էին յատկապէս անոր յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուելու եւ յարգանքի իրենց վերջին տուրքը մատուցելու համար։

Ապա, շուրջ տասը վայրկեան տեւողութեամբ՝ սահիկներու տողանցքով մը Կեդրոնականի տնօրէնուհին ներկայացուց Պոլսոյ մէջ հայկական վարժարաններու պատմութիւնն ու ներկայի պատկերը, տուաւ թիւեր, որոնք յուսահատեցուցիչ էին, կամ՝ յուսադրիչ, նայած՝ թէ բաժակը կէս-լեցո՞ւն կը տեսնենք, թէ՞ կէս-պարապ։ Մինչ, օրինակ, 1913-ին՝ Թուրքիոյ տարածքի հարիւրաւոր հայկական վարժարաններու մէջ 200 հազար հայ աշակերտութիւն կար, այսօր Պոլսոյ մէջ ունինք 16 վարժարան, ընդամէնը… 3.016 աշակերտով. բնականաբար, պատմութեան դէպքերը իրենց վճռորոշ դերը խաղացած են այս ամբողջին մէջ։ Ան խօսեցաւ նաեւ պոլսահայ (եւ ախտը իւրայատուկ չէ պոլսահայութեան) շատ մը ծնողներու սխալ ընկալումներուն եւ նախապաշարումներուն մասին, ինչ կը վերաբերի հայկական վարժարաններու մակարդակին եւ հաւաստեց, թէ հայ դպրոցը ոչինչով կը զիջի համբաւ շինած այլ վարժարաններու։ Ընդգծեց նաեւ հայերէնի հմուտ ուսուցիչներ ապահովելու դժուարութիւնը։ Յատուկ տրտունջ մըն ալ արտայայտեց «հայերէն եւ հայերէնո՞վ ուսուցում. ի՞նչ ընելու համար» հիւանդ մտայնութեան մասին։

Այս նիւթին մէջ առաւելապէս խորացաւ Տաքէսեան, որ նախ բաղդատականը ընելով Ֆրանսայի մէջ հսկայ թիւ կազմող մահմետական, հրէական եւ անդին ալ հայկական միայն 8 (եւ դեռ հաշուելով Վալանսի կառուցուող դպրոցն ալ) վարժարաններու թիւերուն՝ ըսաւ, որ թէեւ անորոշ տուեալներով՝ 500 հազար հաշուող ֆրանսահայութեան համար գոհացուցիչ ըլլալէ շատ հեռու թիւ մըն է ասիկա։ Յիշեցուց, թէ մեր ազգը առանց պետութիւն ունենալու՝ կառուցած է 2 հազար վարժարան եւ ատիկա իսկապէս բացառիկ երեւոյթ է։ Ապա, հիմնուելով՝ միջազգային ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներու վրայ, նշեց թէ մեծամասնութիւնը (շուրջ 8 միլիոն 300 հազար հոգի) իր երկրին հողերէն դուրս ապրող ազգի մը համար անշրջանցելի «ազդակ» է հայ դպրոցը, եթէ կ՚ուզենք հայ մնալ եւ աւելցուց, թէ 50 տարի վերջ այդ միլիոններէն՝ լաւագոյն պարագային պիտի մնայ 2 միլիոն միայն, եթէ անոնք չանցնին հայկական դպրոցի բովէն։ Տաքէսեան քննադատեց հայկական ընկերութեան մէջ յաճախ դէպի անցեալ նայելու հակումը, մինչ ապագա՛ն է, որ մեզ պէտք է հետաքրքրէ։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F20-05-2019-«հայկական-դպրոցները»

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın