İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

NATIONAL GEOGRAPHIC. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՈՒՏԵՍՏՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ ՈՉ ՄԻԱՅՆ ԵՐԵՒԱԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ, ԱՅԼԵՒ ՀՈԳԻՈՎ

«Թերթ» կը հաղորդէ, որ National Geographic ամսագիրի ռուսական տարբերակը հրապարակած է յօդուած, ուր հայկական խոհանոցին անդրադարձ կը կատարուի: Յօդուածին մէջ կը խօսուի հայկական աւանդական ուտեստներու մասին, ինչպէս նաեւ հայերուն բնորոշ 9 ճաշատեսակ կը ներկայացուի: 
Յօդուածին մէջ գրուած է.«Հայկական խոհանոցը միայն խորովածն ու լաւաշը չեն կազմեր: Կան բազմաթիւ ուտեստներ, որոնց մասին, հաւանաբար, եթէ Հայաստան չէք գտնուած՝ երբեք չէք լսած: Հոս ուտեստները ոչ միայն երեւակայութեամբ կը պատրաստուին, այլեւ հոգիով: Երեւանի եւ երկրի միւս քաղաքներու գրեթէ բոլոր ճաշարաններուն մէջ կարելի է գտնել աւելուկ, աւանդական խաշ, ապուխտով հաւկիթ, տոլմա, ղափամա, ժենկէալով հաց, քաթա, հարիսա, քեալա…» Ահա այս 9 ուտեստներուն մասին կը գրէ յօդուածագիրը ու հնարաւորինս հակիրճ կերպով կը ներկայացնէ անոնց պատրաստման եղանակները: Պարբերականը խորհուրդ կու տայ Հայաստան այցելել եւ վերոնշեալ ուտեստներու մասին ոչ թէ միայն լսել, այլեւ ճաշակել զանոնք:

http://www.kantsasar.com/news/2019/05/01/44666/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın