İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵՆԷՆ ԿԸ ՎԱԽՆԱՅ

«Երկիր».- ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցի ընթացքին խօսելով Իտալիոյ եւ Փորթուկալի խորհրդարաններուն կողմէ ընդունուած բանաձեւերու մասին` յայտնեց, որ իւրաքանչիւր երկրի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ Թուրքիան  աւելի  կը մեկուսացնէ:

Համբարեան դիտել տուաւ. «Անոնք կը տեսնեն ընդհանուր խաղատախտակը եւ գիտեն, որ իրենց ուժն ու դիրքերը կը կորսնցնեն: Անոնք յուսահատութեան մէջ են, ճատրակի լեզուով այսպէս կոչուած` «մաթի» վիճակի մէջ են, որովհետեւ այդքան մեծ ջանքեր գործադրելով ցեղասպանութեան ժխտման քաղաքականութեան մէջ` անոնք գիտեն, որ, միեւնոյնն է, չեն կրնար արդարադատութեան հաստատումը խոչընդոտել»:

Ցեղասպանութեան ժխտումը Հայաստանին սպառնալիք է:

Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակի ղեկավարը նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի 24 Ապրիլի  յայտարարութեան եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պատասխանին անդրադարձաւ: Էրտողան մէկ դար առաջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններու մասին լկտի եւ ցինիկ (շնական«Գ.») արտայայտութիւններ ունեցած էր՝  ըսելով, թէ «Արեւելեան Անատոլիոյ մահմետականները, անգամ կիները, երեխաներն ու ծերերը կոտորող հայկական հրոսակախումբերն ու անոնց աջակիցներու տեղահանութիւնը ամենաողջմիտ որոշումն էր, որ նման պայմաններու մէջ կարելի էր իրականացնել»: Նիկոլ Փաշինեան պատասխանած էր, որ Էրտողանի 24 Ապրիլին նման յայտարարութիւն կատարելը հայ ժողովուրդի հանդէպ ծայրայեղ ատելութեան խօսք եւ ողջ մարդկութեան համար խորին վիրաւորանք է:

Արամ Համբարեան Էրտողանի յայտարարութեան դէմ  Հայաստանի վարչապետի կոշտ արձագանգը ողջունած է ըսելով. «Բոլոր հայերը մեր հայրենիքին մէջ եւ ողջ աշխարհով մէկ, Թուրքիոյ ժխտողականութիւնը կոտրելու ընդհանուր պատասխանատուութիւն կը կրեն, հաստատելով Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը եւ թոյլ չտալով Անգարային այս յանցագործութեան համար արդարադատութեան խոչընդոտ հանդիսանալ: Մեզի համար միշտ ուրախալի է Երեւանի մէջ  ուժեղ ղեկավարութիւն տեսնել: Մենք բոլորս ալ գիտենք, որ Անգարայի ստեղծած նախադէպը ցեղասպանութիւնը անպատիժ ձգելու, Հայաստանին եւ բոլոր ազգերու անվտանգութեան սպառնալիք է: Հետեւաբար, ցեղասպանութեան ժխտման դէմ պայքարը աւելի շատ ապագային կը  վերաբերի, քան՝ անցեալին. ազգային անվտանգութեան մարտահրաւէրը շատ աւելի մեծ է, քան ազգային յիշատակը»:

Թուրքիան արդարադատութենէն կը վախնայ:

Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման  առնչուած վերջերս  մէկ այլ ուշագրաւ իրադարձութիւն տեղի ունեցաւ:

Մամուլի մէջ  տեղեկութիւն տարածուեցաւ, թէ  ԱՄՆ-ի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը յայտնի քոնկրէսական Ատամ Շիֆին տնտեսապէս աջակցիլ խոստացած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւի յառաջընթացին համար: Շուտով, սակայն, պարզուեցաւ, որ տեղեկութիւնը կեղծ է: Ատամ Շիֆ յայտարարեց, որ իր անունով գործող կեղծ կայք  բացուած է եւ իր եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանի հանդիպման մասին իրականութեան չհամապատասխանող հաղորդագրութիւն կը տարածուի:

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան այս դէպքը եւս Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան ծիրէն ներս կը համարէ:

Համբարեան տարածուած ապատեղեկատուութիւնը հետեւեալ կերպով կը  մեկնաբանէ. «Աւելի քան մէկ դարէ ի վեր, Անգարայի դաշնակիցները կեղծ լուրեր  կը տարածեն, որ համաշխարհային պատմութեան մէջ յանցագործութիւնը թաքուն պահելու ամենախոշոր ու ամենաերկարատեւ դէպքն է: Անոնք ճշմարտութեան դէմ կը պայքարին, որովհետեւ արդարադատութենէն կը վախնան»:

http://www.kantsasar.com/news/2019/05/06/44864/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın