İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Եթէ պահանջուի պատրաստ եմ պաշտօն ստանձնելու

ՄԻՀՐԱՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

2016-ին Կրօ­նական ժո­ղովի որո­շու­մով Թուրքիոյ հա­յոց պատ­րիարք Մես­րոպ Բ. հանգստեան կո­չուե­ցաւ, ժո­ղովը տե­ղապահ ընտրեց Գեր­մա­նիոյ հա­յոց առաջ­նորդ Գա­րեգին արք. Պէք­ճեանը։ Պէք­ճեան սրբա­զան 2018-ին, երբ Իս­թանպու­լի կու­սա­կալու­թիւնը պատ­րիար­քի կեն­դա­նու­թիւնը պատ­ճա­ռաբա­նելով մեր­ժեց տե­ղապա­հի հան­գա­ման­քը, վե­րադար­ձաւ Գեր­մա­նիա։

Սրբա­զան Պէք­ճեան վեր­ջին զար­գա­ցումնե­րու մա­սին «Ակօս»ի հար­ցումնե­րուն պա­տաս­խա­նեց հե­տեւեալ կեր­պով. «Այժմ կը հե­տեւիմ գոր­ծընթա­ցին։ Յայ­տա­րարո­ւած է, թէ Մես­րոպ Պատ­րիար­քի վախ­ճանման 40-էն ետք ընտրման աշ­խա­տանքնե­րը պի­տի սկսին։ Որ պայ­մաննե­րու տակ պի­տի ըն­դա­նան այդ աշ­խա­տանքնե­րը տե­ղեակ չեմ։ Իմ տե­ղապա­հու­թեան շրջա­նին նա­մակ­ներ ղրկած էինք բո­լոր թեկ­նա­ծու­նե­րուն։ Անոնցմէ ոմանք պա­տաս­խա­նեցին, իսկ ոմանք ոչ։ Այդ ցան­կը Պատ­րիար­քա­րանն է եւ կը կա­րօտի վե­րատես­ման։ Եթէ ար­դար ընտրու­թիւն մը պի­տի կա­յանայ, որ ես կաս­կած ու­նիմ, պէտք է թեկ­նա­ծու­թեան իրա­ւունք ու­նե­ցող­նե­րուն դար­ձեալ նա­մակով դի­մել։ Սխալ պի­տի ըլ­լայ մէ­կուն գրել, իսկ միւ­սին չգրե­լու հա­ւանա­կանու­թիւնը։ Պատ­րիար­քա­կան փո­խանոր­դի ընտրու­թեան ժա­մանակ Արամ սրբա­զան առան­ձինն ներ­կա­յացած էր եւ ոչ մէ­կուն դի­մում կա­տարած։ Ար­դար ընտրու­թիւնը կը կա­րօտի բծախնդիր աշ­խա­տան­քի»։

«Ակօս»ի իր թեկ­նա­ծու­թեան մա­սին հար­ցումն ալ պա­տաս­խա­նելով նշեց, թէ շատ կա­նուխ է այս մա­սին խօ­սելու հա­մար։ «Ես Գեր­մա­նիա վե­րադար­ձած ժա­մանակ չէի հրա­ժարած տե­ղապա­հու­թեան պաշ­տօ­նէն։ Եթէ տե­ղապա­հի խնդի­րը դար­ձեալ օրա­կար­գի գայ եւ ին­ծի դի­մում ներ­կա­յացո­ւի ես պատ­րաստ եմ ին­ծի վի­ճակած պաշ­տօ­նը կա­տարե­լու» ըսաւ Գա­րեգին ար­քե­պիս­կո­պոս Պէք­ճեան։

http://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/22292/yete-bahanchui-badrasd-yem-bashdon-sdantsnyelu?fbclid=IwAR1phuVDkfkX4nN3bjxmd3vwo5nW8SYuiZIUK18xakmsXtnkES7Hj7ezoK0

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın