İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՆՈՒԻՐԵԱԼԸ

Մարիանա Պէրթիզլեան Ղազարեան

«… Հիացումով դիտելով տիեզերքի պարզ ու աստղալից գիշերը, երիտասարդը տարիներ շարունակ չոր ուսմունք սերտելէ աւելի համեստութիւն պիտի սորվի. ան պիտի տեսնէ, թէ տիեզերքի մէջ ինչ չնչին տեղ կը գրաւենք մենք եւ մեր փոքրիկ երկիրը։ Ան պէտք է իր երիտասարդութեան տարիներուն սորվի ծունկի իջնել յաւերժութեան առջեւ, ունկնդրել անսահման տիեզերքին լռութիւնը եւ անկեղծօրէն ինքն իրեն ըսել. «Մեր փոքրիկ դառնութիւնները ի՞նչ են յաւերժական այս տաճարին համեմատ»»։ Ֆ. Նանսեն
Ֆրիտիոֆ Նանսեն, որպէս զարգացած մարդասէր, ծանօթ էր հայ ժողովուրդի եղերական պատմութեան։ Ան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին պաշտպանեց հայ ժողովուրդը։
Նանսեն ըսած է. «Դժուար է հաւատալ, որ որեւէ մէկը կրնայ ծանօթանալ այդ նշանաւոր ժողովուրդին պատմութեան՝ առանց խորապէս ցնցուելու անոր մեծ ողբերգութենէն։ Աններելի պիտի ըլլար նաեւ ժամանակակիցներուն եւ ականատեսներուն անտարբերութիւնը»։ 
Նանսեն հայ ժողովուրդի կեանքին ծանօթացաւ ոչ միայն գրականութեամբ, այլեւ սրտակեղեք դէպքերու ականատեսը դառնալով։ Այս բոլորը կը զուգադիպէին Նանսենի գիտական եւ հասարակական գործունէութեան շրջանին։ Նանսեն չէր կրնար անտարբեր մնալ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ տեղի ունեցող սահմռկեցուցիչ ցեղասպանութեան նկատմամբ: Ան վճռականօրէն դատապարտեց Եղեռնը եւ սուլթան Համիտ Բ.-ի 1894-96 թուականներուն կազմակերպած ջարդերը, որոնց զոհ գացին 300.000 հայեր: 
Նանսեն իր գրութիւններուն մէջ սրտցաւօրէն կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս Կ.Պոլոյ,Վանի, Էրզըրումի, Տրապիզոնի, Սեբաստիոյ, Խարբերդի եւ բազում վայրերու մէջ հայերու արիւնը գետի պէս կը հոսէր։
Ան կը պարզէ, թէ ինչպէ՛ս եւրոպական տէրութիւնները, հակառակ իրենց խոստումներուն, հայերուն վիճակը բարելաւելու համար ոչ մէկ քայլի նախաձեռնեցին։ Նանսեն կը գրէ. «Եւրոպայի մէջ հայերու սրտառուչ բարեկամներ օգնութիւն ղրկեցին, որպէսզի անոնց կարիքները մեղմացնեն, բայց եւրոպական պետութիւնները շօշափելի ոչ մէկ բան ըրին, իսկ Գերմանիան դարձաւ գաղութատիրական Թուրքիոյ հովանաւորը եւ աջակցեցաւ հայերու կոտորածի իրականացման»։
«Պատմութեան մէջ իր նմանը չունէր գերմանա-թրքական զինակցութեան արդիւնքով կազմուած հրէշային ծրագիրը, որ իրականացաւ սատիստական կատաղութեամբ: Հայերը Կիլիկիոյ, Ատանայի ու Միջագետքի բոլոր գիւղերէն ու քաղաքներէն քշուեցան դէպի մահուան երթեր։ Կը դատարկուէին շրջանները մէկը միւսին ետեւէն. ամէն բան կ’ոչնչացուէր, այն ամէնը, որ հայուն կեանք կրնար տալ տակաւին…», կ’ընդգծէ Նանսեն։
Աւելին. ան կը շեշտէ, որ Համաշխարհային Ա. Պատերազմի ընթացքին հայերու զանգուածային բնաջնջումը իր ծաւալով եւ դաժանութեամբ կը գերազանցէր մինչ այդ տեղի ունեցած բոլոր կոտորածները։ Ան ամենայն անկեղծութեամբ եւ բարեացակամութեամբ նուիրուեցաւ հայ գաղթականութեան ծառայութեան գործին։
«Նանսեն ամբողջ գիրք մը նուիրած է հայ ժողովուրդի պատմութեան, նկարագրած է անոր ողբերգական եւ հերոսական ուղին, բացայայտած է հայ մշակոյթին տեղն ու դերը համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ՝ դատապարտելով օտարերկրեայ տիրապետութեան հալածանքները: Մերկացուցած է արեւմտեան կառավարիչներուն կեղծ խոստումներն ու նենգամիտ դաւերը», (Մ. Արզումանեան, «Նանսենը եւ Հայաստանը», Երեւան,1986)։
«Եւրոպական ժողովուրդներն ու պետական գործիչները յոգներ են հայկական հարցէն։ Այդ հարցը անոնք ձախողեցուցին։ Հայաստան անունը անոնց նիրհած խիղճին խորքը սոսկ ուրացուած կամ չկատարուած խոստումներու տհաճ յիշողութիւններ կ’արթնցնէ ։ Անոնք ոչ մէկ Ճիգ գործադրեցին իրենց խոստումները կատարելու համար, քանի որ Հայաստան չունէր քարիւղի եւ ոսկիի հանքավայրեր։ Կը կարեկցիմ հայ ժողովուրդին, որ խճճուեցաւ եւրոպական քաղաքականութեան մէջ», կը յայտնէ Նանսեն։
Ան էր, որ յաջողեցաւ Ազգերու Լիկային ճամբով ցեղասպանութենէն մազապուրծ, թշուառութեան մէջ յայտնուած հայ գաղթականները տեղափոխել Խորհրդային Հայաստան։ Այցելեց Կիւմրիի որբանոցներուն, մանկատուներուն եւ դպրոցներուն մէջ տեղադրուած տասնմէկ հազար որբերուն, որոնք կը կազմէին աշխարհի որբերուն ամենամեծ թիւը: Իր իսկ վկայութեամբ, այդ որբերը խլուած էին մահուան ճիրաններէն։
Նանսեն, ըլլալով բազմակողմանի զարգացած, գիտնական մարդ, ուսանողութեան տարիներէն իսկ շատ լաւ ծանօթ էր հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի զարգացման մէջ անոր ունեցած տեղին ու դերին: Նանսեն նախքան Հայաստան այցելելը արդէն խոր համակրանք կը տածէր հայ ժողովուրդին նկատմամբ։
«Հայ դատի Նուիրեալը. Ֆ. Նանսեն» աշխատութիւնը Նանսենի մասին է։ Հայաստանի մէջ Նանսենի մասին հրատարակուող գրականութիւնը ֆինանսաւորած է Ֆ.Ն.-ի հիմնադրամը: Հիմնադրամի հրատարակած գիրքերը, յօդուածները նոր լոյս կը սփռեն մեծ մարդասէրին հայանպաստ գործունէութեան վրայ։
Նանսենի «Խաբուած Ժողովուրդ» գիրքը «Դէպի հարաւ…» բառերով կը բացուի: Նանսեն կ’ըսէ.«Կ’երթանք դէպի հարաւ, ժամանակներու յարափոփոխ ընթացքին մէջ, ինչ-որ բանով օգնելու մեծ տէրութիւններու երկպարակութիւններէն ամէնէն շատ տուժած փոքր ժողովուրդի մը՝ գոյութեան իր բուռն պայքարին մէջ»։ Այս գիրքը Հայաստանի եւ Հայ ժողովուրդին նուիրուած լաւագոյն գիրքերէն մէկն է։
1918-ին Ազգերու Լիկայի ստեղծման գաղափարը ջերմ արձագանգ գտաւ Նորվեկիոյ մէջ։ Կազմակերպութիւնը նախագահ ընտրեց Նանսենը, որ գործուն մասնակցութիւն ունեցաւ լիկայի աշխատանքային ծրագրերու իրականացման մէջ: Ան իր գործունէութեան սկիզբէն մինչեւ իր կեանքին վերջը հանդէս եկաւ որպէս խաղաղութեան եւ նոր պատերազմի կանխման հետեւողական մարտիկ։ «Ազգերու Լիկայի առաջին եւ կարեւորագոյն մարտահրաւէրն է ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որոնք երկրին վրայ խաղաղութիւն կ’ապահովեն եւ ընդմիշտ կը բացառեն նոր պատերազմի կարելիութիւնն ու անցեալ սարսափներու կրկնութիւնը», կը մատնանշէ Նանսեն։ Անոր կարծիքով, Ազգերու Լիկան պէտք էր նոր կարգ հաստատէր միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ՝ հիմնուելով միջազգային իրաւունքի եւ օրէնքի վրայ, ոչ թէ՝ ուժի։ 1920-ին Նանսեն կ’ընտրուի լիկայի Նորվեկիոյ պատուիրակութ եան անդամ, իսկ 1921-1929-ին՝ լիկայի ներկայացուցիչ եւ ղեկավար։ Ան էական կը համարէր պայքարը յանուն խաղաղութեան հաստատման։ Կը յուսար իրականացնել խաղաղութեան իր վաղեմի երազանքը։
1918-ին Ժնեւի Միջազգային Համագումարին, Նանսեն նշանակուեցաւ Ազգերու Լիկայի սովեալներուն օգնութիւն ցուցաբերելու գլխաւոր յանձնակատար։ Իր պարտականութիւնն էր համաձայնութեան եզրեր գտնել անհաշտ զանազան կողմերու միջեւ:
Նանսեն մեծ յոյսեր կապած էր Ազգերու Լիկային հետ։ 1920-ի աշնան, երբ առաջին նստաշրջանին կը քննարկուէր Հայաստանի հարցը, ան ըսաւ. «Սահմաններու հարցին շուրջ վիճելէ առաջ, պէտք է փրկենք հայ ժողովուրդը ոչնչացումէ, որպէսզի այդ երկրին մէջ մարդ մնայ բնակելու համար… Իւրաքանչիւր օր խիստ կարեւոր նշանակութիւն ունի։ Մինչ մենք այստեղ կը վիճինք, այնտեղ հայ ժողովուրդը կրնայ ջարդուիլ»։ 
Նանսեն իր պատկառելի տարիքին՝ 64 տարեկանին, գերադասեց անձամբ մեկնիլ Հայաստան եւ ամէն ինչ տեսնել իր սեփական աչքերով։ Ան կըսէ.«Ես շատ կ’ափսոսայի եթէ իմ որեւէ թերութեան կամ անհոգութեան հետեւանքով, որեւէ չափով տուժէր հայկական հարցը»։
Խորհրդային իշխանութեան եւ Ամերիկայի օգնութան վարչութեան փոխադարձ անվստահութիւնը իր գագաթնակէտին հասած էր, երբ գործը ստանձնեց Նանսեն։ Նանսենի աշխատանքը վտանգաւոր էր ոչ միայն համաճարակներուն, այլեւ երկրին մէջ ծայր առած քաղաքական հալածանքներուն պատճառով։ Հակառակ մտահոգիչ կացութեան եւ պայմաններուն,Նանսենի աշխատակազմը կը շարունակէր արձագանգել անոր մարդասիրական կոչին։ Նանսենի ծանրոցները փրկութիւն բերին միլիոնաւոր մարդոց։ Գաղթականներ տեղափոխելու եւ վերաբնակեցնելու հարցին մէջ եւս Նանսեն կը դիմագրաւէր նոյն հարցերը՝ կասկածամտութիւն, թերահաւատութիւն եւ հիասթափութիւն։ Ռուսաստանի մէջ անոր մարդասիրական աշխատանքներուն լուրը, սակայն, հասնելով Եղեռնէն արիւնաքամ եղած Հայաստան, յոյսի կայծեր կը յառաջացնէ հայ մտաւորականներուն եւ ազգային գործիչներուն մօտ։ Տեղահանուած հայ ժողովուրդին անվերջանալի կարաւանները տարածուած էին աշխարհով մէկ։ Ճիշդ այդ տարիներուն Նանսեն սիրեց եւ խորապէս ճանչցաւ հայ ժողովուրդը։ 1920-ին Հայաստան կը գտնուէր Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ: Այդ իսկ պատճառով, հայկական հարցը Եւրոպայի արդէն իսկ մեռած խիղճը չարթնցուց։ Նանսեն առանձին ձեռնամուխ եղաւ հայ ժողովուրդին օգնելու դժուարին գործին։ Ան 1920-ին սկսաւ ռազմագերիներու հայրենադարձութեան աշխատանքը։
Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ պահպանուած է Աւետիս Ահարոնեանէն Նանսենին ուղղուած նամակը՝ դաշնակից տէրութիւններուն կողմէ Արեւմտահայաստանը գրաւելու հարցը արծարծելու մասին, որպէսզի հայ գաղթականներուն տունդարձի առիթ ընծայուի։ Յաջորդ տարի, Ահարոնեան նամակով մը կրկին Նանսենէն կը խնդրէր Ազգերու լիկային մէջ արծարծել Էրզըրումի մէջ գտնուող ռազմագերիներուն հարցը։
1922-ին թուրքերը յայտարարեցին, որ բոլոր հայերը, յոյները եւ նոյնիսկ ոչ-մահմետական թուրքերը, 30 օրուան ընթացքին պէտք էր լքէին Թուրքիան։ Անոնց միլիառներ արժող ողջ ունեցուածքը բռնագրաւուեցաւ: «Հայերը կրկին տեղահանուեցան, իսկ Եւրոպան հանգիստ կը դիտէր», ըսաւ Նանսեն։
Նանսենի բարի կամեցողութեան եւ ջանքերուն շնորհիւ, Ազգերու Լիկան 3 Սեպտեմբեր 1923-ին որոշում գոյացուց հայ փախստականներուն տրամադրելու ժամանակաւոր անցնագրեր, որոնք պատմութեան մէջ մտան Նանսենեան անցագրեր անունով: Այդ անցագրերը Առաջին Համաշխարհային Պատերազմէն ետք տրուեցան փախստականներուն եւ քաղաքացիութիւն չունեցող անձերուն: 1922-ին Ազգերու Լիկան այս գործընթացը իրականացուց Նանսենի առաջարկով։ Իւրաքանչիւր անցագրի վրայ ամրացուած էր Նանսենի դիմանկարով նամականիշ մը։ 52 երկիրներ ճանչցան այդ անցագրերը։ Ցեղասպանութենէն փրկուած շուրջ 320.000 հայեր տարբեր երկիրներու մէջ դեգերեցան այդ անցագրերով, մինչեւ որ անոնք ստացան Հայաստանի եւ այլ երկիրներու քաղաքացիութիւն։
Նանսեն հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան համար օգտագործեց իր գիտելիքները եւ կամքը, համաշխարհային հեղինակութիւնն ու պաշտօնական դիրքը եւ օգնեց հայ գաղթականներուն։
1921-ին Ամերիկեան Օգնութեան Միութիւնը իր աշխատակիցները ունէր գրեթէ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ։
Նանսեն Ազգերու Լիկայէն եւ մեծ պետութիւններէն յուսախաբ ըլլալով, իր յառաջացած տարիքին երկար ճամբորդութիւն մը կը կատարէ՝ ամերիկեան քաղաքներէն անցնելով, որպէսզի օթեւանէ եւ սնունդէ զուրկ հայ գաղթականներուն համար դասախօսութիւններով նպաստի միջոցներ հայթայթէ։ Յանուն մէկ մանուկի առջեւ դրուող մէկ պնակ ապուրին, ան կ’օգտագործէր իր ամենավերջին միջոցը: երբ կ’անհետանային օգնութիւն ստանալու բոլոր միջոցները, Նանսեն իր լայնեզր գլախարկը կը հանէր եւ կը սկսէր փողոցի իր հանգանակութեան:
Նանսենի դուստրը հետագային հետեւեալը կը վկայէ. «Հայրս մեռաւ հայ բառը շրթներուն: Այնքա՜ն կը սիրէր հայ ժողովուրդը եւ կը սքանչանար անով»։
Այսօր գոյութիւն ունի Նանսենի նուիրուած հայերէն հսկայ գրականութիւն, որ լոյս կը սփռէ մեծ մարդասէրին կեանքին եւ գործունէութեան վրայ։
Իսկ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մասին Նանսենի թողած գրականութիւնը, նամակագրութիւնները, արխիւային նիւթերը, նկարները անոր ժառանգութեան ամէնէն արժէքաւոր մասերը կը կազմեն։
«Փայլփլուն աստղային երկինքը կեանքիդ ամենայուսալի ընկերն է, պէտք է միայն ծանօթանալ անոր։ Անիկա ընդմիշտ քեզի հետ է, մշտապէս խաղաղութիւն կու տայ, միշտ կը յիշեցնէ, որ հարցերդ, կասկածներդ դառնութիւններդ, բոլորն ալ անցողիկ մանրուքներ են», կ’ըսէ Նանսեն:
Մարդասիրութեան երկնակամարին վրայ առանձնայատուկ վեհութեամբ կը փայլփլի անկրկնելի աստղ մը՝ Նանսեն-Հիւսիսափայլը…:


Օգտագործուած աղբիւրներ.
-Մ. Արզումանեան, «Նանսենը եւ Հայաստանը»,Երեւան,1986:
-Ֆելիքս Բախչինեան, «Ֆ. Նանսենը եւ Հայաստանը», 2018:

http://www.kantsasar.com/news/2019/04/27/44580/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın