İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳՈՒՐԳՈՒՐԱՆՔԻ ՇԱՐԺՈՒՄ

Շաբաթավերջին Գարակէօզեան Տան «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստի աշխատանոցի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ եզակի ցուցահանդէս մը, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի «Իմ ուղին» կեդրոնին ի նպաստ։ Երկրի օթիսթիկ երեխաներու խնամքին հետամուտ կեդրոն մըն է այս մէկը եւ մեր համայնքային շրջանակները այս ցուցահանդէսին միջոցաւ իրենց զօրակցութիւնը բերին՝ ուժ տալու համար այս հաստատութեան, որու առաքելութիւնը իսկապէս կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։ Համայնքային շրջանակները գուրգուրանքի շարժում մը ստեղծած էին վերջին շաբաթներուն այս ցուցահանդէսին համար եւ բարեբախտաբար տարուած աշխատանքները արդարացան եւ ծրագիրը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։

Նկարիչներ Անի Փեքքիւչիւք, Գագիկ Ղազանճեան, Կիւլիզար Արթուչ, Իտա Գահրաման, Գարին Ճինճիօղլու, Լիլիթ Սողոմոնեան, Թալին Մերթ եւ Դալար Փոլատ մասնակցութիւն բերին այս ցուցահանդէսին։ Անոնք իրենց ստեղծագործութիւնները տրամադրած էին իսկապէս նուիրական նպատակի մը համար։ Համայնքային շրջանակները անմիջական հետաքրքրութիւն ցոյց տուին ձեռնարկին նկատմամբ։ Ներկայ էր նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, որ հաւաքոյթի ընթացքին հանդէս եկաւ նաեւ ելոյթով մը։ Արժէքաւոր նկարիչներուն կողմէ ցուցահանդէսին համար տրամադրուած գործերը խորհրդանշական աճուրդով մը վաճառքի դրուեցան եւ այսպէսով կարելի եղաւ «Իմ ուղին» կեդրոնին համար ապահովել առաւելագոյն զօրակցութիւնը։ Ցուցահանդէսին ներկայ գտնուեցան նաեւ «Իմ ուղին» կեդրոնի պատասխանատուները, որոնք այս առթիւ փութացած էին Երեւանէն։ Ձեռնարկի կազմակերպիչները յուշանուէրներ պատրաստած էին ցուցահանդէսի մասնակից նկարիչներուն եւ ծրագրի կազմակերպիչներուն համար։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր երախտագիտութեան առարկայ դարձան մեր բարերարներէն Հայկ Ասլանեանն ու իր ընտանիքը։

Ձեռնարկի մասնակիցներուն տեսակէտէ կարեւոր անակնկալ մըն էր Հայաստանէն Վարդան Այվազեանի դաշնակի ելոյթը։ Իր կատարումները ընկալուեցան բուռն ծափողջոյններով։ Արդարեւ, Վարդան Այվազեան «Իմ ուղին» կեդրոնի ուսանողներէն մին է եւ իր յաջող նուագները եկան ապացուցանել, որ այդ երեխաներուն համար ի գործ դրուած միջոցները իսկապէս կ՚արդարանան եւ կ՚արդիւնաւորուին նպատակասլաց ձեւով։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F15-04-2019-գուրգուրանքի-շարժում

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın