İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հալէպեան Համայնապատկեր

Մանուէլ Քէշիշեան

Ապագային հանդէպ ոմանք կրնան լաւաստես ըլլալ. ո՛չ մէկը կրնայ զիրենք այպանել: Ուրիշներ կրնան յոռետես ըլլալ, ոեւէ մէկը ինքզինքին իրաւունք պէտք չէ վերապահէ զանոնք այպանելու. սակայն ամէն մարդ պարտաւոր է այսօրուան իրականութիւնը ընդունիլ այնպէս ինչպէս որ է:

Իսկ այս օրը…:

Նախ ապահովական գետնի վրայ պէտք է արձանագրել, որ վերջին շրջանին Հալէպի որոշ շրջաններ դարձած են վտանգաւոր:

Երկու տարիէ ի վեր Հալէպ քաղաքը մբողջութեամբ կը գտնուի պետական զօրքերու գերիշխանութեան տակ, սակայն անոր հարաւ արեւմտեան արուարձաններուն մէջ տակաւին կը գտնուին ծայրայեղական Ճէպհէթ Նուսրայի հազարաւոր զինեալներ, որոնք իրական վտանգ կը ներկայացնեն Հալէպ քաղաքին համար: Անոնք այս երկու տարուան ամբողջ ընթացքին երբեմն-երբեմն յիշեցուցին իրենց գոյութեան մասին՝ հրթիռներ արձակելով Հալէպի արեւմտեան ծայրամասային թաղամասերու վրայ, արձանագրուեցան դիպուկահարներու կողմէ մի քանի սպաննութեան դէպքեր: Այս դէպքերը սակայն կարծէք հայութեան չէին հետաքրքրէր որովհետեւ իրենց թաղամասերէն հեռու կը պատահէին, կարծէք Հրատ մոլորակի վրայ արձակուէին այդ զէնքերը: Վերջերս սակայն քանի մը հրթիռներ հասան «Սիրիան ճէտիտէ» քրիսոնէաշատ թաղամասը, ուր կան նաեւ մեծ թիւով հայեր, քանդուեցաւ Հայաստան փոխադրուած հայու մը տունը: Կը պատկերացնէ՞ք, մարդիկ կը մտածեն վերադառնալ, կամ գալ ու իրենց անշարժ գոյքը ծախել եւ յանկարծ կը տեղեկանան որ այլեւս իրենք տուն չունին…

Ապահովական վիճակը աւելի վտանգուեցաւ վերջին օրերը երբ ընդիմադիր զինեալները կամ ահաբեկիչները յարձակում գործեցին պետական անցարգելներու վրայ եւ սպաննեցին տասնեակ սպաներ ու զինուորներ, սպանուեցան նաեւ անզէն քաղաքացիներ, որոնց շարքին երախաներ,եւ կրակոցներու ձայները անհանգստութեան մատնեցին մեր թաղերը:

Ապահովական վիճակը կը սպասէ Սթանայի գալիք հանդիպման: Մինչ կը թուի, թէ Ամերիկան կը կարծրացնէ իր դիրքորոշումը եւ կը սրէ իրավիճակը. Ասոր վառ ապացոյցն են Սուրիոյ դաշնակից Պարսկաստանի հանդէպ անոր պարտադրած պատժամիջոցները, որոնց որպէս  անմիջական արդիւնք վառելանիւթի զգալի պակասն է Սուրիոյ մէջ: Ասոր վառ ապացոյցն է նաեւ վերջերս իր մասին շատ խօսեցնող «Կեսարիան օրէնք»ը՝ «Caesar Law»ն, զոր հաւանաբար գալիք օրերուն ստորագրէ նախագահ Թրամփը: Այս օրէնքը որ կոչուած է բանտերու մէջ չարչարանքներն ու սպաննութիւնները լուսանկարած սուրիացի ընդդիմադիր դարձած զինուորականի մը գաղտնանունով, իբր անզէն սուրիացիները պաշտպանելու միտումով, կ’ենթադրէ յաւելեալ պատժամիջոցներ կիրառել Սուրիոյ եւ Սուրիոյ հետ համագործակցող երկիրներու, ընկերութիւններու եւ կազմակերպութիւններու դէմ: Այս պատժամիջոցները կ’ընդգրկեն զէնք, վառելանիւթ, դրամական փոխանցումներ եւայլն: Ճիշդ է որ այս պատժամիջոցներէն զերծ կը մնան դեղօրայքն ու սննդեղէնը, սակայն բնականաբար պիտի ազդուին նաեւ այս բնագաւառները՝ դրամական պատճառներով: Նշենք, որ մի քանի ամսուայ մէջ ամերիկեան տոլարի արժէքը 450-էն բարձրացաւ 550-ի, ամէն ինչ նոյն եւ աւելի համեմատութեամբ ալ սուղցաւ:

Պաշտօնեաներուն ամսականները նոյնն են եւ աւելնալու ալ յոյս չկայ:

Անգործութիւնը օրէ օր կ’ընդարձակուի, սպառնալով դառնալ համատարած:

Մարդասիրական օգնութիւնները կը նուազին:Դուրսէն եկող մարդասիրական օգնութիւնները արդէն շատոնց գրեթէ դադրած են հայկական աղբիւրներէ: Հայկական կազմակերպութիւններու կողմէ տրամադրուած օգնութիւնները կու գան օտար աղբիւրներէ, մասնաւորաբար կաթոլիկ եկեղեցիներու կողմէ, որոնց միասնական բարեսիրական միութիւնը ԳԱՐԻԹԱՍ-ն է, այդ ալ այս ամիս 30% կրճատեց մեզի յատկացուած նիւթական օգնութիւնը՝ խուճապ յառաջացնելով գաղութին մէջ, չէ՞ որ գրեթէ բոլորը վարժուած էին, ըստ ընտանիքի անդամներու թիւին, ամսական աշխատավարձի նման 25000-էն 40000 սուրիական ստանալ առանց մատը մատին դպցնելու… եւ հիմա կը մեղադրեն մեր կազմակերպութիւնները անխղճութեան եւ անարդարութեան մէջ: Իսկ մեր բարեսիրական կազմակերպութիւնները կ’արդարանան ըսելով, թէ իրենք չեն կրճատողներն ու կրճատուողներու ցանկերը կազմողները՝ այլ ԳԱՐԻԹԱՍ-ը, այդպիսով խոստովանած կ’ըլլան նաեւ, որ իրենք չէին օգնութիւններ տրամադրողը… եւ զարմանալի չէ, որ շատերուն ունեցած լաւ յարաբերութիւնները կը վատնան, որովհետեւ ամէն մարդ միութենական իր ծանօթին կը դիմէ, օգնելու վերականգնել իր անունը օգնութիւն ստացողներու ցանկին մէջ, միութենական ծանօթն ալ կը դիմէ միութենական պատասխանատու իր բարեկամին, ու անարդիւնք եւ բոլոր դիմողներուն կը թուի, թէ իրենց բարեկամները չեն ուզեր օգնել զիրենք…

Է՜հ, այս է իրականութիւնը, զոր պէտք է ընդունինք, եւ փորձենք քիչ մըն ալ աշխատելով դրամ շահիլ, մանաւանդ մեզմէ անոնք, որոնք օգնութիւն ստանալը գործ դարձուցած էին (են):

Այլ ցաւալի իրականութիւն է այն, որ թացը չորին խառնուած է, իրաւմամբ անարդարացիօրէն եղած են կրճատումները:

-Ինչո՞ւ ինծի պիտի չտան, ես այրի կին մըն եմ, անաշխատունակ, ես եւ աղջիկս ենք, նիւթական ամէն միջոցէ զուրկ,- կ’ըսէ լացակումած տիկին մը ու կ’աւելցնէ.- Նայի՛ր, այս տղամարդը որ իր սեփական ինքնաշարժով եկած է օգնութիւն ստանալու… ինչո՞ւ ան պիտի ստանայ իսկ ես ո՛չ, ո՞ր գիրքին մէջ գրուած է ասիկա:

-Ես չեմ ուզեր բայց չեմ կրնար առանց օգնութեան ընտանիքս ապրեցնել: Ինչո՞ւ պիտի չստանամ, ճի՛շդ է ես կ’աշխատիմ, կինս ալ կ’աշխատի, երկուքս ալ ուսուցիչ ենք, մեր շահածը տասնհինգ օր չի բաւեր մեզի, տանտէրը տան վարձքն ալ ամսական  քառասուն հազարի բարձրացուց- կ’ըսէ երիտասարդ մը մորմոքով:   

Դուրսի հայերուն ալ օգնութիւններուն դադրիլը երկու պատրուակ ունի, առաջինը.- թէ՛, օգնութիւնները իրենց ճիշդ հասցէին չեն հասնիր, երկրորդ՝ թէ՛ անիմաստ է սուրիահայերուն Սուրիոյ մէջ օգնելը, որովհետեւ հոն գաղութը ուշ թէ կանուխ պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ…  

Այնուամենայնիւ օգնութիւնները կը շարունակուին, ոմանց գոհ ձգելով, ոմանց ալ դժգոհութիւն պատճառելով, սակայն կը մնան առօրեայ պահանջները թեթեւցնելու սահմաններուն մէջ: Մինչ, ինչպէս ըսի, ամէն ինչ օրէ օր աւելի կը սուղնայ, մարդիկ կովու կամ ոչխարի միս հազուադէպօրէն կը համտեսեն որովհետեւ մէկ քիլօ կրամը աւելի քան 4000 սուրիական լիրա է, հաւու միսը տակաւին կը մնայ հասանելի:  Նոյնիսկ կանաչեղէնն ու միրգը դադրած են ամէնօրեայ ուտելիք ըլլալէ, պատկերացուցէք Լոլիկին քիլոն կ’արժէ 400 սուրիական լիրա, ազատգեղի փոքրիկ կապոցին գինը 100 լիրա է (երբեմն յիսունի ալ կ’իջնէ եւ կամ 200-ի ալ կը բարձրանայ), պանանին մէկ քիլոն 800 լիրայէն աւելի է: Ամենամատչելին նարինջն է, որուն մէկ քիլոյին արժէքը երկու հարիւրը չ’անցնիր: Հալէպի աշխարհահռչակ անուշեղէնը հաւանաբար ամենաքիչը Հալէպի մէջ կ’ուտուի, չէ՞ որ շատ սուղ է 6,7. 8, 10 հազարի մէջ կը տարուբերին անոր գիները՝ ըստ ծախուած տեղին եւ ըստ բաղադրութեան: Ճաշարան երթալու մասին շատ քիչ անգամ պէտք է մտածենք, իւրաքանչիւր անձի համար, եթէ գրեթէ բան չուտենք, ամենաքիչը 2500 պիտի վճարենք, իսկ լաւ ճաշարաններուն հաշիւը մի՛ հարցնէք՝ չորս հոգիանոց ընտանիք մը եթէ ուզէ անոնց դռնէն ներս մտնել, մի քանի ժամ անյարմար զգալով նստիլ, հաշուով ապսպրել, ապա  մէկ ամսուան աշխատավարձը հոն ձգելով, առանց հաճոյք ստացած ըլլալու դառնութեամբ տուն պիտի վերադառնայ:  

Կը մնայ արձանագրել, որ մեր ամսականները տակաւին կը տարուբերին 30000-էն 50000-ի միջեւ, նուազ քան 60-100 ամերիկեան տոլարը, իսկ ըստ անկախ հետզօտութիւններու եզրակացութեան, սուրիացի ընտանիք մը պէտք ունի ամսական նուազագոյնը 150000-ի՝ քիչ մը մարդանման ապրելու համար…

Շարունակելի

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 21 Ապրիլ 2019

https://www.civilnet.am/news/2019/04/28/Հալէպեան-Համայնապատկեր/359583

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın