İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԻԱԿ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԻՒՂԻՆ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԲԱՑՈՒԻ ԵՐԿՐԻ ՄԻԱԿ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ

Թուրքիոյ Հաթայ նահանգին մէջ գտնուող երկրին մէջ մնացած միակ հայկական գիւղ` Վաքըֆլըի մէջ Թուրքիոյ մէջ առաջին հայկական թանգարանը կը բացուի: Թրքական Milliyet պարբերականի հետ զրոյցի ընթացքին Վաքըֆլըի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ֆոնտի նախագահ Ճեմ Չափար յայտնած է, որ այս թանգարանը կ’ապացուցէ, որ հայերն ու թուրքերը միասին ապրած են եւ կրնան միասին ապրիլ: Չափար յայտնած է, որ թանգարանը Մշակոյթի Նախարարութեան կողմէ յատուկ կարգավիճակ ստացած է եւ աւելցուցած, որ Արեւելեան միջերկրածովեան զարգացման գործակալութիւնը կ’աջակցի թանգարանի բացման: Թանգարանը Վաքըֆլըի մշակոյթի, լեզուի, պատմութեան, խոհանոցի, պարերու մասին տեղեկութիւններ պիտի ցուցադրէ:
Չափար դիտել տուած է. «Իրականութեան մէջ գիւղական այս թանգարանով կը պատրաստուինք պատմել ե՛ւ հայկականութեան, ե՛ւ քրիստոնէութեան մասին: Որովհետեւ համալսարան աւարտած մարդիկ կու գան եւ կը հարցնեն թէ արդեօք Անատոլիոյ մէջ եղած հայկականութիւնը ազգութի՞ւն է, թէ կրօն, արդեօք այստեղի հայերը Հայաստանէ՞ն եկած հայեր են, ի՞նչ եղաւ հայերու հետ: Մենք կարիք ունինք պատմելու»:
Վաքըֆլըի հայկական եկեղեցւոյ վանահայր Աւետիս Թաբաշեան յայտնած է, որ մինչեւ 1939 Հաթայը Ֆրանսայի իշխանութեան տակ եղած է, ապա աւելցուցած է, որ Մուսա լերան ստորոտին Վաքըֆլըիի պէս 6 գիւղ եղած է, սակայն Հաթայի երկրամասը Թուրքիոյ միանալէ ետք շրջանի հայերուն մէկ մասը գաղթած է երկրամասէն, մաս մըն ալ տեղափոխուած է Վաքըֆլը: Թաբաշեան յայտնած է.«Վաքըֆլըի մէջ 35 հայ ընտանիք կ՛ապրի, սակայն մեծամասնութիւնը արտասահմանի մէջ է: Մեր գիւղին մէջ գրագիտութեան մակարդակը 99 տոկոս է: Եկեղեցւոյ մէջ պատարագները հայերէն կը մատուցենք: Գիւղը իւրայատուկ լեզու ունի: Հոս բնակողները ե՛ւ արեւելահայերէն, ե՛ւ արեւմտահայերէն գիտեն, բայց արաբերէն եւ հայերէն խառնուրդով բառբառը մեր յատուկ լեզուն է: Բոլորը գիտեն այդ լեզուն»:

http://www.kantsasar.com/news/2019/04/23/44425/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın