İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հալէպեան Համայնապատկեր – 2

Մանուէլ Քէշիշեան

Այսօր ընկերոջ մը հետ Հալէպի բերդ գացինք: Քալելով գացինք: Անցանք Ճիտէյտիէն, ուր «Սէհէթ Էլ-Հաթապ»ը՝ «Փայտի հրապարակ»ը քարերու կոյտ մըն է տակաւին: Կը յիշէ՞ք այս հրապարակը, ոսկերիչներու իր հարուստ շուկայով, կողքի հռչակաւոր ձկնավաճար Ապու Ահմէտը կը յիշէ՞ք: Անթիքի խանութները կը յիշէ՞ք: Հալէպցիներն ու հազարաւոր թուրիսթները մաքնիսի պէս իրեն  քաշող Հալէպեան հին տուն մը ճաշարանի վերածուած Նարպէկեանի «Սիսի»՝ «Սիս»ը կը յիշէ՞ք. ինչպէ՞ս կրնաք մոռցած ըլլալ: Հապա Պարսումեան եղբայրներու, «Աուճէթ Քէյէլլի»ի մէջ գտնուող, թանգարանի նմանող հնութիւններու խանութը՞, որ նաեւ իր տիրոջ Ռուբէն Պարսումեանին շնորհիւ վերածուած էր մտաւորականներու հանդիպման վայրի:

ՍԷՀԷԹ ԷԼ ՀԱԹԱՊ՝ ՓԱՅՏԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿ

Հիմա այս ամէնը չկան, աւելի ճիշդ՝ կան անոնց աւերակները, որոնք Հալէպի ազատագրութեան օրէն՝ երկուքուկէս տարիէ ի վեր կը մնան նոյն լքեալ վիճակին մէջ: Այո՛, եթէ հանրային կառոյցներէն մաս մը՝ դպրոց, եկեղեցի, Օմմայա  պատմական մզկիթը եւայլն, կը վերանորոգուին, ապա մատի վրայ կը համրուին սեփական տուներու եւ խանութներու նորոգութիւնները, Հալէպի քանդուած մասերու ամբողջ թաղամասեր կը մնան աւերակ… Սուրիոյ անընկճելի վսեմաշուք նախագահի հոս հոն տեղադրուած նկարներով:

Հալէպի բերդի մերձակայ թաղերն ալ նոյն քանդուած վիճակը ունին: Կը յիշէ՞ք Տագնապէն առաջ մշակութային ինչպիսի հրաշալի միջոցառումներ տեղի կ’ունենային բերդին մօտիկ Խան Շունէյի մէջ, որքա՜ն օտար նուագախումբեր համերգներ կու տային «Քնիսէթ Շիյպանի»ի մէջ… Ինչո՞ւ չքացան այս ամէնը…

Ս.Գէորգ եկեղեցին

Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ, ինչո՞ւ…

Ո՞վ վերացո՞ւց այս ամէնը, Հալէպի ամէն գեղեցիկը ո՞վ բնաջնջեց, ի՞նչ խիղճով:

Ո՞վ պիտի մատնանշէ յանցաւորները, բոլո՛ր յանցաւորները:

Հալէպի բերդը կանգուն է, Հալէպի յաւերժութեան խորհրդանիշ մնալու յաւակնոտութեամբ: ՄԵթէ մենք բոլորս, միութենականներ, դպրոցականներ, նոյնիսկ մանկապարտէզներու երախաներ, Քաղաքի ազատագրումէն ետք խումբերով կ’այցելէինք բերդ եւ ուրախ ժպիտներով կը լուսանկարուէինք ու այդ ժպտացող լուսանկարները որպէս մեր գոյութեան փաստ կը տեղադրէինք դիմատետրի մեր էջերուն վրայ, ապա վերջերս մեզի համար մեր միութենական տօնական կերուխումներու նախընտրելի մօտայիկ վայրեր դարձուցած են բերդի շրջակայ ճաշարանները:

Խորհուրդ կու տամ բերդ կամ բերդի շրջակայ ճաշարան-սրճարաններ երթալ գիշերով, որպէսզի չտեսնէք հոն տանող ճամբաներու վրայ գտնուող աւերակները, որոնք կրնան փակել ձեր ախորժակը: Այս խորհուրդը հալէպաբնակներու չի հասցէագրուիր, անոնց համար սովորական դարձած են աւերակներով վխտացող տեսարանները:

ՍԷՀԷԹ ԷԼ ՀԱԹԱՊ, ԱՆԿԻՒՆԸ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ՍԻՍԻ ՃԱՇԱՐԱՆՆ Է, ԳՄԲԷԹԸ ՄԱՐՈՆԻԹՆԵՐՈՒ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆՆ Է

-Այս մասին պիտի գրե՞ս,- հարցուց ընկերս:

-Չեմ կրնար չգրել,- ըսի եւ աւելցուցի.-Ցաւով պիտի գրեմ:

-Իմ մասիս ալ գրէ:

-Ի՞նչ գրեմ:

-Գրէ՛, որ յիմարութիւն ըրի հոս մնալով: Գրէ՛, որ ես այլեւս լաւատես չեմ: լաւատեսութիւնը ինքնախաբէութիւն է:

Քիչ թէ շատ լաւ վիճակ մը ունի զրուցակիցս, առեւտրական է: Տագնապի ամբողջ ընթացքին ձեռնածալ չէ նստած, ձեւը գտած է արտասահմանեան զանազան երկիրներէ ներմուծումներ կատարելու եւ ներմուծուած ապրանքները ծովեզերքէն Հալէպ փոխադրելու:

Հիմա սակայն օրերով փակ կը պահէ գործատեղին, կը վախնայ որ մաքսատան պաշտօնեաները խուզարկութեան գան:

-Թող գան, խուզարկեն, չէ՞ որ դուն մի՛շտ ալ օրինաւոր աշխատած ես:

ՀՐԷԱԿԱՆ ՆԱԽԿԻՆ ՍԻՆԱԿՈԿ՝ ԲԵՐԴԷՆ ՈՉ ՇԱՏ ՀԵՌՈՒ

-Այո՛ , ես օրինաւոր աշխատած եմ, բայց մաքսատան պաշտօնեանրը անօրէն են: Գիտե՞ս որ եթէ խանութ մը մտնեն, անպայման անօրինականութիւն մը կը յայտնաբերեն, չյայտնաբերեն ալ, քանի մը միլիոն չառած չեն երթար…

Հալէպցի այս վաճառականը չի ստեր. մաքսատան պաշտօնեաները ամէն տեղ են, անոնք գիշեր-ցերեկ խուզարկութիւններ կը կատարեն, ոչ միայն քաղաքէ-քաղաք ապրանքատար մեքենաները այլ քաղաքին մէջ իսկ տեղէ մը տեղ ապրանք փոխադրող ինքնաշարժերը կը քննեն եւ …կը տուգանեն, կաշառք կը վերցնեն. անոնք կը հպարտանան, որ պետական պիւտճէ միլիառաւոր սուրիական լիրա կը մտցնեն.ասիկա սուտ չէ, բայց նաեւ ճիշդ է այն, որ իրենց գրպաններն ալ ոչ արհամարհելի քանակութեամբ փող կը մտնէ: Կը կարծեմ, թէ պետութիւնը կը սխալի, որովհետեւ իր քսակը մտած դրամը շատ բան պիտի չփոխէ իր պիւտճէյէն, մինչ անհամեմատ պիտի տկարացնէ առեւտրականները, որոնք Սուրիան կանգուն պահող սիւներէն մին են: ժողովուրդին աղքատութիւնը պիտի չօգնէ պետութեան վերականգնումին, մինչ շատեր անյուսօրէն կը բողոքեն եւ միակ արտայայտութիւնը զղջումը կ’ըլլայ, զղջում տագնապի տարիներուն այս երկրին կառչած մնալնուն.

ՀԻՆ ՀԱԼԷՊԻ ԲԱՆՈՒԿ ՇՈՒԿԱՆԵՐԷՆ

-Պէտք է մենք ալ երթայինք, ի զուր մնացինք, պետութիւնը փոխանակ օգնելու մեզի, մեզ սնանկացնել կը ջանայ կարծես:

Այս իրավիճակին Սուրիոյ մէջ ամենացայտուն կերպով Հալէպ քաղաքին մէջ կը հանդիպինք: Արդէն Ամէն գէշ բան հալէպի մէջ է որ ամէնէն  շատ կը կիրարկուի: Օրինակ պէնզինի չգոյութիւնը, որ տարածուած էր Սուրիոյ մէջ, հիմա միւս քաղաքներուն մէջ համարեա իր լուծումը գտած է, մինչ Հալէպի մէջ կը շարունակուին պէնզինի կայաններ հասնելու քիլոմեթրեր երկարող հերթերը, իսկ պէնզինը կը վաճարուի սահմանափակ՝ երկու օրը 20 լիթր հանրային սպասարկման ինքնաշարժերուն, նոյն քանակութիւնը միւսերուն կը վաճարուի հինգ օրը անգամ մը: Վարորդներէն  մաս մը կը գիշերէ հերթի կանգնած, որովհետեւ այսօր իր կարգը չեկած պէնզինը վերջացած է արդէն: Ամբողջ Հալէպի փողոցները կիսափակ են այս հերթերուն հետեւանքով: Թաքսիներու վարորդները կրկնապատիկ կը գանձեն: շատ-շատեր կը նախընտրեն տեղէ տեղ երթալը իրենց ոտքերուն վստահիլ: Վերջին օրերուն պէնզինը երկու գին ունեցաւ, մինչեւ որոշ քանակութիւն գին մը, որմէ ետք կրնաս հարիւրէ յիսուն աւելի վճարելով ուզածիդ չափ գնել: Արդէն Մեր քով եթէ ծրագրուի որեւէ բան սուղցնել, նախ տագնապ կը յառաջանայ, տագնապը կը սրի եւ «սեւ շուկայ»ի մէջ տուեալ ապրանքը կը սկսի քառակի գինով վաճարուիլ, այնպէս որ երբ պետութիւնը այդ ապրանքը նախկինէն կրկնապատկուած  գինով հասանելի դարձնէ, բոլորս գոհունակութեամբ կ’ընդունինք նոր սակագիները, չէ՞ որ սեւ շուկայի գիները նահանջելով կէսի կ’իջնեն:

ԲԵՐԴԸ ԳԻՇԵՐՈՎ

Արաբները ամէն առիթով փառք կու տան Աստուծոյ, նոյնիսկ մահուան պարագային անոնք չեն մոռնար «էլ հէմտու լիլլէհ» ըսել:

Ես ալ Աստուծոյ փառք տալով վերջակէտ կը դնեմ այս յօդուածին, փառք կու տամ, որ տակաւին կ’ապրինք, թէեւ շատ քիչ բան կայ մեզի յիշեցնող մեր ալ մարդկային էակներ ըլլալնիս եւ մարդու պէս ապրելու իրաւունք ունենալնիս:

Ուրիշ կէտ մըն ալ, կը խոստանամ «Հալէպեան համայնապատկեր»ի երրորդ մասը ուրախ բաներու մասին գրել՝ պահ մը մոռնալով մեր տխուր իրականութիւնը:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 4 Մայիս 2019

https://www.civilnet.am/news/2019/05/05/Հալէպեան-Համայնապատկեր-2/359999

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın