İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 104-ԱՄԵԱԿԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ ՔԵՊԷՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

«Հորիզոն».-16 Ապրիլ 2019-ին, Քեպէքի Ազգային Ժողովի յետմիջօրէի նիստին ընթացքին ներկայացուեցաւ եւ միաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչման բանաձեւը։ Յաջորդաբար խօսք առին երեսփոխան Քրիսթին Սէն-Փիէռ (Աքատիի շրջան, PLQ), Միջազգային յարաբերութիւններու եւ ֆրանսախօս երկիրներու միութեան անդամ, նախարար Նատին Ժիրօ (Պէրթրան շրջանի երեսփոխան, CAQ), երեսփոխան Գաթրին Տօրիոն (Թաշրոյի շրջան, Québec Solidaire) եւ երեսփոխան Ժոէլ Արսընօ (Իլ-Տը-Լա Մատլէնի շրջան, PQ)։
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմական ակնարկ մը տալէ ետք, անոնք անդրադարձան ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման կարեւորութեան եւ հայ համայնքին հաստատակամութեան։
Նիստին ներկայ գտնուեցան Հայ Դատի Քեպէքի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներ եւ Քեպէք քաղաքի ու Մոնթրէալի գաղութներու անդամներ, որոնք հիւրերու վերապահուած պատշգամէն հետեւեցան ելոյթներուն։ Անոնք առիթը ունեցան նաեւ առանձնապէս հանդիպելու նախարար Նատին Ժիրոյի, երեսփոխաններ Քրիսթին Սէն-Փիէռի, Մարուա Ռըզքիի, Քրիսթոֆըր Սքիթի եւ Կի Ուէլէթի հետ։
Յիշենք, որ Հայ Դատի Քեպէքի Յանձնախումբին ջանքերով 1980-էն ի վեր Քեպէքի Ազգային Ժողովը ճանչցած է եւ կ՚ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ 2003-ին որդեգրած է Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օր յատկացնելու մասին օրէնքը։

http://www.kantsasar.com/news/2019/04/23/44427/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın