İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՓԱՅԼԱՆ ԷՐՏՈՂԱՆԻՆ. «ԻՄ ԱՐԽԻՒԸ ՄԵԾ ՄԱՅՐՍ` ՍԻՐԱՆՈՅՇՆ Է»

«Երկիր».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Շաբաթ օր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հակահայկական եւ մերժողական յայտարարութիւններուն անդրադարձած է, ուր ան Հայաստանին եւ ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրներուն արխիւները բանալու կոչ ուղղած էր:
Փայլան իր թուիթերեան էջին մէջ գրած է. «էրտողան ըսաւ. «Իրականութիւնը փնտռելու վայրը արխիւներն են»: Անատոլիոյ մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայ արխիւ է, փաստաթուղթ է: Իմ փաստաթուղթն ալ, արխիւն ալ մեծ մայրս` Սիրանոյշն է: Ամէն տան մէջ Սիրանոյշները իրենց թոռներուն մեծ աղէտի ընթացքին վերապրողներու մասին պատմած են: Եթէ պատրաստ էք լսելու, եկէք պատմենք: Մեր փաստաթուղթերով: Թրքերէն»:

http://www.kantsasar.com/news/2019/05/01/44670/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın