İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ՊԵՐՃ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱԿԱՐԴԱԿՈՎ ԽՈՀԱՐԱՐԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ԱՌԱՋԻՆԸ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ

Հալէպահայ Պերճ Մութաֆեան փոքր տարիքէն խոհարարական աշխատանքի հակում ունէր։ Ան աւարտելով երկրորդական ուսումը պանդոկային կառավարման ուսումնարան արձանագրուեցաւ, մասնագիտանալու պանդոկներու կառավարման եւ յատկապէս խոհարարական աշխատանքի մէջ։
Վերջերս Սուրիոյ մակարդակով կազմակերպուած խոհարարական մրցոյթին, Մութաֆեան առաջին հանդիսացաւ, ստանալով համապատասխան գնահատագիր։

Յիշենք, որ նախորդ տարի եւս ան առաջին հանդիսացած էր նոյն այս մրցոյթին։

http://www.kantsasar.com/news/2019/04/11/44050/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın