İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒՍԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան եւ Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան 30 Ապրիլ 2019, Երեքշաբթի, ժամը 17.00-ին ներկայացան Կուսակալ Ալի Երլիգայայի։
Անոնք Պատրիարքական Ընտրութեան ձեռնարկելու համար գրաւոր դիմում կատարեցին։ Կուսակալն ալ իր կարգին նախ ցաւակցեցաւ Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր վախճանման առթիւ, ապա խոստացաւ ամենակարճ ժամանակին Անգարայէն ապահովել անհրաժեշտ պատասխանը։
Սրբազան հայրերը սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած ընդունելութենէն ետք մեկնեցան։

https://www.facebook.com/127576530735572/posts/1204453176381230/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın