İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՆԶՈՒԳԱԿԱՆ ԱՐԱ ՄԱԼԻՔԵԱՆԸ

Ահաւասիկ ապրիլի 13-ն է։ Երեկոյեան ժամը իննին՝ Իսթանպուլի խոշոր ու շքեղ համերգասրահներէն մէկուն՝ «Volkswagen Arena»ի լեփլեցուն սրահի առաջին շարքի աթոռներէն մէկը զբաղեցուցած՝ բազմահազար ունկնդիրներու հետ միասին սրտատրոփ կը սպասէի աշխարհահռչակ վիրթիէօզ ջութակահար Արա Մալիքեանի ելոյթին։ Հանդիսատեսի ոգեւորութիւնը այնքան մեծ էր, որ ամէնուն կը թուէր, թէ վայրկեանները արհեստականօրէն կանգ առած են, չեն յառաջանար։ Ժամացոյցի մեծ սլաքը հատեց նախատեսուած ժամը ու աւելի քան հինգ պտոյտ կատարելէ ետք, հանդիսատեսը անհամբերութենէն դրդուած սկսաւ ծափահարել՝ վայրկեան մը առաջ մեծն արուեստագէտը բեմ հրաւիրելու պահանջով։ Քանի մը վայրկեան ետք, լոյսերը փոխուեցան, բեմահարթակը երեկոյեան ջինջ երկինքի տեսք առաւ, սրահին մէջ քար լռութիւն կը տիրէր, մարդիկ շնչահեղձ կը սպասէին աշխարհահռչակ ջութակահարին։

Նախապէս բեմահարթակին վրայ իրենց տեղերը առին եօթ երաժիշտներէ բաղկացեալ՝ Արա Մալիքեանի նուագակիցները։ Համերգը սկսաւ կախարդական երաժշտութեան հնչիւններու տակ։ Նուագախումբի անդամներէն իւրաքանչիւրը խորազգած մեղեդիներով կը լրացնէր զիրար, երբ այլեւս բոլոր նուագարաններու քաղցր եղանակները իրարու շաղախուեցան, հեռուէն լսելի դարձաւ ջութակի մե՛րթ եթերային, մերթ մելամաղձոտ նուագ մը։ Ան էր, որ ամպերուն միախառնուած կապոյտ լոյսերուն մէջէն համր քայլերով երեւան եկաւ ու իւր թովիչ մեղեդիներով կախարդեց բազմահազար երաժշտասէրները։

Աստուածատուր տաղանդով օժտուած մեծն ջութակահարը, երկու ժամ տեւած համերգի ընթացքին անզուգական կատարումներով ունկնդիրներուն հետ միասին պտոյտ մը կատարեց իր կերտած հէքեաթային աշխարհին մէջ։ Առաջին ելոյթէն ետք, մեծանուն երաժիշտը թրքերէն, հայերէն ու անգլիերէն լեզուներով բարեհամբոյր ողջունեց հանդիսատեսը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորի ներկայութեան համար։

Անսպառ եռանդով ու տաղանդով լեցուն աշխարհի վիրթիէօզ ջութակահարը բեմի վրայ պարզապէս կը շողար։ Կարծես ան ո՛չ թէ ջութակի լարերով կը խաղար, այլեւ՝ երաժշտասէր ունկնդիրներու խոր զգացումներով։ Արա Մալիքեանի մատները արհեստավարժ կերպով կը խաղային, կը պարէին ջութակի լարերով։ Ո՛չ միայն մատները կը խաղային, այլեւ՝ ամբողջ մարմինը, դէմքի արտայայտութիւնը։ Երեկոյի ընթացքին մեծանուն հայորդին հանդէս եկաւ զանազան կերպարներով, մերթ թափառական երաժիշտ մը կը մարմնաւորէր, մերթ՝ սէրէ խենդեցած երիտասարդ մը, մերթ ալ՝ կեանքի դառն ու անուշ հարուածները սեփական մորթի վրայ զգացած անհատ մը։ Քանի մը հայկական եղանակներ ալ հնչեցին, իսկ երբ բեմի տիրակալը նուագեց Կոմիտասի «Կռունկ» ստեղծագործութիւնը, հորիզոնին Կոմիտասի ուրուագիծը պատկերուեցաւ…

Արա Մալիքեան ո՛չ միայն բարձրակարգ երաժշտութեամբ հիացուց հանդիսատեսը, այլեւ՝ իր մարդկային բարձր արժանիքներով։ Ան ելոյթներու ընթացքին քանի մը անգամ դադար տուաւ ու մտերմիկ զրոյցի բռնուեցաւ իրեն համար այնքան սիրելի ունկնդիրներուն հետ։ Իր կեանքէն կատակներով շաղախուած զանազան հետաքրքրական ու զաւեշտալի դրուագներ պատմեց։ Այդ պատմութիւնները ո՛չ միայն հանդիսատեսը զուարճացուցին, այլեւ՝ նուագախումբի անդամները, որոնք լիաթոք կը խնդային։ Երբեմն զուարճախօսութեան թիրախը երաժիշտներէն մէկը կը դառնար։

Ամբողջ երեկոյի ընթացքին դալիճին մէջ կը տիրէր մտերմիկ, ջերմ ու հաղորդական մթնոլորտ։ Մեծանուն, աշխարհահռչակ երաժիշտը համերգի աւարտը աստիճանաբար ու արհեստավարժօրէն ազդարարեց. երազային մթնոլորտի մէջ գտնուող հանդիսականները քայլ առ քայլ փոխադրելով իրականութիւն։ Արդարեւ, ան համերգի եզրափակիչ փուլին բեմէն վար իջնելով ջութակի թովիչ նուագի ներքեւ շրջայց մը կատարեց ամբողջ դահլիճին մէջ, այսպէսով ունկնդիրներուն հնարաւորութիւն ընձեռելով իր հետ անմիջական կապի մէջ գտնուիլ։

Հուսկ, բոլոր երաժշտասէրները որոտընդոստ եւ յոտնկայս ծափահարութիւններով ողջունեցին Արա Մալիքեանը եւ իր նուագակից ընկերները։ Բեմի թագաւորի կախարդական ու անկրկնելի երաժշտութեան մեր համայնքի բազմաթիւ երկրպագուներ միաձայն «Կեցցէ՛ Արա», «Ապրի՛ս Արա» գոչեցին եւ այդ բոլորին տաղանդաւոր երաժիշտը հայերէնով պատասխանեց. «Շնորհակալ եմ»։

***

Ես պարզապէս հիացած եմ Արա Մալիքեան մեծ երաժիշտի տաղանդով ու մարդկային տեսակով։ Ճիշդ է, բազմաթիւ համերգներու ներկայ եղած եմ, սակայն այս մէկը տարբեր էր, այս մէկուն պարգեւած զգացումներն ու յոյզերը աննկարագրելի էին։ Ըստ իս, Արա Մալիքեան կատարելութիւն է, Աստուած զինք լաւագոյն յատկութիւններով օժտեր է։ Աշխարհի վրայ բազում մեծանուն արուեստագէտներ ու հանճարներ կան, սակայն Արա Մալիքեան օժտուած է թէ՛ բնատուր ձիրքերով եւ թէ ամենէն կարեւորը՝ գլխագիր ՄԱՐԴ է… Պէտք է խոստովանիլ, որ թէպէտ մեր երկրագունդի վրայ մարդոց թիւը օրէ օր կը շատնայ, սակայն գլխագիր ՄԱՐԴու տեսակը աւա՜ղ վերացման եզրին կը գտնուի։

Մալիքեան այդ երկուքի միահիւսումն է՝ հանճար եւ անսահման բարի, ազնիւ ու ազգասէր։ Ի լրումն այս բոլորի աշխարհի մարդը, ջութակահարը անթաքոյց յարգանք եւ ուշադրութիւն կը տածէ իր ազգակիցներուն նկատմամբ։ Կ՚երեւի թէ հայը անոր հոգւոյն խորքին իւրայատուկ տեղ կը զբաղեցնէ։ Անոր ցուցաբերած ակնածանքը հայութեան ու հայ մամուլին նկատմամբ լաւագոյնս շեշտուած է իր վերաբերմունքին մէջ։ Ես ընկերային ցանցերու միջոցաւ Արա Մալիքեանի հետ կապի մէջ էի մինչ Պոլիս ժամանելը։ Ան ամէն օր ով գիտէ քանի նամակներ կը ստանայ, սակայն ժամանակ գտած էր պատասխանելու իմ նամակին։ Սակայն ան ուշադիր էր իր հարազատներուն նկատմամբ։ Ուրեմն ինծի համար մեծ պատիւ էր այս համերգին հետեւիլ՝ որպէս իր հիւրը, յանուն ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։ Կախարդական երեկոյթէն անմիջապէս ետք՝ մայրենի լեզուով հաճելի շփում մը ունեցանք վիրթիէօզ ջութակահար Արա Մալիքեանի հետ. ան ջերմ մաղթանքներ յղեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ին եւ խնդրեց իր խորին յարգանքն ու սէրը փոխանցել մեր համայնքի բոլոր անդամներուն։

Անսահման ուրախ ու հպարտ եմ, որ ի դէմս Արա Մալիքեանի հայ ազգը ունի նման աշխարհահռչակ անուններ, գերտաղանդներ, որոնք ո՛չ միայն հայութեան, այլեւ՝ համայն մարդկութեան հարստութիւնը, պարծանքը կը հանդիսանան։

Բարի երթ Արա Մալիքեանին «Royal Garage» համերգներու շրջագայութեան մէջ…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/16-04-2019-անզուգական-արա-մալիքեանը

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın