İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ղազարոսի Յարութեան Յիշատակութեան Օր


Մեծ Պահքի 41-րդ օրը Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցոյ օրացոյցի Ղազարոսի Յարութեան Յիշատակի Օրն է:
Ղազարոսի յարութեան մասին կը պատմուի Ս. Յովհաննէսի Աւետարանի (տես Յովհ. 11:1-46): Ղազարոսը Յիսուս Քրիստոսի սիրելի ընտանիքէն էր: Ան Մարիամի և Մարթայի եղբայրն էր, որ մահացաւ հիւանդութեան պատճառով: Քրիստոս անոր յարութիւն տուաւ, ապացուցելով որ Ինքն է կեանքը և յարութիւնը:
Ղազարոսի յարութեան մասին պատմող դրուագը գեղեցիկ վերնագիր ունի. “Եւ Յիսուս լացաւ…”: Հրեաները, տեսնելով Յիսուսի լալը, ըսին. “Նայեցէք որչա՜փ կը սիրէր զանիկա”։
Քրիստոսի լալը բոլորի հանդէպ անոր անսահման սիրոյ վկայութիւնն է, իսկ Ղազարոսի յարութիւնը կը խորհրդանշէ նաև ննջեցեալներու համընդհանուր յարութիւնը:

Աղբիւր https://www.qahana.am/am/holidays

թարգմանիչ: Անուշ Գարմէն Սար

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın