İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ԱԿԱՆԱԶԵՐԾՆԵՐԸ 25 ՀԱԶԱՐ 290 ՔՄ. ՏԱՐԱԾՔ ԱԿԱՆԱԶԵՐԾԱԾ ԵՆ

Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ մարդասիրական առաքելութիւն կատարող հայ մասնագէտներու խումբի ականազերծները 19 Փետրուարէն 2 Մայիս թեքնիք հետազօտութեան եւ մաքրման աշխատանքներու ընթացքին 25 հազար 290 քմ. տարածք ականազերծած են:

Այս տեղեկութիւնը արձանագրուած է «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն»ի՝ ՊՈԱԿ-ի էջին վրայ:

 «Յայտնաբերուած են հակահետեւակային ականներ (ՊՄՆ-2` 11 հատ, ՄՕՆ-50` 2 հատ), հակափոխադրամիջոցային ականներ (ՏՄ- 62` 9 հատ, SB – 80` 1 հատ), ձեռքի նռնակ (Ֆ-1` 3 հատ), ռազմամթերք` 1 հատ, ինքնաշէն` 2 հատ: Մարդասիրական խումբի բժիշկները հետազօտական եւ վիրաբուժական բնոյթի բուժօգնութիւն ցուցաբերած են հարիւրաւոր քաղաքացիներու: Կատարուած են նաեւ բուժական, կենսաքիմիական եւ տարրալուծական հետազօտութիւններ: Հայ մասնագէտները կը շարունակեն իրենց մարդասիրաան առաքելութիւնը», արձանագրուած է ՊՈԱԿ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

http://www.kantsasar.com/news/2019/05/06/44868/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın