İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՆՇՐՋԱԴԱՐՁԵԼԻ ՓՈՒԼ

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը 85-րդ գահակալով օժտելու ուղղեալ գործընթացը երէկ յետմիջօրէին պաշտօնապէս սկիզբ առաւ՝ Կրօնական ժողովի Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցած նիստին զուգահեռ։ Սա այլեւս անշրջադարձելի փուլ մըն է, որու վերաբերեալ յառաջիկայ իրադարձութիւններուն կը սպասուի անմիջական ուշադրութեամբ։

Կրօնական ժողովը երէկ գումարուեցաւ՝ նախագահութեամբ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ ատենապետութեամբ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։ Մեր յարակից սիւնակին մէջ հրատարակուած է Կրօնական ժողովի դիւանին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական զեկոյցը։ Մինչ թրքահայութիւնը այլեւս կ՚ընթանայ դէպի ընտրութիւն, այսօր յետմիջօրէին Իսթանպուլի նահանգապետարան կ՚այցելեն Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Անոնք կուսակալութեան կը ներկայացնեն պաշտօնական դիմումը պատրիարքական ընտրութեան մասին։

Կրօնական ժողովի երէկուան նիստէն առաջ օրակարգը արդէն յայտնի էր։ Ժողովական հայրերը երկարատեւ քննարկումներ ծաւալեցին երկու տարբերակներու շուրջ։ Առաջին տարբերակը կը նախատեսէր ներկայիս ձեւաւորուած պայմաններով, պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի գլխաւորութեամբ անմիջապէս սկիզբ տալ ընտրութեան գործընթացին։ Երկրորդ տարբերակը կը նախատեսէր ընտրել պատրիարքական տեղապահ մը՝ որպէս գործընթացի սկիզբ։ Այս տարբերակը Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի վերջին յայտարարութիւններու լոյսին տակ դարձած էր ա՛լ աւելի ուշագրաւ։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, ժողովական հայրերը բուռն քննարկումներ ծաւալեցին եւ ի վերջոյ որոշեցին ձեռնարկել գաղտնի քուէարկութեան։ Հուսկ, քուէարկութեան արդիւնքի հիման վրայ որդեգրուեցաւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը ընդհանուր փոխանորդի գլխաւորութեամբ յառաջ տանելու ճանապարհը։ Կուսակալութեան ներկայացուելիք դիմումն ալ այս պայմաններուն ներքեւ կը ստորագրուի Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։

Հրապարակուած պաշտօնական զեկոյցը բաւական սեղմ տեղեկութիւններ կը բովանդակէ մանրամասնութիւններ չի ցոլացներ։ Յամենայնդէպս, տրամաբանականօրէն կարելի է հետեւցնել, որ պատրիարքական ընտրութեան համար յառաջիկայ շրջանին նախաձեռնարկ մարմին մըն ալ պէտք է գործի լծուի եւ համապատասխան կարգադրութիւնները տակաւին կրնան ակնկալուիլ  յառաջիկային։

Այս փուլի հիմնական ձեռքբերումը այն է, որ ի վերջոյ որոշուած է առանց յապաղումի դիմում կատարել կուսակալութեան։ Թէեւ նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը սկիզբ առած է անշրջադարձելիօրէն, սակայն յառաջիկայ փուլերուն շուրջ աւելի յստակ պատկերացում մը կազմելու համար պէտք է սպասել նաեւ պատկան իշխանութիւններուն մօտ կատարուելիք դիմումի գոնէ առաջին արձագանգին։ Երէկուան ժողովի անմիջապէս յաջորդած ժամերուն կուսակալութեան կողմէ արդէն տրուած է ժամադրութիւն մը եւ սա դրական վերաբերմունքի մը ազդանշանը կրնայ համարուիլ։ Ուստի, մեր համայնքին ուշադրութիւնը ներկայիս կեդրոնացած է Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ այսօր յետմիջօրէի ժամերուն նախատեսուած ժամադրութեան արդիւնքին վրայ։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F30-04-2019-անշրջադարձելի-փուլ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın