İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՆԵԼԻ ՄԷՋ ՈՐՈՆՈՒՄ

Երէկ երեկոյեան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստեան տան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) ժողովը։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ գումարուեցաւ նիստը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան համայնքային շարք մը հրատապ հարցեր։ Հիմնականին մէջ, օրակարգի վրայ ընդգրկուած էին երկու խնդիրներ։ Անոնցմէ մին էր համայնքային վաքըֆներու հաստատութիւներու առկախեալ ընտրութիւններու հարցը, իսկ միւսը՝ պատրիարքական ընտրութեան հարցը։ Այս երկու առանցքային նիւթերէն դուրս ժողովը բնորոշուեցաւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի վերաբերեալ հարցերով։ Արդարեւ, Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը երկար տարիներէ ի վեր մասնակցութիւն չէր բերեր VADİP-ի ժողովներուն, իսկ երէկ այդ նախընթացը ընդհատուեցաւ։ Իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին անունով մասնակցեցաւ VADİP-ի ժողովին եւ իր տեսակէտները պարզեց զանազան հարցերու շուրջ։ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի վերաբերեալ բազում խնդիրներուն, կալւածներու արժեւորման արդիւնաւորման մակարդակին շուրջ առկայ քննադատութիւններուն եւ այլ զանազան պնդումներու շուրջ ան պատասխանեց հարցումներուն։ Բնականաբար առաջին քայլափոխին տարիներէ ի վեր կուտակուած խնդիրները չհարթուեցան, հարցականներու պատասխանները չգտնուեցան, սակայն մեր համայնքին տեսակէտէ կարեւոր երկխօսութեան մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ։ Թէ՛ Սիմոն Չեքէմ եւ թէ համայնքային միւս վարիչները բաց խօսակցութեան մթնոլորտի մէջ կարծիքներ փոխանակեցին։ Քննադատութիւնները հաս-ցէագրուեցան ուղղակի՝ դուրս գալով շշուկներու կամ բամբասանքի հարթութենէն։ Այսպէսով VADİP-ի խորհրդակցութեան ընթացքին յուսադրիչ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ՝ Պէյօղլուի վերաբերեալ խնդիրները ապագային աւելի առողջ ձեւով հանրային կարծիքին ներկայացնելու եւ լուծումներ որոնելու տեսակէտէ։

Երէկուան ժողովի ընթացքին փոքրամասնութիւններու հաստատութիւններու առկախեալ ընտրութիւններու հարցին շուրջ խորհրդակցութիւնները շարունակուեցան։ Համայնքային վարիչները այս փուլին անելի մէջ որոնումներ ընելու դատապարտուած են։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ հրապարակուած շրջաբերականը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ նշանակովի ձեւով համալրել մատակարար մարմիններու կազմերը։ Սա թէեւ միջանկեալ, ժամանակաւոր լուծման եզր մը կը համարուի, սակայն ներհակ է աւանդական դրութեան ոգիին ու տարրին։ Այս հակասութիւններու մթնոլորտին մէջ ճար մը գտնել կը փորձեն համայնքային վարիչները։ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւին ալ վերջերս մեր համայնքային շրջանակներէ վարիչներու հետ զրուցելու ժամանակ յայտնած է, որ յառաջիկայ շուրջ երկուքուկէս տարուան ժամանակաշրջանին ընթացքին ընտրութեան հեռանկար մը գոյութիւն պիտի չունենայ փոքրամասնութեանց հաստատութիւններուն առջեւ։ Միջանկեալ լուծումներու որոնման ստիպողութեան առկայ իրավիճակին մէջ, ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու օրակարգի վրայ բերաւ նաեւ կեդրոնական վարչութեան մը կամ ընդհանուր լիազօրութիւններով մարմնի մը համար թոյլտուութիւն ունենալու տեսակէտէ դրական ազդանշաններու պարագան։

Պատրիարքական ընտրութեան խնդիրն ալ համայնքային վարիչներու ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու ընդգծեց, որ ժամ առաջ գործընթացը պէտք է սկսի՝ Իսթանպուլի կուսակալութեան ներկայացուելիք դիմումով։ Ան յայտնեց, որ գնդակը Պատրիարքարանի ձեռքն է։ Իր կարծիքով, առանց տեղապահի ընտրութեան անհրաժեշտութեան, Կրօնական ժողովը կրնայ այս գործընթացը յառաջ տանիլ՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ։ Շիրինօղլու յիշեցուց նաեւ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի կողմէ Չրաղան պալատին մէջ համայնքի աշխարհական վարիչներու հետ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ փոխանցուած պատգամները։ Ան ընդգծեց, որ այս հարցին մէջ պէտք չէ ժամանակ կորսնցնել ու պէտք է ապահովել խաղաղ, հանգիստ մթնոլորտ մը։ Իր կարգին, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի փոխ-ատենապետ Հերման Պալեանն ալ շեշտեց, որ ժամանակ պէտք չէ կորսնցնել պատրիարքական ընտրութեան հարցին մէջ։

Միւս կողմէ, համայնքային վարիչները երէկուան ժողովի աւարտին որոշեցին VADİP-ի անունը փոխել որպէս՝ Թրքահայ վաքըֆներու միաւորում (Türkiye Ermeni Vakıfları Birliği)։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F16-04-2019-անելի-մէջ-որոնում

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın