İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅԻՇԵԼ ՍՈՒՐԲԵՐԸ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԼՈՅՍՈՎ

Յարութիւն Աբղ. Տամատեան

«Ձեզմէ՝ շինողներէդ անարգուած այն վէմն է անիկայ, որ անկիւնաքար եղաւ. եւ չկայ փրկութիւն ուրիշ մէկու միջոցով, որովհետեւ երկնքի տակ չկայ մարդոց տրուած ուրիշ անուն, որով կարելի ըլլայ մեր փրկութիւնը» (Գործք. 4.11)

Գործք Առաքելոց գրքին մէջ կը կարդանք մենք այս տողերը եւ կը տեսնենք թէ Քրիստոսի մասին վկայութիւն տալու հիմնաքարն է՝ Քրիստոսի Ս. Յարութիւնը, Քրիստոսի աշակերտելու նախապայմանն է՝ Քրիստոսի Յարութեան դաւանութիւնը։ 

Քառասուն օրեր Մեծ Պահոց շրջանով պատրաստուեցանք եւ Աւագ Շաբթուան այս խորհրդաւոր օրերը ապրելէ յետոյ, ի վերջոյ հասանք Ս. Զատկի տօնակատարութեանց։ Ընդհանրապէս տեսանք թէ՝ Յարուցեալ Փրկիչը Իր զօրութեամբ, Իր լոյսով, Իր փառքով, Իր օրհնութեամբ կը յայտնուէր մարդկութեան իրականութեան մէջ։ Իւրաքանչիւրս ոգեւորուեցանք արարողութիւններով։ Իւրաքանչիւրս կը սպասէինք այն պահուն, որ ըսենք. «Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց»։ Իւրաքանչիւրս օրհնութեան երգերով պիտի երգէինք Քրիստոսի Ս. Յարութիւնը։ Ահա եկաւ այդ հիանալի շրջանը եւ Ս. Գիրքը մեզ կ՚առաջնորդէ որպէսզի մենք, այն հիանալի յիշատակութեան շարունակենք քառասուն օրեր։ Քրիստոս իր աշակերտներուն նոյնիսկ ըսած էր, որ չբաժնուին Ս. Երկրէն (Գործք, 1.4)։ Իսկ մեր Ս. Երկիրը, մեր եկեղեցին ու սուրբ հաւատքն է, եւ ի մասնաւորի Յարութեան հաւատքն է։ Հետեւաբար մենք քառասուն օրեր առ հասարակ պիտի տօնենք ու նշենք, Քրիստոսի Յարութեան այդ մեծ աւետիսը։ Որովհետեւ Քրիստոսի Յարութեան աւետիսը պատմութեան ընթացքը փոխեց։ Մասնաւորապէս այնպիսի ճամբայ մը բացաւ, որ նախապէս ոչ ոք կրցած էր կատարել։ Ո՛չ մէկ մարգարէ, ո՛չ մէկ թագաւոր, ո՛չ մէկ առաջնորդ, Քրիստոսի նմանողութեամբ կրցած էր գործել։ Ո՛չ մէկը մահուան դէմ յաղթանակ կրցած էր շահիլ։ Ճիշտ է թէ Հին Կտակարանին մէջ որոշ օրինակներ գոյութիւն ունին, բայց Քրիստոսի շնորհած նոր կեանքը, նոյնինքն Յարուցեալ մարմնով պայքար մղեց ու այդպէս տարբերեց շատերէն։ Իր մարմնին վրայ խաչն ու չարչարանքը կրելով, իր մարմնին վրայ մահը տեսնելով, իր մարմնով թաղուելով եւ նոյնինքն իր մարմինով յարութիւն առնելով տրուած պայքար մըն է։ Առաքեալը Քրիստոսի յարութեան զօրութիւնը շեշտելով, գեղեցկօրէն կ՚ըսէ. «Ո՞ւր է մահ քու յաղթութիւնդ, ո՞ւր է դժոխք քու խայթոցքդ»(Ա. Կորնթացիս, 15.55)։ 

Քրիստոսի յարութիւնը, մարդկութեան իրականութեան մէջ շատ բաներ փոխեց։ Նորադարձ Քրիստոնեաներ նախ իրենց հաւատքը ճանչնալ սկսան։ Քրիստոսը ճանչնալ սկսան շատեր, Քրիստոսի Աւետարանը քարոզուիլ սկսաւ։ Մենք Գործք Առաքելոց գրքին մէջ կը տեսնենք թէ՝ Քրիստոսի աստուածային ճշմարտութեան դէմ, աշխարհ կրկին փորձեց Քրիստոսի ձայնը մարել, Աստուծոյ լոյսը շիջանել, Քրիոստոսի զօրութիւնը տկարութեան այլափոխել, բայց եւ այնպէս Գործք Առաքելոց գրքին մէջ լաւապէս ականատեսը կը դառնանք որ, այս մէկը չիրականացաւ։ Քրիստոս առաքեալներու խոստացած էր. «Երբ Սուրբ Հոգին ձեր վրայ հանգչի, Աստուծոյ հոգիին զօրութեամբ պիտի յիշէք թէ ձեզ ինչեր պատմած եմ» (Գործք, 1.8)։ Ապա, Քրիստոսի խոստումը իրականացաւ։ Եւ բոլոր առաքեալներ, գլխաւորութեամբ Պետրոս Առաքեալի, սկսան իրենց Փրկչին պատգամը յիշել։ Ի՞նչ էր այդ պատգամը՝ եթէ ոչ կեանքի պատգամ։ Ի՞նչ էր այդ ճանապարհը՝ եթէ ոչ փրկութեան ճանապարհ։ Սիրելիներ, մենք կը տեսնենք թէ՝ առաքեալներ որպէս քաջ հռետորներ, քաջ քարոզիչներ, սկսան Քրիստոսի մասին խօսիլ։ Անոնք ո՛չ միայն կը խօսէին, նաեւ հրաշքներ կը գործէին Քրիստոսի անունով։ Շատ պարզ բայց այնքան զօրաւոր քանի մը բառեր օգտագործելով, իրենց հաւատքը կը միացնէին, նոյն բառերուն։ Ի՞նչ էր այդ բառերը. Նազովրեցի Թագաւոր, Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոս, տուր մեզի զօրութիւն։ Բժշկելու զօրութիւն, ուսուցանելու զօրութիւն, ուրիշներուն առջեւ եւս Ս. Յարութեան ճանապարհը բանալու զօրութիւն։

Օր մը, Պետրոս Առաքեալ նոյնպէս գործեց, երբ իր մօտ կուգար հիւանդ մը։ Առաքեալը, Իր Փրկչին անունը տալով, ըսաւ. Նազովրեցի Յիսուսի անունով, քեզ կը հրահանգեմ, ո՜վ հիւանդութիւն, հեռացիր այդ մարդու մարմնէն (Գործք, 3.7)։ Եւ ապա, հիւանդը բժշկուեցաւ։ Այդ բժկութիւնը, առիթ եղաւ որ Պետրոս Առաքեալ, անգամ մը եւս Նազովրեցի Յիսուսի՝ Յարուցեալին հիանալի պատգամը փոխանցէ, այդտեղ գտնուողներուն։ Ատեանի մը առջեւ կը գտնուէր առաքեալը եւ տեւաբար կը խօսէր ու կ՚ըսէր. Քրիստոս Խաչուեցաւ, Քրիստոս թաղուեցաւ, Քրիստոս Յարութիւն առաւ, իր ուսուցումներն ու պատգամները, սուտ վարդապետութիւն չեն։ Իր տուած խոստումը, սուտ խոստում մը չէ, քանի ճշմարտապէս իրականացաւ։ Տեսէ՛ք, Իր Յարութենէն յետոյ, Իր անունի զօրութեամբ, հիւանդներ տակաւին կը բժշկուին, իրենց հաւատքին համաձայն։

Բայց եւ այնպէս, երբ Պետրոս Առաքեալ կը կատարէր այդ մէկը, կը քարոզէր Քրիստոսի անունով, Քրիստոսի Յարութեան յոյսը փոխանցելով, իր դէմ կրկին կը գտնէր, Քրիստոսի թշմանի դարձած այդ հաւաքականութիւնը. Քահանաները, սադուկեցիները, օրէնքի ուսուցիչները։ Իւրաքանչիւրը կը մօտենային Պետրոս Առաքեալին եւ կ՚ըսէին. Դուն որո՞ւն զօրութեամբ կը գործես այդ բժշկութիւնը։ Առաքեալը կը պատասխանէր ու կ՚ըսէր. Յարուցեալ Քրիստոսին զօրութեամբ։ Այն Քրիստոսը, զոր դուք խաչեցիք, Ան Յարութիւն առաւ։ Այդ պատգամը երբ կը փոխանցէր Պետրոս Առաքեալ, գեղեցկօրէն կը տեսնենք թէ իր շուրջը գտնուողները, տալիք պատասխան չէին կրնար գտնել։ Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէին, երբ հրաշքներ կը գործուէին Քրիստոսի անունով։ Ինչպէ՞ս պիտի մերժէին Քրիստոսի ճշմարտութիւնը, քանի այդ ճշմարտութեան անունով կեանք կը գտնէր հիւանդ մը։ Ի վերջոյ անոնք, մէկ ճար գտան եւ ըսին. Քեզ կը բանտարկենք, քեզ կը մեռցնենք, մի՛ խօսիր անոր մասին։ Կ՚արգիլե՛նք, մի՛ խօսիր Քրիստոսի մասին։ Բայց Պետրոս Առաքեալ ամենայն քաջութեամբ կը պատասխանէ եւ կ՚ըսէ. Ձեզմէ անարգուած, այդ վեմն է անիկայ, որ անկիւնաքար եղաւ։ Չկայ ուրիշ փրկութեան ճամբայ մը։ Մենք առաքեալ կոչուած ենք եւ պէտք է քարոզենք այդ փրկութեան աւետիսը։ Ո՛չ մէկ զօրութիւն, մեզ հեռու կրնայ պահել այդ կոչումէն։ Ո՛չ մէկ անարգանք, ո՛չ մէկ խօսք, ո՛չ մէկ զօրութիւն աշխարհիկ, մեզ կրնայ հեռու պահել այդ սրբութենէն։ Եթէ մենք Քրիստոսը ուրանանք, ահա այդ պահուն մեռած ենք։ Եթէ մենք Քրիստոսի մասին խօսելէ դադրած ենք, այն օրը մենք ոչնչացած ենք։ Բայց մենք մեռնելու, կորսուելու համար աշխարհ չենք եկած, կործանուելու համար Քրիստոսէ չենք ընտրուած, այլ ապրելու՝ եւ Քրիստոսի խօսքով ապրեցնելու։ 

Այս պատգամը գրեթէ 2000 տարի առաջ տրուեցաւ։ Իսկ, այսօր կը գտնուինք 2019ին։ Այսօր Ս. Զատկի յաջորդող օրերուն, կեանքի առընթեր, մասամբ մեր շուրջը կը գտնուի նաեւ մահուան գաղափարը։ Ճիշտ է թէ՝ այսօր, մեր անցեալէն բղխած օր մը կը յիշատակենք, Յարութեան գաղափարին ընդմէջէն։ Այս պահուն պիտի ուզէի, յիշեցնել թէ՝ 100 տարի առաջ եւ նոյնիսկ շատ աւելի տարիներ առաջ, մեր պատմութեան էջերուն մէջ, տարբեր սուրբեր, նոյն հաւատքի կեցուածքով, Քրիստոսի անունը իրենց բերաններուն մէջ դրոշմեցին։ Ոչ՛ հուրը, ո՛չ սուրը կրցաւ Քրիստոսի հաւատքէն հեռու պահել մեր հայրերն ու պապերը։ Չկարծենք որ միայն, հարիւրաւոր տարիներ առաջ սկսաւ այս նշանաբանը։ Տակաւին առաջին դարուն կը տեսնենք այս քաջարի կեցուածքը։ Հայ Ժողովուրդին մէջ երբ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալները, Ս. Աւետարանը քարոզելու եկան, մեր մէջ յայտնուեցաւ Սանդուխտ անունով կոյս մը, որ թագաւորի նոյնինքն դուստրն էր, իշխանուհի էր։ Բայց ճանչցաւ Քրիստոսը եւ ըսաւ. Կեանքը ինձ համար Քրիստոսն է։ Կեանքը Իրմով եւ Իր Սուրբ Յարութեամբ կը սկսի։ Տակաւին այդ շրջանին, առաքելական դարուն, հեթանոս առաջնորդներ Քրիստոսի ուսուցումները անարգեցին, Քրիստոսի անունը մահուան դատապարտելու փորձը կատարեցին։ Բայց մեր առաքեալները, մեր սուրբերն ու սրբուհիները ըսին. Քրիստոսով մենք կեանք ունինք միայն ու միայն։ Այսպէս սկսաւ Հայոց մէջ Քրիստոնէութեան ընդունելութիւնը։ Սրբուհի Սանդուխտով, ապա յաջորդաբար առաջին դարերու մարտիրոսներով, հասաւ մինչեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ։ Ապա շարունակուեցաւ դարերու մէջ։ Հայերը Քրիստոնէութիւնը այնքան սիրեցին, որ նոյնինքն իրենց հաւատքին սիրոյն ռազմադաշտ իջնել յանձն առին։ Յիշենք Սուրբ Վարդանանց Զօրավարները եւ Աւարայրի վկաները։ Անոնք մեր հաւատքի սէրը նախադասութեամբ  մը ամփոփեցին. «Քրիստոնէութիւնը մեր մորթն է եւ մեր մորթին գոյնն է։ Ո՛չ ոք կրնայ մեր սրտէն եւ հոգիներէն հեռացնել Քրիստոնէութեան ներկայութիւնը»։ Հայ Ժողովուրդը, Քրիստոնէութիւնը այնքան սիրեց որ, Քրիստոսի հետ նոյնացաւ։ Եկան ժամանակներ, Հռովմէական Կայսրութեան ժամանակներէն սկսեալ, տարբեր հոսանքներ եկան եւ մեր մէջէն Քրիստոնէութիւնը հեռացնել ուզեցին։ Մեր մեծերը միշտ նոյն պատասխանով փոխադարձեցին. Երբ, Քրիստոսով նոր կեանք շահեցանք, Քրիստոսի Յարութեամբ օրհնութիւն գտանք, շատնալ սկսանք, ստեղծագործել սկսանք, ինչպէ՞ս կրնանք ձգել Քրիստոսը, ինչպէ՞ս կրնանք հեռանալ այդ զօրութենէն։ Հետեւաբար, մեր ժողովուրդը Քրիստոնէութեամբ, Սուրբ Յարութեան գաղափարով քալեց պատմութեան ընթացքին։ Քրիստոս Յարութիւն առաւ եւ նախապէս չարչարանքներ տեսաւ, Գողգոթայի ճանապարհէն անցաւ իր խաչը շալկելով ու միշտ ըսաւ. Այնքան կը սիրեմ այդ խաչը, որ փրկութիւն պիտի շնորհէ զաւակներուս։  Մեր ժողովուրդը եւս, չկարծէք որ միշտ խաղաղ օրեր ապրեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ ճամբով Քրիստոնեայ ըլլալուն հետեւանքով։ Ընդհանրապէս, նեղութիւններ կրեց վասն սիրոյն Քրիստոսի։ Չարչարուեցաւ, Քրիստոսի խաչելութեան բաժնեկից դարձաւ։ Այդ պատճառաւ է որ խաչը տեսաւ, եւ ապա՝ խաչելութեան յաջորդող Յարութեան շնորհները ճաշակեց։ 

Այսօր ճիշտ է որ, պատմութեան որոշ հատուածի մը վրայ կը կեդրոնանանք, որ մեզ կ՚առաջնորդէ յիշելու՝ հարիւր տարի առաջուան ժողովուրդի հաւատքը ։ Այդ սուրբերը, որ այսօր եկեղեցւոյ կողմէ կը յիշատակուին, նման Աւարայրի վկաներուն նոյն խօսքը արտասանեցին. Ո՛չ մահը, ո՛չ սուրը, ո՛չ հուրը մեզ մեր սուրբ հաւատքէն կրնայ հեռացնել։ Մենք Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներն ենք։ Մենք մեր հարստութիւնը կու տանք ի պահանջել հարկին, մենք մեր ընտանիքներէն կը բաժնուինք ի պահանջել հարկին, բաւ է որ Քրիստոսը մեր Փրկիչը մնայ առ յաւէտ։ Եթէ նոյնիսկ պէտք ըլլայ մեր կեանքը կը զոհենք, բայց չենք ձգեր Աստուածային այդ մեծագոյն գանձը։ 

Այսօր, տարբեր վայրերու մէջ կը նշուին սրբոց յիշատակութիւնը։ Իսկ, մենք այսօրուայ զաւակներն ենք այդ հաւատքի վկաներուն։ Եկէ՛ք այս առիթէն օգտուելով առաւել եւս մօտենանք իրենց իմացականութեան ու դաս քաղելու փորձ կատարենք։ Հաւատքի սիրոյն նահատակութեան բաժակէն ըմպած, այդ սրբադասեալ վկաները, հաւատքի սիրոյն, իրենց կեանքը ընծայաբերեցին Քրիստոսի։ Եկեղեցին կ՚ըսէ. Երանի՜ այն հաւատացեալին, որ Քրիստոսի անունով չարչարանք կրած է, քանզի Քրիստոս ըսաւ. Իմ անուանս պատճառաւ ձեզ կուսակալներու առջեւ պիտի հանեն, ձեզ պիտի ամբաստանեն, ձեզ նեղութիւն պիտի պատճառեն։ Բայց ձեր յոյսը երբեք չկորսնցնէք ու մի՛ վախնաք։ Որովհետեւ, ձեր նեղութեան պահուն ինչ որ պէտք է ըսէք, դուք չէ որ պիտի խօսիք, այլ՝ Սուրբ Հոգին։  Մեր մեծերը այդպէս կատարեցին։ Նեղութեան դիմաց, Քրիստոսի անունը փառաբանեցին։ Երբ այս աշխարհէն պիտի հեռանային, անոնց միակ խօսքը հետեւեալն էր. Նազովրեցի Յիսուս, Նազովրեցի Թագաւոր, փրկէ մեր անձերը։ Եւ ո՛չ միայն իրենց համար աղօթեցին, նաեւ աղօթեցին Առաքեալ Պետրոսի նմանութեամբ. Նազովրեցի Յիսուս, Նազովրեցի Թագաւոր, դուն փրկէ նաեւ մեր ժողովուրդի ապագայ զաւակները։ Ահա այսօր, այս պահուն, անոնց աղօթքը կը յիշատակուի մեր եկեղեցւոյ մէջ։ Եկէ՛ք լսեցէ՛ք սուրբերուն այս աղօթքը. Նազովրեցի Յիսուս, 2000ական թուականներուն, ողջ առողջ ապրող, մեծերուն պզտիկներուն, հարուստին աղքատին, Դուն առաջնորդէ, որպէսզի չլքեն իրենց լոյս հաւատքը։ 

Այսօր երբ կը յիշատակենք, այդ հիանալի վկայութիւնը, հարցում մը ուղղել կ՚ուզեմ. Մենք ո՞րքանով հաւատարիմ ենք, մեր հայրերուն։ Մեզմէ ո՞վ կրնայ ըսել թէ՝ իրենց նման հաւատք ունին, ես ալ մէջը ըլլալով։ Եթէ մենք հաւատքով զօրացած ըլլայինք իրենց նման, մեր եկեղեցիները, դպրաց դասերը, միութիւնները, հաւատքի եւ մշակութային հաստատութիւնները աւելի շատ լեցնող եւ զարգացնող ժողովուրդ կը դառնայինք։ Բայց այսօր յայտնի իրականութիւն է թէ՝ մենք կամայ եւ ակամայ կը հեռանանք մեր սուրբ հաւատքէն։ Եթէ նոյնիսկ ո՛չ ամբողջովին, գոնէ՝ պարբերաբար տկարութեան դերակատարները կը դառնանք։ Մեզմէ ո՞վ է այն քաջը, որ կրնայ ըսել թէ՝ ձեռքէն եկածը գոնէ մինչեւ վերջին կաթիլը կատարելու ճիգը վատնած է։ Ճիշտ է թէ՝ որոշ աշխատանք մը կը տանինք, բայց մեզմէ ո՞վ է այն անձը որ կատարելապէս կը նուիրուի իր եկեղեցիին ու իր ժողովուրդին սրբութիւններն ու աւանդութիւնները ողջ պահելու գործընթացին։ Այսօր, այս հարցումները կը հնչեն մեր մօտ։ Մեր սուրբ մեծերը, արդէն կը յիշատակուին Քրիստոսի կողմէ եւ մեր յիշատակութեան պէտքը չունին։ Բայց մենք զանոնք յիշատակելով, իրենց կողմէ յիշատակուելու պէտքը ունինք։ Մենք անոնց բարեխօսութեանը կը դիմենք եւ կ՚ըսենք. Ո՜վ հաւատոյ զօրաւոր սուրբեր, դուք ձեր հաւատքը ձեր կեանքով բացայայտեցիք։ Ապացոյց եղաք, օրինակ դարձաք։ Այսօր, երկնային թագաւորութեանէն բարեխօսեցէք բոլորիս համար, որպէսզի որպէս ժողովուրդ, տկարացած իր հաւատքին մէջ, վերագտնենք մեր ճշմարիտ հաւատքը եւ հաւատքէն ճառագայթող Աստուածային զօրութիւնը։ Իմանա՛նք Քրիստոսի Յարութեան իմաստը եւ Յարութեան լոյսով ու յոյսով, միատեղ աղօթելու, գործելու, ստեղծագործելու զօրութիւնը ունենանք։  

Որպէս վերջաբան պիտի ուզէի, Շնորհք Պատրիարքին խօսքերէն մէկը յիշել, քանի ինք եւս քաջաբար գիտէր իր մեծերուն հաւատքի վկայութիւնը։ «Նախ պէտք է շարժենք երկինքը, մեր աղօթքներով, որպէսզի երկինքն ալ շարժէ ջուրերը մեր եկեղեցիին աւազանին, կենդանութեան շունչ դնելու համար»։ Մեր եկեղեցին տակաւին ողջ է, մեր եկեղեցւոյ մէջ տակաւին Յարութեան աւետիսը կը փոխանցուի, մեր եկեղեցին պատրաստ է ընդունելու իր հաւատաւոր զաւակները, բայց պակաս մը կայ եւ այդ պակասը մենք ենք. այս եկեղեցիին անդամներս։ Եկէ՛ք մեր ձեռքերը բարձրացնենք դէպի երկինք, այնպէս մեծ հաւատքով մը աղօթենք, որ շարժենք երկինքը, միանանք մեր սուրբ մեծերուն յիշատակին։ Որովհետեւ նոյն Յարուցեալն ու Յարութեան յոյսն է որ մեզ կը միացնէ։ Եւ ի վերջոյ պիտի տեսնենք թէ Աստուած, ինչպէս մեծ հրաշքներ պիտի գործէ։ Ու այսպիսով մենք ալ մեր մեծերուն նման Քրիստոսի անունը դրոշմած, արժանի ըլլալու պիտի ջանանք Յարուցելոյն։ 

Եթէ Քրիստոսի անունը կրելով հանդերձ, չենք ապրիր Քրիստոնէական աւանդութիւններով, սուրբ հաւատքով, արժանի չենք մենք մեր հայրերուն ու իրենց օրհնութեան։ Մենք արժանի ըլլալու կամքը դրսեւորենք եւ Պետրոս Առաքեալի ոգիով ապրինք։ Հեռու չմնանք մեր եկեղեցւոյ սրբութիւններէն ու աւանդութիւններէն։ Միասնաբար ունենանք այս կամքը, քանզի հաւատոյ զոհերուն յիշատակը միայն ու միայն այդ պահուն իմանալի պիտի դառնայ մեր մօտ։ Աղօթե՛նք, արժանի դառնալու համար մեր եկեղեցիին, արժանի դառնալու համար սրբոց նահատակաց յիշատակին, արժանի դառնալու համար իրենց հաւատքի սիրոյն մահը յանձն առած Քրիստոսադաւան մեր սուրբերուն։

Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց, մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց։ Օրհնեալ ըլլայ նոր կեանքը, օրհնեալ մնայ նոր լուսոյ ճանապարհը մեր մէջ. Ամէն։        

24 Ապրիլ 2019                                                                     

Յարութիւն Աբղ. Տամատեան

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի

Գուզկունճուք

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın