İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏԵՂԱՊԱՀԻ ՊԱՇՏՕՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ երեկոյեան ժամերուն յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին կապակցութեամբ։ Նորին սրբազնութիւնը այդ յայտարարութեան հրապարակման համար նախընտրած էր մասնաւոր ժամկէտ մը, որովհետեւ երէկուան օրը կը զուգադիպէր երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի մահուան քառասունքին։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ կազմակերպուելիք տօնական ընդունելութեան ընթացքին պիտի հրապարակուի նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի ժամանակացոյցը եւ աշխատանքները պիտի սկսին փութով։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս փուլին հանրութեան նկատառման յանձնած է իր մօտեցումները այն մասին, թէ պատրիարքական ընտրութեան պէտք է ձեռնարկել փոխանորդո՞վ մը, թէ ոչ տեղապահով մը։ Ան մատնանշած է, որ ոմանց մտքին մէջ պղտորութիւններ կան այս հարցին շուրջ։ Հետեւաբար, ան որոշած է այս նիւթին վերաբերեալ յստակօրէն արտայայտել իր դիրքորոշումը։ Ուստի, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան համոզուած է, թէ տեղապահի մը ընտրութիւնով պէտք է ձեռնարկել պատրիարքական ընտրութեան։ Յառաջիկային գումարուելիք Կրօնական ժողովին ժամանակ ան օրակարգի վրայ պիտի բերէ այս նիւթը, պիտի ջանայ որոշում մը ապահովել տեղապահի ընտրութեան ձեռնարկելու համար եւ այդ հիման վրայ ալ պիտի ըլլայ տեղապահի թեկնածու։ Յայտարարութեան ամենաուշագրաւ կէտերէն մին այն է, որ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան գանգատ կը յայտնէ Կրօնական ժողովի կարգ մը անդամներու աչալրջութեան կապակցութեամբ։ Սա բաւական լուրջ երեւոյթ մըն է, որովհետեւ նորին սրբազնութիւնը այդ ժողովի ատենապետն է եւ այս պահուն այդ ժողովը կը համարուի մեր միակ օրինական մարմինը։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան յիշեցուցած է, որ ըստ ազգային Սահմանադրութեան պատրիարքական տեղապահը կ՚ընտրուի խառն ժողովին կողմէ եւ անոր ընտրութիւնը կը վաւերացուի պետութեան կողմէ։ Նկատի ունենալով, որ Հանրապետական շրջանին գոյութիւն ունենալէ դադրած է խառն ժողովը՝ քաղաքական ժողովի կամ Ազգային կեդրոնական վարչութեան բացակայութեան հետեւանքով, տեղապահները ընտրուած են միայն հոգեւոր խորհուրդներու կողմէ։ Այդ խորհուրդները երջանկայիշատակ պատրիարքներ Շնորհք Արք. Գալուստեանի եւ Գարեգին Արք. Գազանճեանի ընտրութիւններուն ժամանակ ներքին պատճառներով պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը յառաջ տարած են փոխանորդով մը։ Նման վիճակ մը եղած է նաեւ Մեսրոպ Պատրիարքի ընտրութենէն առաջ, սակայն աւելի վերջ պետութեան կողմէ կատարուած զգուշացումով մը դարձեալ ընտրուած է տեղապահ։ Այս բոլորի լոյսին տակ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան տեղապահի առաքելութիւնը կը նկատէ կենսական։ Ուստի, երբ Պատրիարքական Աթոռը թափուր է, ապա պէտք է ընտրել տեղապահ մը եւ գործընթացը յառաջ պէտք է տանիլ այդ աւանդական եղանակով։

Յամենայնդէպս նորին սրբազնութիւնը ընդգծած է, որ այդ գործընթացին մեկնարկը պիտի տրուի Կրօնական ժողովին կողմէ, որ կը բաղկանայ ինն անդամէ եւ ներկայիս կը գումարուի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի նախագահութեամբ։ Երբ Աթոռը թափուր է, Կրօնական ժողովին կողմէ առնուելիք իրաւական միակ որոշումը կրնայ ըլլալ ժողովի հրաւիրել Եկեղեցականաց համագումարը եւ ընտրել տեղապահ մը։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նշած է, որ Մեսրոպ Պատրիարքի անհանգստութեան շրջանին Կրօնական ժողովը ձայներու մեծամասնութեամբ առած է զանազան որոշումներ, որոնք գերազանցած են իր լիազօրութիւններու սահմանը։ Որպէս օրինակ ան թուարկած է անհանգստացած պատրիարքը ցկեանս գահակալ հռչակելու որոշումը։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան կ՚ընդգծէ, որ այդ որոշումը առնուած է իր արտասահման գտնուած շրջանին եւ ապօրինի է։ Այսօր արդէն բիւրեղացած է, որ այդ որոշումը որքան մեծ յապաղումի մը պատճառ դարձած է։

Յայտարարութեան վերջին բաժնին մէջ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նշած է, որ այս հարցին մէջ պատասխանատուութեան ամբողջ ծանրութիւնը կը բարդուի իր վրայ։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F18-04-2019-տեղապահի-պաշտօնի-թեկնածու

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın