İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Պէյքոզի եկեղեցին հատուցում կը ստանայ

Պէյքոզի Սուրբ Նի­կողա­յիոս եկե­ղեցիին պատ­կա­նող հո­ղատա­րած­քը ան­ցեալին պե­տակա­նացո­ւած էր ճա­նապար­հա­շինու­թեան հա­մար։ Եկե­ղեցին այս առու­մով դատ բա­ցած էր Իս­թանպու­լի մայր քա­ղաքա­պետա­րանի դէմ։ Այս մա­սին ՎԱ­ՏԻՓ հար­թա­կի ընդհա­նուր քար­տուղար եւ Պէյ­քո­զի եկե­ղեց­ւոյ խորհրդա­տու Յա­րու­թիւն Շան­լը յայտնեց թէ դա­տական գոր­ծընթա­ցը աւար­տած է եկե­ղեց­ւոյ ի նպաստ։ Դա­տարա­նը վճռած է 24,4 մի­լիոն ԹԼ.-ի հա­տու­ցում մը վճա­րել եկե­ղեց­ւոյ։

Շան­լը կը յու­սայ թէ թղթա­բանու­թիւննե­րը կ՚աւար­տին յա­ռաջի­կայ քա­նի մը ամիս­նե­րու ըն­թացքին եւ գու­մա­րը կը փո­խան­ցո­ւի եկե­ղեց­ւոյ պան­քա­յի դրա­մահա­շուին։ Նշենք որ, Պէյ­քո­զի եկե­ղեցին նա­խորդ տա­րի ու­րիշ մէկ կա­լուա­ծին հա­մար եւս ստա­ցած էր կա­րեւոր գու­մար մը։

http://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/22294/behkvozi-yegyeghyetsin-hadutsum-gi-sdanah

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın