İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԴԷՊԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ (2)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Զատկի տօնէն վերջ սկիզբ պիտի առնէ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը։ Ինչ որ ալ ըլլան որոշ նեղ շրջանակներու տրամադրութիւնները (այս նիւթին երէկ անդրադարձած էինք այս սիւնակին մէջ), վերջին հաշուով թրքահայ իրականութեան մօտ այս պահուն կը տիրէ սպասողական վիճակ։ Սա, անշուշտ, ունի իր տրամաբանութիւնը։ Արդարեւ, վերջին տասը տարիներուն քանիցս յաւակնոտ ձեւով ճանապարհ ցոյց տուողներ եղան՝ պատրիարքական ընտրութեան համար։ Կախարդական դեղագիրներ մատուցուեցան՝ աղմկոտ պնդումներու կամ մեղադրանքներու զուգորդութեամբ։ Եւ այդ բոլոր հաշուարկները ձախողեցան։ Պատրիարքարանէն հնչած չափաւորութեան ու պաղարիւնութեան կոչերն ալ անոնց կողմէ միանշանակ անտեսուեցան։ Հիմա այս ամբողջ յիշողութեան համայնապատկերին վրայ մարդիկ կը նախընտրեն սպասողականութիւնը։ Սա մէկ կողմէ ողջունելի լրջութեան մը ազդանշանն է, իսկ միւս կողմէ համայնքի աչքին պարզ պէտք է ըլլայ, յստակ պէտք է ըլլայ, որ լրջութիւնը կ՚ենթադրէ վերապահութիւն, բայց ոչ կրաւորականութիւն։ Պատրիարքական ընտրութիւնը համայնքի իրաւունքն է եւ այդ իրաւունքի իրացման համար մեր ժողովուրդը պէտք է ըլլայ վճռակամ, նախանձախնդիր, ուշադիր եւ յամառ։ Պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան ներկայ փուլը այլեւս անշրջադարձելի է։ Ոչ ոք այս փուլէն վերջ կրնայ վիժեցնել գործը։ Համայնքն ալ ամէն առիթով, ամէն հարթութեան վրայ պէտք է պահանջկոտութիւնը զգացնել տայ, համապատասխան ձեւով ինքնադրսեւորուի, ընդգծէ, որ անզիջող է իր ընտրութեան իրաւունքի պարագային։ Այս բոլորը ընելու համար ո՛չ պէտք է կռիւ հրահրել, ոչ ալ պէտք է ոեւէ մէկը վիրաւորել կամ անարգել։ Այս գործը գլուխ հանելու համար մեր ժողովուրդը պէտք է բանեցնէ համայնքի համակարգը։ Վարչամեքենան պէտք է գործէ եւ մեր համայնքը պէտք է այլեւս թօթափէ դատապարտուածութեան, անելի մատնուած ըլլալու հոգեբանութիւնը։ Մարդիկ պէտք է անդրադառնան, որ Պատրիարքարանը գոյութիւն ունի իրենց իսկ համար, իրենց սպասարկելու եւ իրենց ազգային-եկեղեցական կեանքի կարիքներու դիմագրաւման համար։ Տասնմէկ տարուան համբերութենէ վերջ, մեր համայնքը պէտք է անդրադառնայ, որ ինքն է առանցքային գործօնը իր նոր հոգեւոր պետը ընտրելու ճանապարհին։

*

Այս ամբողջ սկզբունքային հանգամանքները կեանքի կոչելու ճանապարհին այժմ պատասխանատուութեան առիւծի բաժինը անվիճելիօրէն կը վիճակի Պատրիարքական Աթոռին։ Սուգի շրջանէն անմիջապէս վերջ պիտի գումարուի Կրօնական ժողովը, որ օրինական մարմին մըն է։ Կրօնական ժողովը պիտի տայ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մեկնարկը եւ զուգահեռաբար կապ պիտի հաստատուի պատկան իշխանութիւններուն հետ, Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ։ Պատրիարքարանը այս փուլին պէտք է այնպէս մը վարուի, որ բաւարարէ համայնքի ակնկալութիւնները եւ կանխէ հաւանականութիւնը ապատեղեկատուութիւններու, որոնք կրնան թունաւորել գործընթացին շարունակութիւնը։ Ուստի, կարելի է թուարկել քանի մը կէտ, ըստ հետեւեալի.

ա.- Պատրիարքարանը շատ համոզիչ ու հիմնաւորուած ձեւով պէտք է հրապարակէ իր կամքը՝ պատրիարքական ընտրութեան ձեռնարկելու համար աւանդական ձեւով եւ հետամուտ ըլլալու համար համապատասխան աշխատանքներուն, նախապատրաստութիւններուն փութով, նաեւ ամենայն եռանդով։

բ.- Կրօնական ժողովը պէտք է գերադասէ ժողովուրդի աչքին գործնականութեան իմաստով կասկած չթողելը եւ առանց տիտղոսներու շինծու խնդիրներու մէջ մխրճուելու՝ պէտք է ճանապարհ հարթէ համայնքի կամքի դրսեւորման առջեւ։

գ.- Հոգեւորականաց դասը պէտք է ներքին միասնականութիւնը, համագործակցութեան ու զոհողութեան ոգին ապացուցանէ, որպէսզի մեր համայնքը առողջ մթնոլորտի մը մէջ առաջնորդուի պատրիարքական ընտրութեան։

դ- Աթոռի երկու սրբազանները՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան պէտք է բացարձակ ներդաշնակութեան ու համախոհութեան մէջ գտնուին այս ընթացքին։ Անոնց նպատակասլաց զօրակցութիւնը այս գործընթացի շարունակութեան անհրաժեշտ նախապայմանը, ապահովագրութեան գործօնը կը համարուի։ Մօտաւոր անցեալի տխուր փորձառութիւնները կու գան բիւրեղացնել այս կէտի կարեւորութիւնն ու նրբութիւնը:

ե.- Պատրիարքական ընտրութեան համար առաջին հերթին պէտք է զբաղիլ ամուր ենթագետին մը ստեղծելու հարցով։ Օրինական, իրաւական, պաշտօնական առումով հաստատ հիմքեր պէտք է ստեղծուին գործընթացի շարունակութեան համար։ Տրամաբանական հերթականութեան հաւատարիմ պէտք է մնալ, որպէսզի այժմու ճակատագրական փուլը լաւագոյնս արժեւորուի, խնայուի ռիսքերէ եւ զերծ պահուի թեկնածութեան հեռանկարներու վերաբերեալ հաշուարկներու զոհ երթալու վտանգէ։

*

Գալով համայնքի աշխարհական վարիչներու կացութեան։ Անոնք մինչեւ այսօր պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ թէեւ չեն յաջողած տեղաշարժ մը ապահովել, սակայն եւ այնպէս, անկարելի է, որ դասուին կողմնակի գործօն։ Բնականաբար, մեր աշխարհական վարիչները, հաստատութիւններու ղեկավարները շատ կարեւոր դերակատարութիւն կրնան ստանձնել նոր պատրիարքի ընտրութեան ճանապարհին։ VADİP-ի վերջին ժողովին ժամանակ յայտնի դարձաւ, որ համայնքի աշխարհական վարիչները ձեռնածալ չեն նստած, սակայն առայժմ կը սպասեն իրենց հերթին։ Անոնք ալ կը գիտակցին, թէ գործընթացը առաջին հերթին յառաջ պիտի մղուի Պատրիարքարանի կողմէ։

VADİP-ի վերջին նիստի այս հարցին շուրջ, ըստ էութեան, խօսեցան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան երկու գլխաւոր դէմքերը՝ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն եւ փոխ-ատենապետ Հերման Պալեանը։ Ընդհանուր առմամբ, անոնք արտայայտուեցան հաւասարակշռուած ոճով՝ միշտ գերադասելով մեր համայնքի գերագոյն շահերն ու կայունութիւնը։

http://www.jamanak.com/content/օրակարգի-նիւթերը/18-04-2019-դէպի-ընտրութիւն-2

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın