İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԼԻՊԻՈՅ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Լիպիական «Ալ-Աին» կայքը տեղեկացուց, որ Լիպիոյ արեւելեան շրջանի ժամանակաւոր կառավարութեան նախարարներու խորհուրդը որդեգրեց միջազգային յարաբերութիւններու եւ արտաքին գործոց նախարար Ապտուլ Հատի ալ Հուէյճի առաջարկը` ընդունելով 1915-ին, Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Կառավարութիւնը մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ ներկայիս Լիպիոյ նախարարներու խորհուրդի օրէնսդրական տնօրէնութիւնը աշխատանք կը տանի բանաձեւելու որոշում մը, որուն համաձայն, Լիպիոյ մէջ այսուհետեւ ամէն տարի 24 Ապրիլին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը պիտի ոգեկոչուի։

http://www.kantsasar.com/news/2019/04/19/44318/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın