İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԷՐՊԻԼԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՑՄԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ

«Հայերն Այսօր»ի հաղորդմամբ՝ Շաբաթ 6 Ապրիլին, Ս. Մարիամ Աստուածածնայ Աւետման տօնի նախօրեակին, Քիւրտիստանիմայրաքաղաք Էրպիլի Այնքաուայի մէջ նորակառոյց առաջին հայկական առաքելական եկեղեցւոյ բացումը եւ օծումը կատարուեցաւ:

Եկեղեցւոյ օծման կարգը կատարեց  Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ ՏԱւագ ԱրքԱսատուրեան, արարողութեան մասնակցեցան Անթիլիասի միաբանութեան անդամներէն՝  Վարուժան արք Հերկելեան,  Եգիպտոսի Հայոց թեմի  առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան, Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ եպս. Նալպանտեան, Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանի տեսուչը՝ Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան, Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Վահան եպս. Յովհաննէսեան, Ռունանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Տաթիւ եպս Յակոբեան եւ  Իրաքի թեմէն ներս ծառայող հոգեւորականաց դասը:

Բացման արարողութեան ներկայ գտնուած են Իրաքի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Հրաչեայ Փօլատեան,  Իրաքի մէջ քրիստոնէական յարանուանութեանց ներկայացուցիչները, Քիւրտիստանի կառավարութեան ներկայացուցիչներ, Իրաքի Կեդրոնական վարչութեան անդամները , շրջաններու թաղական խուրհուրդները եւ հոծ հաւատացեալ բազմութիւն մը:

Էրպիլի  առաջին հայկական եկեղեցին Ս. Խաչ անուանակոչուած է:

http://www.kantsasar.com/news/2019/04/08/43910/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın