İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՈՂՋՈՅՆ ԵՒ ԲԻՒՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ՝ Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆԵՐՈՒ ՓԱՐԻԶԻ ՀԱՒԱՔԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՄԵՐ ՍԻՐԵՑԵԱԼ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐՈՒՆ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սաները շաբաթավերջին համախմբուեցան Փարիզի մէջ։ Տարեկան այս աւանդական հաւաքին ժամանակ 25-ամեայ եւ 50-ամեայ շրջանաւարտները մեծարուեցան Դպրեվանքի ընտանիքին կողմէ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ Արամ Արք. Աթէշեանն ալ պատգամ մը ուղարկեց Փարիզի հաւաքին առթիւ։ Ստորեւ կը նարկայացնենք նորին սրբազնութեան կողմէ ուղարկուած պատգամը։

*

Սիրելի դպրեվանքցիներ,

Մեզի համար հոգեւոր ուրախութեան առիթ է մեր օրհնութիւններն ու հայրական ջերմ ողջոյնները յղել ձեր բոլորին՝ Փարիզի ձեր ներկայ հաւաքի օրերուն։ Դպրեվանքցիներու իւրաքանչիւր համախմբումը կը նշանակէ մեր այս նուիրական կրթօճախի աւանդութիւններու վերակենդանացումը։ Շրջանաւարտ սաներու հաւաքները ապացոյցներ են Դպրեվանքի կենսունակութեան համար։ Անցեալի մէջ շնչած ըլլալով դպրոցի մթնոլորտը՝ արդէն պատկանելիութեան եւ հպարտութեան զգացումներ կը տածենք Դպրեվանքի հանդէպ եւ ի շարունակութիւն անսահման սէր՝ դպրեվանքցիի նկատմամբ։

Պոլսոյ Պատրիարքական մեր Սուրբ Աթոռի գաւազանագրքի տիրական դէմքերէն՝ երանաշընորհ պատրիարք Տ. Գարեգին Արք. Խաչատուրեանի տեսիլքի պտուղն է մեր Դպրեվանքը։ Այդ տեսիլքի մարմնաւորման եւ յարատեւման ճանապարհին իրենց եռանդն ու նախանձախնդրութիւնը չեն խնայած նաեւ իրեն յաջորդած մեր երանաշնորհ երեք պատրիարքները՝ Տ. Շնորհք Արք. Գալուստեան, Տ. Գարեգին Արք. Գազանճեան եւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան։ Մեր Աթոռի արդի տարեգրութեանց, թրքահայութեան նորագոյն պատմութեան մէջ ինքնին գլուխ մըն է Դպրեվանքը։ Ուստի, անոնց նկատմամբ մատուցուած երախտագիտական զգացումները կը պարփակեն նաեւ խոր յարգանք այն բոլոր հիմնադիր, բարերար, տնօրէն, կրթական մշակ ու միւս ծառայողներուն նկատմամբ, որոնք իրենց սպասաւորութեան բաժինը բերած են Դպրեվանքին։ Վստահ ենք, Փարիզի այս հաւաքի օրերուն բոլորը կը տողանցեն ձեր խոհերուն մէջ ու կ՚աղօթենք անոնց յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։ Վստահ ենք նաեւ, թէ ձեր համախմբումով պիտի խայտայ հոգին նորոգ հանգուցեալ «պարոն» Վահան Աճէմեանի։ Դպրեվանքէ ներս աւելի քան հինգ տասնամեակ ուսուցչագործելով՝ ան դարձած էր յանձնառութեան, ծառայութեան ախոյեան մը: Խո՜ւնկ իր յիշատակին ու խոնարհում իր մեծ վաստակին առջեւ։ Ձեր համախմբումին մէջ, ապահովաբար, կը գտնէք մխիթարութեան ճանապարհը այս ցաւալի կորուստէն վերջ՝ Սուրբ Հոգւոյ առաջնորդութեամբ։

Սիրելիք,

Նախախնամութեան տնօրինութեամբ նուաստիս բախտ վիճակած է վերջին շուրջ մէկ տասնամեակին ըլլալ Դպրեվանքի վանահայրը։ Սա զուտ խորհրդանշական պարագայ մը չէ, որովհետեւ մեր Պատրիարքութեան գործունէութեան ամբողջին մէջ Սուրբ Խաչ դպրեվանքը միշտ բնորոշած է առաջնահերթութիւն մը։ Հայ դպրոցի առաքելութեան դարաւոր հոլովոյթին մէջ Դպրեվանքը աննուաճելի բարձունք մըն է։ Բոլոր ժամանակներու ընդհանուր արժեւորման արդիւնքներով կարելի է ապացուցանել Դպրեվանքի առանցքային նշանակութիւնը։ Այս վարժարանը ունի եզակի դիմագիծ մը։ Արդարեւ, Սուրբ Խաչ դպրեվանքը լոկ կրթադաստիարակչական հաստատութիւն մը չէ։ Եթէ մէկ կողմէ ան ջամբած է հայեցի ուսում, ապա միւս կողմէ եղած է ընկերամշակութային եզակի երեւոյթ։ Այդ երկուքի փոխլրացումով առաքինի մարդու կերտման, լաւ մարդու պատրաստութեան գործին կոչուած է այս դպրոցը։ Մեր ժողովուրդին պատուհասած աղէտի ծանր հետեւանքներու յաղթահարման գործնական կոթողներէն մին է ան, օրրան մը՝ լաւ մարդու եւ լաւ հայո՛ւ ձեւաւորման։

Սաներ սիրեցեալ,

Այս բոլորը լոկ լոզունգներ ըլլալէ հեռու են, որովհետեւ ե՛րբ որ կայ Դպրեվանքը եւ ո՛ւր որ կայ դպրեվանքցին, այնտեղ ինքնաբերաբար զգալի, նոյնիսկ շօշափելի կը դառնան եղբայրսիրութիւնն ու զօրակցութիւնը։ Որպէս մեր ժողովուրդի ամենահամեստ խաւերու զաւակներ՝ դուք ճակատագրի ժլատութիւնը յաղթահարած էք կեանքի դաժան պայքարին մէջ՝ իրարու տէր կանգնելով։ Դպրոցին կողմէ ձեզի տրուած ուսումով, նոյնպէս դպրոցին ձեզի պարգեւած եղբայրութեամբ կատարելապէս զինուած էք կեանքի փորձութիւններուն դէմ։ Ձեր զօրակցութեան շնորհիւ դպրեվանքցիները մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս կը համարուին աշխարհատարած ազդու ցանց մը։ Ձեր զօրակցութեան շնորհիւ այսօր նախանձելի դիրքի մը վրայ կը մնայ Սուրբ Խաչ դպրեվանքը, որ բոլոր ուղղութիւններով կ՚ունենայ նորանոր նուաճումներ։ Մեր մշտական աղօթքներուն առարկայ է ատենապետ փրոֆ. Թորոս Ալճանի կողմէ գլխաւորուած պատուարժան խնամակալութիւնը, որ իր նախաձեռնութիւններով նոր հորիզոններ կ՚ուրուագծէ Դպրեվանքին առջեւ։ Մեր կոչն ու յորդորն է, որ աշխարհասփիւռ սաներդ միշտ զօրավիգ ըլլաք պատուարժան խնամակալութեան ծրագիրներուն։

Դպրեվանքցիներու տարեկան հաւաքներ կազմակերպելու գեղեցիկ աւանդութիւնը երբ այս տարի Փարիզի մէջ կը գտնէ իր շարունակութիւնը, մենք ալ, մեր կարգին, կը շնորհաւորենք 25 եւ 50-ամեայ շրջանաւարտ մեր դպրեվանքցի եղբայրները: Մեր աղօթքն ու մաղթանքն է, որ այս համախմբումը ծնունդ տայ նոր միտքերու, վերանորոգ աշխուժութեան՝ կատարելագործելու համար Դպրեվանքի գործունէութիւնը եւ բարձրացնելու անոր առաքելութեան արդիւնաւէտութիւնը։ Չմոռնանք, որ զօրակցութիւնը մեր պատմութենէն հասած հրամայական մըն է եւ դպրեվանքցիներու ոգիին յարիր է անոր նկատմամբ հաւատարմութիւնը։ Նոյնպէս չմոռնանք, որ եղբայրներու մէկտեղումով ծնունդ կ՚առնէ անկեղծ սիրոյ մթնոլորտ մը, որմէ անպակաս են մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը եւ մեր Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ օրհնութիւնը։

Ողջ լերուք ի Տէր եւ Բարձրեալն Աստուած անսասան պահէ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մեծ ընտանիքի եղբայրութիւնը։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F20-05-2019-հայրական-ողջոյն-եւ-բիւր-օրհնութիւն՝-ս-խաչ-դպրեվանքի-սաներու-փարիզի-հաւաքի

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın