İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍՕՅԼՈՒ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սօյլու յետմիջօրէին այցելեց Պատրիարքարան։ Գումգաբուի մէջ նախարարը հիւրընկալուեցաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ . Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ, որու կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Ներկայ էին նաեւ Կրօնական ժողովի անդամները։ Զրոյցը տեղի ունեցաւ դռնփակ։

Առայժմ զրոյցի բովանդակութեան մասին մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։

http://213.232.51.219/content/լրահոս%2F13-05-2019-նախարար-սօյլու-այցելեց-գումգաբու?fbclid=IwAR1dXH76Cfyz_Nn0bZ-48iefyfxhX864xT_qTIEKr4fb6jYCop5UG-QG4yE

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın