İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ ՇՔԵՂ ՓԱՌԱՏՕՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Իտալիոյ մէջ մասնակցութիւն բերաւ շատ յատկանշական յոբելեանի մը։ Ֆլորանսայի Սան Մինիաթօ տաճարէն ներս Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ «Կրօններու փառատօն» անուանուած միջկրօնական արարողութեան։ Վատիկանի պետական քարտուղար կարտինալ Փիէթրօ Փարոլինի պաշտօնական հրաւէրով Նորին Սրբութիւնը մասնակցութիւն բերաւ այս միջկրօնական արարողութեան, որու ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։

Սան Մինիաթոն, որու անունով կոչուած է Ֆլորանսայի՝ Առնօ գետի ափի բարձունքին կանգնեցուած հոյակերտ ու պատմական տաճարը, հայազգի Ս. Մինասն է։ Այս վերջինը պատմութեան մէջ ծանօթ է այդ շրջանէն ներս կատարած քրիստոնէական քարոզութեան։ Ս. Մինաս հայազգի մարտիրոսի նահատակութեան եւ համանուն տաճարի հիմնադրութեան հազարամեակի յոբելենական տօնախմբութեան շրջանակներէն ներս կազմակերպուած էր Վեհափառ Հայրապետի մասնակցած «Կրօններու փառատօն»ը։ Ներկայ էին նաեւ Ֆլորանսայի քաղաքապետ Տարիօ Նարտելլա, կարտինալ Փարոլին, քաղաքային իշանութիւններու ներկայացուցիչներ, կաթոլիկ եւ միջկրօնական կազմակերպութիւններէ դէմքեր։

Ս. Մինասի տաճարի սրբազան կամարներուն ներքեւ Վեհափառ Հայրապետը ներկաներուն ուղղեց իր պատգամը, որու տեւողութեան մէջբերումներ ըրաւ նաեւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Աղօթամատեանէն՝ աղօթքի ու լռութեան պահու մէջ խորհրդածելու հաւատի կարեւորութեան եւ զօրութեան շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ս. Գրիգոր Նարեկացի 2015 թուականին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ հռչակուած էր՝ «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ»։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ ըսաւ.

«Մենք կու գանք երկրէ մը, որու պատմութիւնը առլցուն է հաւատի վկայութեան գործերով, ուր հողի ամէն անկիւն եւ հատիկ ներծծուած է վկաներու ու նահատակներու արիւնով, որու դարաւոր մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը խորապէս դաջ-ւած են քրիստոնէական հաւատի ներշնչող ու առինքնող կնիքով։ Մենք կու գանք երկրէ մը, ուր Փրկագործութեան պատմութիւնը՝ Նոյեան ջրհեղեղէն սկսեալ մինչեւ Փրկչի մարդեղացում բիւրեղացած ու լեռնացած է աւետարանական Արարատի վսեմ ներկայութեամբ, ուր հաւատը ազգային կեցութիւն է ու ապրելակերպ։ Ահա այս փորձառութեան ու աւանդութեան լոյսին ներքեւ այսօր ձեզի հետ կը բաժնենք մեր մտածումները այս աշխարհի մէջ Քրիստոսի Ս. Եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւորագոյն հեռանկարներէն մէկուն՝ հաւատի կարեւորութեան ու ժամանակի մասին արդի հասարակութեան մէջ»։

Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը Ս. Պօղոս առաքեալի խօսքերու հիման վրայ ամփոփեց քրիստոնէական կեանքն ու ապրելակերպը։ Այսպէս, քրիստոնեայի ընթացքը, կեանքն ու կենցաղը, ըստ առաքեալի խօսքի, հաստատուած են ո՛չ թէ երեւոյթներու, կարծիքներու կամ տեսակէտներու, այլ՝ հաւատի վրայ։ Հաւատքով քալել կը նշանակէ մեր ամբողջ կեանքն ու առաքելութիւնը, իբրեւ քրիստոնեայ, յանձնել Տիրոջ ու մեր գոյութեան բոլոր օրերուն յենուլ անոր նկատմամբ վստահութեան վրայ։

«Սիրելիներ, արդի հասարակութիւնը, հակառակ գիտաթեքնիկ ու գաղափարական յառաջընթացի արագ զարգացման, նոյնպէս կարիք ունի հաւատի», նշեց Նորին Սրբութիւնը եւ աւելցուց, որ ներկայ ժամանակներուն շատ յաճախ հաւատի մասին սխալ պատկերացումներու հետեւանքով այդ մէկը կը շփոթեն օրէնքներու եւ կանոններու ամբողջութեան հետ՝ այդպէսով եղծելով հաւատի հիմնական նշանակութիւնը։ Արդարեւ, Նորին Սրբութեան խօսքով, հաւատը ո՛չ թէ օրէնքներու եւ կանոններու ամբողջութիւն մըն է, այլ՝ նախեւառաջ յարաբերութիւն Աստուծոյ եւ մարդոց հետ, բոլորանուէր ու ամբողջական սէր առ Աստուած եւ առ մերձաւորը։ Հետեւաբար, ներկայ հասարակութիւնը կարիք ունի նորովի հասկնալու, ըմբռնելու հաւատի հրաշագործ ու խորհրդաւոր զօրութիւնը, որ աներեւակայելի ուժ մը ունի յատկապէս մարդու ներաշխարհին մէջ։ «Հաւատի առաքելութիւնը այսօր մարդն է՝ թէ՛ իբրեւ անհատ եւ թէ իբրեւ հասարակութիւն, մարդը՝ անհատական ու հասարակական իր բոլոր խնդիրներով։ Անկեղծ ու մաքուր հաւատի առաջին օրինակէն մինչեւ վաղ եկեղեցւոյ հալածանքներու ժամանակ վկայած նահատակներ, հոգեւոր ներքին մարտիրոսութեամբ սրբացած ճգնաւորներէն մինչեւ ընկերային ու հասարակական անարդարութեան դէմ պայքարող նուիրեալներ, բոլորն ալ օրինակած են քրիստոնէական հաւատի իրական, անկեղծ բովանդակութիւնը, որու նոր սահմանումը կ՚ենթադրէ անցեալի մէջ ապրած հաւատի վկաներու կեանքի ու առաքելութեան վերապատմում նո՛ր իրականութեան համար», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը եւ ընդգծեց, որ հաւատի այս նոր առաքելութիւնը չի կրնար բացառիկութեան իր բարձունքէն պարտադրուիլ մարդոց։ Նորին Սրբութիւնը շարունակեց.

«Հաւատի ճշմարտութեան այդ ենթակայական իրականութիւնը մենք իբրեւ Հայաստանեայց Եկեղեցի, զգացած ու ճանչցած ենք Ի. դարասկիզբէն, երբ մեզի պարտադրաբար հրամցուած են մարդկային մտքի եւ սկզբունքներու, երեւոյթներու հիմնուած հաւատի ճշմարտութիւններ, որոնք, սակայն, ինչպէս արդէն ցոյց տուած է պատմութիւնը, մարդկային հոգին զօրացնելու փոխարէն տկարացուցած են, հարստացնելու փոխարէն՝ աղքատացուցած, բարձրացնելու փոխարէն՝ ամուր կապած նիւթին ու նիւթականին… Մենք քաջ գիտենք, որ մարդկային կարծիքի ու տեսակէտի վրայ կառուցուած հաւատի ճշմարտութիւնը միշտ բերրի դաշտերը կը վերածէ անապատներու, ծաղկուն լեռները՝ մռայլ ու գորշ բարձունքներու։ Եւ ուրեմն, մեր օրերուն քրիստոնէական եկեղեցին իր առաքելութեան ճանապարհին պէտք է հասարակութեան մէջ ամրագրէ հաւատի ու ճշմարտութեան փոխյարաբերութեան այն բացառիկ օրինակը, որ ծնած է սրտով հաւատալէ, հասունացած առաքինի ու ճշմարիտ կեանքի գործերով եւ պտղաբերած միլիոնաւոր մարդոց կենցաղի բարելաւմամբ ու հոգեւոր արթնութեամբ։ Հաւատի վկայութիւն, որ կը յենու ո՛չ թէ մարդկային, այլ՝ աստուածային ճշմարտութեան վրայ՝ ի դէմս Յիսուս Քրիստոսի ապրած կեանքի ու փրկագործական տնօրինութեանց»։

Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը մատնանշեց, որ մեր օրերուն արդէն գրեթէ հանապազ դարձած են հաւատի ընկալման ծայրայեղ դրսեւորումները։ Մէկ կողմէ՝ հաւատի օրինակով ապրիլ կամեցող որոշ խումբեր ու անհատներ հաւատի իրենց ճշմարտութիւնը կ՚ընկալեն իբրեւ բացառող, յաճախ նաեւ բացասող երեւոյթ՝ ի հաշիւ շատ յաճախ, մեծամասնաբար այդ կարծիքը չկիսող հասարակութեան։ Միւս կողմէ, ճշմարտութեան ու հաւատի ընդելուզմամբ ծնող անանց արժէքներու նկատմամբ անհատական ու հասարակական վստահութեան զգացումը կը դիտարկուի որոշ վերապահութեամբ՝ իբրեւ բան մը, որ խիստ ներանձնական է եւ թողուած է իւրաքանչիւրի խղճին։ «Այո՛, հաւատի ճշմարտութեան ընտրութիւնը խիստ ներանձնական ու անհատական իրողութիւն մըն է, բայց անոր դրսեւորումը, քրիստոնէական եկեղեցւոյ տեսանկիւնէն, կը կերտէ ճշմարտութեան սիւն եւ հաստատութիւն հանդիսացող Աստուծոյ կենդանի եկեղեցին։ Ահա՛, այսպէս է, որ ճշմարտութեան անհատական, ներանձնական մակարդակէն հաւատը՝ իբրեւ յաւիտենական արժէքներու վրայ հիմնուած ճշմարտութիւն, կը դառնայ այս կեանքին մէջ ընթանալու անշեղ ճանապարհ։ Այսպէս ան կը նոյնանայ աստուածպաշտութեան խորհուրդ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին, որ «յայտնուեցաւ մարմնով, արդարացաւ հոգւով, երեւաց հրեշտակներուն, քարոզեց հեթանոսներու մէջ, հաւատալի եղաւ աշխարհի մէջ եւ երկինք վերադարձաւ փառքով»։ Վերջապէս այսպէս են, որ հաւատն ու ճշմարտութիւնը, նոյնանալով մարդու անհատական ընտրութեամբ, կ՚եկեղեցանան՝ կերտելով Քրիստոսի եկեղեցւոյ հաւատի առաքելութիւնը ներկայ աշխարհի մէջ», յայտնեց Վեհափառ Հայրապետը եւ եզրակացնելով ընդգծեց, որ եկեղեցւոյ հաւատի առաքելութեան նոր հեռանկարներէն մին է անցեալին հաւատի վկայութեամբ ապրած սրբակենցաղ անձերու կեանքի ու վարքի նորովի վերապրումը արդի հասարակութեան համար։

Ֆլորանսայի միջկրօնական արարողութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետը կարտինալ Փարոլինի եւ Պենետիկտեան վանական այս համալիրի վանահայր Հայր Պեռնարտոյի եւ միւս վանականներուն հետ շրջայց մը կատարեց Ֆլորանսայի հայազգի առաջին մարտիրոսի անունը կրող Սան Մինիաթոյի տաճարէն ներս, ապա աղօթք արտասանեց սուրբի նշխարներուն վրայ կառուցուած խորանին առջեւ։ Ֆլորանսայի արարողութիւններուն ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին ընկերացան Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պաշտօնական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան եւ գաւազանակիր Տ. Անանիա Վրդ. Ծատուրեան։

http://www.jamanak.com/content/եկեղեցական/29-04-2019-կրօններու-շքեղ-փառատօն

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın