İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԴԷՊԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ (1)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Յառաջիկայ շաբթուան մէջ թրքահայութեան օրակարգը ամբողջութեամբ պիտի կեդրոնանայ պատրիարքական ընտրութեան խնդրին վրայ։ Իրականութեան մէջ, սա խնդիր մը չէ, բնականոն երեւոյթ է, սակայն վերջին աւելի քան մէկ տասնամեակի իրադարձութիւնները պատրիարքական ընտրութիւնը վերածած են ծանր խնրի մը։ Այս առումով ներկայիս ամէն ինչ նոր հարթութեան մը վրայ է։ Այսօր այլեւս անխուսափելի եւ անյետաձգելի է պատրիարքական ընտրութիւնը։ Ո՛վ, ի՛նչ ուզէ ըսէ՝ այս համայնքը այլեւս նոր պատրիարք մը ընտրելու եզրին հասած է եւ այդ պատրիարքը անպայմանօրէն պէտք է ընտրուի աւանդաբար ձեւաւորուած նախընթացներով եւ հաւասարակշռութիւններով։

Ուշագրաւ է, որ ներկայիս մեր համայնքէն զանազան շրջանակներ որոշ թերահաւատութեամբ կամ կասկածամտութեամբ կը մօտենան պատրիարքական ընտրութեան հարցին։ Անշուշտ, վերապահութենէ վնաս չի գար եւ այս փուլին պէտք է մանրակրկիտ հաշուի առնել բոլորին մտահոգութիւնները։ Մետայլի միւս երեսակին կայ նաեւ ուրիշ հանգամանք մը։ Մօտաւոր անցեալին, այդ ալ մէկէ աւելի անգամներ, պատրիարքական ընտրութեան հարցի լուծման հնարաւորութիւն ստեղծուած էր, սակայն իւրաքանչիւր առիթ մսխուած՝ անխնայօրէն։ Թէեւ ամբողջ համայնքը կը ձգտէր պատրիարքական ընտրութեան, սակայն կարգ մը մարդիկ կը ջանային այնպէս մը ընել, որ բոլորէն աւելի իրենք ուզած ըլլային այդ ընտրութիւնը։ Կարծես անոնք համոզուած էին, թէ ամենաբարձր ձայնով պահանջելու պարագային կարելի պիտի ըլլար հասնիլ այդ նպատակին։ Մինչդեռ պոռալ-կանչելէ աւելի՝ պէտք էր ընդհանուր համաձայնութեան հասնիլ, հասարակաց յայտարար մը ստեղծել եւ ձայնի բարձր թոնը չէր երաշխաւորեր վճռակամութիւնը։ Գործնականին մէջ, վճռակամութեան ապացոյցը պիտի ըլլար ամբոխավարութիւններէ հեռու յանձն առնել զոհողութիւններ՝ միասնականութեան մթնոլորտ ստեղծելու համար։ Այդ հնարաւորութիւնները մսխուեցան առաւել չափով այն շրջանակներուն պատճառով, որոնք խօսելեվ դիմացինը հասկնալ փորձելու փոխարէն, պոռոց-գոռոցի աղմուկին զոհ տուին ամէն ինչ, բաց թողուեցան կարելիութիւնները։ Տակը մնաց այն թիւր տպաւորութիւնը, ըստ որու իրենք ամենաշատը կ՚ուզէին պատրիարքական ընտրութիւնը։ Այստեղ նպատակը մօտաւոր անցեալի հաշուեկշիռը ընել չէ, անշուշտ։ Եւ, սակայն, զարմանալին այն է, որ այսօր այդ նոյն շրջանակներն են, որ թերահաւատութիւն կ՚արտայայտեն պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ։ Կարծես ոմանք այս համայնքը ջլատելով, կամայ թէ ակամայ, կը ձգտին վիժեցնել պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը։ Վառ օրինակներ կան ընկերային ցանցերու վրայ, ուր շրջանառութեան մէջ դրուած են որոշ յայտարարութիւններ, որոնց ստորագրադիրներու շարքին շատ են արտասահմանաբնակ մարդիկ։ Այս վերջինները, բնականաբար, իրաւունք ունին հետեւելու գործընթացին կամ հետաքրքրուելու անոր հետ, սակայն տուեալ պարագային կը հանդիսանան կողմնակի գործօն։ Հետեւաբար, երբ այլեւս յայտնի է, որ պատրիարքական ընտրութեան ձեռնարկելու համար կարիք չկայ պոռալ-կանչելու, այդ մարդոց համար անկեղծութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեան առումով փորձաքար մըն է՝ նպաստել ընդհանուր համաձայնութեան մթնոլորտի մը ձեւաւորման եւ չփորձել ջուրը պղտորել կամ նոր բացուած սպիտակ էջը մրոտել։

http://www.jamanak.com/content/օրակարգի-նիւթերը/17-04-2019-դէպի-ընտրութիւն-1

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın