İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՊԱՆԻՈՅ ԹՈԼԷՏՕ ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ԲԱՑՈՒԱԾ Է

«Հայերն Այսօր»ի համաձայն, 2-26 Ապրիլ 2 Սպանիոյ Թոլէտօ քաղաքին մէջ բացուած է «Հայոց Մշակութային Ցեղասպանութիւնը» լուսանկարչական ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած են մինչեւ ցեղասպանութիւնը եւ անկէ ետք հայ ժողովուրդի քրիստոնէական եւ մշակութային ժառանգութեան վիճակը պատկերող հին եւ նոր լուսանկարներ:

 Ցուցահանդէսը ներկայացուած է Քասթիյա լա Մանչայ մարզի տարածաշրջանային գրադարանի Պորպոն Լորենսանա սրահին մէջ: 

«Հայոց Մշակութային Ցեղասպանութիւնը» լուսանկարչական ցուցահանդէսը կազմակերպած է Սպանիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Թոլէտոյի թեմի Քարիթաս կազմակերպութիւնը (Caritas Diocesana de Toledo)` Կրանատայի թեմի Քրիստոնէական Արեւելքի ուսումնասիրութեան միջազգային կեդրոնի, Հայկական Ճարտարապետութիւնը  ուսումնասիրող (RAA) հիմնադրամի եւ Սպանիոյ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հետ գործակցութեամբ:

Ցուցահանդէսը առաջին օրերէն իսկ մեծ թիւով այցելուներ ունեցած է:

http://www.kantsasar.com/news/2019/04/09/43939/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın