İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆՈՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՄԸ ՇԱՀԻԼ ԱՌԱՆՑ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆՆԵՐԸ ԿՈՐՍՆՑՆԵԼՈՒ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Գումգաբուի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ս. Զատկի տօնական ընդունելութիւնը առիթ հանդիսացաւ համայնքային զանազան խնդիրներու արծարծուելուն։ Սա ընկալեալ սովորութիւն մըն է մեր իրականութենէն ներս։ Որքան որ ալ օրը ըլլայ տօնական, երբ մեր համայնքային վարիչները ի մի հաւաքուին, անխուսափելիօրէն, կը սկսին քննարկուիլ համայնքային հարցերը։ Այս տարի ալ եղաւ նոյնը։ Բայց եւ այնպէս, այս տարուան օրակարգը ի սկզբանէ ընթացիկ չէր։ Մեր համայնքը ներկայիս արտասովոր օրակարգ մը ունի, որովհետեւ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը պիտի սկսի շուտով։ Ուստի, Գումգաբուի ընդունելութեան ժամանակ բոլորին ուշադրութիւնը առաջին հերթին կեդրոնացած էր այս նիւթին վրայ։

Ընդունելութենէն առաջ համայնքային շրջանակներու մտքին մէջ որոշ հարցականներ յառաջացած էին, որովհետեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանի կողմէ կարգ մը հակադիր մօտեցումներ արտայայտուած էին պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին առընչութեամբ։ Արդեօք բանավէ՞ճ մը պիտի ծագէր երկու սրբազաններուն միջեւ։ Այս հարցումն ալ կար մարդոց մտքին մէկ անկիւնը։ Մտահոգութեան հիմնական պատճառը այն էր, որ մեր համայնքի աչալուրջ շրջանակները կ՚ուզեն այս շրջանին լիակատար համախոհութեան մէջ տեսնել երկու սրբազանները, որովհետեւ անոնց ներդաշնակութիւնը պատրիարքական ընտրութեան յառաջիկայ գործընթացին տեսակէտէ կարեւոր երաշխիք մը կը համարուի։ Բարեբախտաբար, Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան Ս. Զատկի օրով դրական ու շինիչ պատգամներ փոխանցեցին համայնքային շրջանակներուն։ Այս երեւոյթը վերածուեցաւ գործօնի մը, որ բոլորի տօնական ուրախութիւնը դարձուց լիարժէք։ Պատահած է, որ տաղաւարի ընդունելութիւններուն ժամանակ ապրուին բուռն վէճեր, նոյնիսկ ծագին լարուածութիւններ, սակայն, պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ բարեբախտաբար նման տհաճութիւններ չեղան։ Սա յուսադրիչ լուրջ գործօն մըն է, որ մեր համայնքը պիտի կարողանայ պատշաճ մթնոլորտի մը մէջ դիմագրաւել պատրիարքական ընտրութեան մարտահրաւէրը։

Գումգաբուի ընդունելութեան ժամանակ երկու սրբազաններն ալ շատ ամփոփ գիծերու մէջ եւ շատ յստակ բանաձեւումներով խօսեցան պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ։ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան ընդգծեց, որ կորսնցնելու ժամանակ չկայ պատրիարքական ընտրութեան հարցին մէջ։ Իր խօսքով՝ յառաջիկայ շաբաթ պիտի գումարուի Կրօնական ժողովը եւ աւելի վերջ Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ դիմում պիտի կատարուի Ներքին գործոց նախարարութեան՝ պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ։

Մինչ ընդհանուր փոխանորդը այս գործնական տեղեկութիւնները փոխանցեց, Կրօնական ժողովի ատենապետը մանրամասնութիւններ տուաւ հարցի սկզբունքային երեսակին առընչութեամբ։ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան ընդգծեց, որ համաձայնած են Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի հետ, որպէսզի ընտրութեան գործընթացը յառաջ մղեն խաղաղութեան մէջ, եղբայրաբար եւ առանց կռիւի։ Նորին սրբազնութիւնը նշեց, որ համայնքէն ներս բոլոր սրբազանները ունին իրենց համակիրները։ «Ձեզմէ կը խնդրենք, որ մեզի համար, մեր անունով իրարու հետ կռիւ չընէք», ըսաւ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան։

Բաց աստի, ան մատնանշեց, որ մեր բոլոր սրբազաններն ալ կրնան ունենալ թերութիւններ կամ անցեալի մէջ գործուած սխալներ։ Այդ բոլորը պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ պէտք չէ օգտագործուին ենթակաները մաշեցնելու, յաչս մեր ժողովուրդին հեղինակազրկելու համար։ «Սրբազանները դիւրին չեն հասնիր։ Մեր նպատակն է նոր պատրիարք մը շահիլ, առանց մեր սրբազաններէն ոեւէ մէկը կորսնցնելու», դիտել տուաւ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան։

Մեր երկու սրբազաններու այս արտայայտութիւններուն առընթեր Գումգաբուի տօնական ընդունելութեան ընթացքին, զանազան նիւթերու շօշափման ատեն անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ կենսական խնդրի մը, որ վերջին տարիներուն միշտ օրակարգի վրայ է։ Այդ հարցն է մեր համայնքի ընտրողներու ցուցակներու այժմէականացման ու կատարելագործման խնդիրը։ Վստահաբար յառաջիկայ պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին եւս այս խնդիրը պիտի ունենայ կարեւոր նշանակութիւն։ Պատահական չէր Ս. Զատկի հաւաքոյթին ժամանակ այս հարցին վրայ դրուած շեշտը։

http://www.jamanak.com/content/օրակարգի-նիւթերը/23-04-2019-նոր-պատրիարք-մը-շահիլ-առանց-մեր-սրբազանները-կորսնցնելու

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın