İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ…

Աշխարհահռչակ ջութակահար Արա Մալիքեան շաբաթավերջին համերգով մը հանդէս եկաւ քաղաքիս մէջ։ «Royal Garage» կոչուած համաշխարհային հիւրախաղերու ծիրէն ներս հերթական անգամ Իսթանպուլ եկաւ Արա Մալիքեան, որու համերգը շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Volkswagen Arena»ի երդիքին տակ։ Սա բառին բուն իմաստով կախարդական ելոյթ մըն էր։ Շուրջ չորս հազար ունկնդիրներու ներկայութեամբ Արա Մալիքեան նուագեց երկու ժամ առանց ընդհատումի։ Ան խոր տպաւորութիւն գործեց հանդիսատեսներուն վրայ՝ իր անկրկնելի վարպետութեամբ։ Աշխարհահռչակ վիրթիէօզ ջութակահարին հետ էին իր եօթ նուագակից ընկերները, որոնք համերգի ընթացքին բեմ առին իրեն հետ։ Արա Մալիքեան վերջին տարիներուն զանազան առիթներով եկած է Իսթանպուլ եւ այս առումով շաբաթավերջի իր ելոյթը կը համարուէր հերթական։ Յայտնի արուեստագէտը ուրախութիւն յայտնեց դարձեալ Իսթանպուլի մէջ գտնուելու կապակցութեամբ։

«Նոր դար» երաժշտական ոճէն սնուելով դասական երաժշտութեան կատարումներով հանդէս եկաւ Արա Մալիքեան, որու ներկայ հիւրախաղերը շատ լայն ընդունելութեան կ՚արժանանան աշխարհի բոլոր կողմերուն։ Իսթանպուլի համերգն ալ «Royal Garage» հիւրախաղերու վառ փուլերէն մին հանդիսացան։ Ունկնդիրներու շարքին ուշադրութիւն կը գրաւէին մեր համայնքէն բազմաթիւ երաժշտասէրներ, որոնք փութացած էին ունկնդրելու Արա Մալիքեանը եւ իրենց ծափահարութիւններով ողջունելու անոր փայլուն յաջողութիւնը։ Ոչ միայն իր բարձր մակարդակի արուեստով, այլ նաեւ հաղորդականութեամբ հանդիսատեսներու սիրտը գրաւեց Արա Մալիքեան։ Արդարեւ, ան համերգի եզրափակիչ փուլին բեմէն վար իջնելով շրջայց մը կատարեց ամբողջ դահլիճին մէջ եւ հանդիսատեսները հնարաւորութիւն ունեցան անմիջականօրէն շփուելու իրեն հետ, արտայայտելու իրենց համակրանքը եւ գնահատանքը Արա Մալիքեանի նկատմամբ։ Իր նուագներուն զուգահեռ, Արա Մալիքեան իսկապէս շատ մարդկային շեշտով մը հանդիսատեսներուն հետ բաժնեց իր կեանքէն դրուագներ, ինչ որ առաւել եւս ամրապնդեց իր եւ ունկնդիրներուն հաղորդակցութիւնը։

Երեկոյթի աւարտին բոլոր ներկաները որոտընդոստ եւ յոտնկայս ծափահարութիւններով ողջունեցին Արա Մալիքեանը եւ իր նուագակից ընկերները, որոնք իսկապէս անմոռանալի երեկոյթ մը պարգեւեցին բոլորին։

*

Հարկ է նշել, որ համերգի աւարտին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակիցներէն Արեւիկ Պապայեան առիթն ունեցաւ զրուցելու Արա Մալիքեանի հետ եւ վերահասու դառնալու անոր զգացումներուն։ Մեր վաղուան թիւով պիտի ներկայացնենք այդ տպաւորութիւնները։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 15, 2019

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F15-04-2019-կախարդական…-0

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın