İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ՝ ԱՆԴԵՆԱԿԱՆԷՆ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԿԸ ՁԱՅՆԷ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵՆՍԱՆՈՐՈԳ ԶՕՐՈՒԹԵԱՄԲ

Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան

2019-ի Ս. Յարութեան Տաղաւարին վերանորոգութեան եւ թարմ կեանքի խորհուրդներուն առընթեր, համայնքային կեանքէ ներս զգացինք նաեւ սուգի ներկայութիւնը։ Բարեկենդանի յաջորդող օրերուն Պոլսահայ հաւատացեալներ, Պատրիարքական Աթոռոյ 84րդ գահակալ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի վախճանմամբ, իրենց մօտ գտան ազգային սուգի եւ ազգային կորուստի գաղափարը։ Համայնքային շրջանակներէ ներս տիրապետեց այս տխրալի մթնոլորտը։ Իսկ Ս. Յարութեան Տաղաւարը, իր կենսունակ զօրութեամբ աւարտին հասցուց նաեւ սուգի մթնլորտը, քանի կը հաւատանք թէ՝ Յիսուս մեռաւ եւ Յարութիւն առաւ եւ հանգուցեալներ եւս յարութիւն պիտի առնեն մեռելներէն ու անոնք պիտի տիրանան Աստուածային անշէջ լոյսին։ 

Աւելի քան քառասուն օրեր տխրահնչիւն տողերով ու խօսքերով սգացինք, Մեսրոպ Պատրիարքի կորուստի դառն կսկիծով։ Իր յիշատակները, սեւազգեստաւորուած կը տողանցէին իր սիրելիներուն մօտ։ Բայց ժամանակը ամենաարագ նաւն է այս կեանքի ծովուն մէջ, բան մը որ կ՚ընթանայ եւ իր շուրջ գտնուող շատերուն մտածումներն ու հոգեվիճակը կը փոխէ։ 

Ահա, նաւը հասաւ Ս. Յարութեան կայանին, որուն քարոզութեան նուիրուած էր Պատրիարք Հօր ամբողջական կեանքը։ Վախճանեալ մեր հոգեւոր պետը, Ս. Յարութեան յոյսով խօսեցաւ շատերուն, մխիթարեց վշտահար սրտերը, բալասան դարձաւ սուգով յուսալքուածներուն։ «Հոգիի անմահութիւն, հոգիի փրկութիւն, հոգիի խաղաղութիւն եւ հոգւոյ լոյս» գաղափարները քարոզեց իր կենդանութեան օրերուն, որուն մէջ անկիւնաքարն էր Ս. Գերեզմանէն արար աշխարհ տարածուած մեծ աւետիսը։  
Մենք եւս տօնեցինք այս մեծ կեանքի տօնը եւ սկսանք Հոգեւոր Պետին համար մեր ձեռքերը բարձրացնել Յարուցելոյն, որպէսզի Իր լուսեղէն առագաստին արժանացնէ մեր սիրելին ու հոգին լուսաւորէ՝ Աստուածային կենսանորոգ ցոլքերով։ «Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց» աւետիսը այժմ կ՚ուղղէ որ մենք սգացողի դիրքէն, դանդաղաճեմ քայլերով հրճուողի դիրքին այլափոխուինք՝ Պատրիարք Հօր շահուած ու արդիւնաւորուած կեանքը նկատի ունենալով։ Այս հաւատքը մեծ հաւատք է, որով սուգի խաւարը կը փարատի, յուզմանց մութը կ՚անհետանայ, երբ՝ յոյսի արեւը կը ծագի եւ Էական լոյսը իր ամենայն զօրութեամբ կը ճառագայթէ մեր վրայ։ 

Պահ մը մտածեցի եւ զգացի թէ՝ Քրիստոս ո՛չ միայն հոգիներու յարութիւն կրնայ տալ, այլ՝ այդ ազնիւ հոգիներէն բխած գաղափարներուն, մտածումներուն եւ իտէալներուն։ Յարութեան յաջորդող օրերուն Քրիստոսն էր, որ զգուշացուց առաքեալները, ըսելով թէ՝ Աստուծոյ Ս. Հոգիին զօրութեամբ ժամանակը պիտի գայ ու անոնք պիտի յիշեն Քրիոտոսի պատմածները ու վկաները պիտի դառնան այդ խօսքերուն (Գործք, Ա. 8)։ Հետեւաբար, Աստուծոյ զօրութիւնը կ՚առաջնորդէ որ հանգուցեալներու կեանքը օրինակները կենդանանան ու որպէս վկայութիւն՝ մեր մօտ պատգամել սկսին։ Այս մտահայեացքով ես ալ ջանացի մտածել Վախճանեալ Մեսրոպ Պատրիարքի որոշ դրուագներու մասին ու այդտեղ գտայ մեր սիրելի հոգեւոր պետէն փոխանցուած, Յարուցեալ պատգամները։ 

Բնաւ լսած է՞ք «Եթէ հոս ըլլար այսպէս կ՚ընէր եւ կամ կ՚ըսէր» խօսքը։ Որպէս իր ամենահարազատներէն մին, անարժանաբար ջանացի թարգման հանդիսանալ իր մտածումներուն, քանզի կը մտածեմ թէ՝ եթէ Պատրիարք Հայրը իր յուղարկաւորութեան օրերուն եւ յաջորդող ժամերուն մեր մէջ խօսէր, այսպէս կ՚արտայայտուէր.

«Սիրեցեալ զաւակներս,
Այսօր, պահ մը ճամբորդեցի դէպի անցեալ, 1979 թուականը, երբ իմ շատ սիրելի հոգեւոր ծնողիս՝ Շնորհք Պատրիարքի ձեռամբ ձեռնադրուած էի, որպէս կուսակրօն քահանայ։ Կոչուած էի «Հայր Մեսրոպ», որով սկսած էի համայնքիս զաւակներուն ուղեցոյց դառնալ Ս. Գիրքի ուսուցումներուն լոյսին ներքեւ։ Հաճելի էին այդ պահերը, քանի մօտս առաջին իսկ մէկ օրէն գտայ ի մասնաւորի մանուկներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ։ Իրապէս կեանքիս մեծագոյն հաճոյքն էր, հօրենական գուրգուրանքով հոգեւոր զաւակներուս երջանկութեան եւ տխուր օրերուն բաժնեկից դառնալ։ Իրենցմով սորուեցայ թէ՝ ժողովուրդի ճամբով եկեղեցւոյ եւ եկեղեցւոյ գծով Աստուծոյ ծառայելը առաւել եւս կ՚ոգեւորէր ծառայութեան կամքս։ Տարիներ եկան ու անցան եւ ես եկեղեցւոյս զաւակներուն ներկայութեամբ հոգեպէս թարմ մնալու խորհուրդին թափանցեցի։ Ուսուցանեցի եւ միեւնոյն ժամանակ շատ բաներ սորուեցայ իմ զաւակներէս։ Իրենց ներկայութեամբ ճամբորդեցի, աբեղայութենէ դէպի Պոլսոյ Պատրիարքութեան երկարող ճանապարհը։ Այս ճանապարհորդութեան օրերուն, զաւակներս թէ՛ բազմացան, թէ՛ աճեցան եւ թէ՛ զարգացան։ Կարճ տափատով պատանիներ, այլեւս ընտանիքի տէր հայրեր ու մայրեր դարձած էին։ Անոնք, ի մասնաւորի իրենց կարելիութեանց սահմաններով ազգային եւ եկեղեցական ծառայութեան մաս կազմել սկսած էին։ Ոմանք դարձան հոգեւորականներ, իսկ ոմանք՝ ազգային գործիչներ, բայց միշտ իրենց մօտ տեսայ ինձմէ փոխանցուած ծառայութեան կրակն ու տենչը։ 

Եւ ահա հասաւ, 2019 թուականը։ Երկարատեւ հիւանդութեան աւարտին, հասած էր բաժանման պահը։ «Ելայ Հօրմէն եւ եկայ աշխարհ. Դարձեալ կը թողում աշխարհը եւ կ՚երթամ Հօրը» (Յովհ. 16.28)։ Գիտեմ թէ՝ այս պահը շատ պիտի յուզէ իմ այնքան սիրելի զաւակներս։ Վստահ եմ թէ՝ դուք յուզումով պիտի դիմաւորէք Ձեր «Սրբազան Հօր» կորուստը։ Բայց պահ մը կանգ առէք եւ լսեցէք վերջին ու յաւիտենական պատգամս.

Նախ կ՚ուզեմ անհուն շնորհակալութիւնս յայտնել, բոլոր զաւակներուս, որոնք յուղարկաւորութեան արարողութեանս առթիւ ձեռք ձեռքի եւ սիրտ սրտի տուին ու իրենց «Պատրիարք Հայր»ը դէպի յաւիտենականութեան ուղարկեցին։ Պահ մը ձեզի դիտեցի անշունչ մարմինէս եւ ձեր պատրաստակամ կեցուածքը, յուզումը, միասնութիւնը ուրախութիւն պատճառեց ինծի։ Մտածեցի թէ, կեանքս պարապի չէր անցած։ Դիտեցի զաւակներս, աշակերտներս, որոնք իրենց Սրբազան Հայրը կը յիշէին ու իրեն սիրոյն կ՚աշխատէին։ Տեսայ թէ՝ 1979-էն մինչեւ այսօր շատերուն, բաւական բաներ սորուեցուցեր եմ։ Որքա՜ն մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն։ Որքա՜ն մեծ սփոփանք, վերջին ողջո՜յնին, հարիւրաւոր երիտասարդներու ներկայութիւնը տեսնել։ Եւ ահա, սիրելի զաւակներս, դուք մաս կը կազմէք այս փաղանքին, որուն վրայ շատ յոյս դրած էի։ Շնորհակալութիւն որ աշխատութիւնս ապարդիւն չմնաց ձեր կամքով եւ շնորհալութիւն ձեր բոլորիդ, քանի ձեզմով պիտի շարունակէ իմ անունս եւ թողածներս։ Յիշեցէ՛ք Ձեր Մեսրոպ Սրբազան Հայրիկը, մի մոռնա՛ք իր թողած աւանդները, սորուեցուցածները, արժէքները եւ մասնաւորապէս ապրելով ապրեցուցէք այս բոլորը։ 

«Տէր Աստուած, հոգեւոր քաղցրութեան, եղբայրսիրութեան եւ ուղղափառ հաւատքի մէջ պահէ եւ օրհնութեամբ ամրացնէ ձեզ, թող ձեր մտքերնս ու զգայարանները, ձեր սրտերն ու խորհուրդները, ձեր խօսքն ու գործը ծաղկազարդէ շնորհափայլութեամբ, հեղլով ձեր վրայ եօթնազան պայծառութեամբ լուսաճառագ շնորհները Իր Սուրբ Հոգիին։
Սիրով, օրհնութեամբ ու կարօտով…»

Այս պատգամը կը կոչեմ Անդենականէն ուղարկուած Պատրիարքական Պատգամ, որուն մէջ միշտ առաջնահերթ շեշտը կը դրուի եւ առ յաւէտ պիտի դրուի մեր հոգեւոր, մշակութային եւ բարոյական արժեքներուն վերածաղկման անհրաժեշտութիւնը։ 

Այս պատգամով յարութիւն կ՚առնեն քառասնամեայ քարոզները, մտորումները, խրատները, պատգամները, որոնք միշտ ուղղեցին մեզ զգաստութեամբ ծառայելու մեր եկեղեցւոյ ու բարձրացնել մեր ժողովուրդին վարկն ու պատիւը։ Սիրեցեալ Պատրիարք Հայր, քու պատգամդ կ՚ընդունինք որպէս սրբազան կտակ եւ անգամ մը եւս կ՚ուխտենք որ պիտի յիշենք մեր Մեսրոպ Սրբազան Հայրիկը եւ պիտի չմոռնա՛նք իր թողած աւանդները։ Մարմնաւոր բացակայութիւնդ միշտ զգալի պիտի մնայ, բայց գաղափարական ողջ ներկայութիւնդ միշտ պիտի լուսաւորէ ու առաջնորդէ քու այնքան սիրած ժողովուրդիդ զաւակները։

Որդիական սիրով, հաւատարմութեամբ ու աղօթքով։

Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան
Քարոզիչ՝ Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ 
25 Ապրիլ 2019

https://www.facebook.com/100001195888331/posts/2091794557537053?sfns=mo

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın