İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ -150

Լալա Միսկարեան-Մինասեան

Յաջորդ հանգրուանը Լոնտոն էր, ուր հանդիպեցաւ իր բարեկամներուն՝ Արփիար Արփիարեանին եւ Լեւոն Բաշալեանին, որոնք հոն «Նոր Կեանք» թերթը կը հրատարակէին։
Աւելորդ չէ այս առթիւ յիշել, թէ իր երկու զաւակներուն հետ Լոնտոն կը բնակէր Րաֆֆիի այրին՝ տիկին Աննան, որ գրեթէ գործաւորներէ եւ ուսանողներէ կազմուած գաղութին համար հիմնած էր «Լոնտոնի հայ գործաւորաց եւ ուսանողներու միութիւն»ը։ Միութիւնը, հայերը ի մի բերելու առաքելութիւն ստանձնած՝ կանոնաւոր ձեւով կը կազմակերպէր հաւաքներ, բանախօսութիւններ։ Այդ աշխատանքներուն մաս կը կազմէ նաեւ Օտեան։ 
Օտեանի անվերջ դեգերումներու քարտէզին վրայ տակաւին կայ Հնդկաստանը։ «Տասներկու տարի…»ին էջերուն վրայ կը գտնենք Հնդկաստանի մասին բաւականին հարուստ տեղեկութիւններ ու վերլուծութիւններ։
Տարագրութեան վերջին տարիներուն Օտեանի հիմնական բնակավայրը եղած է Եգիպտոսը՝ յատկապէս Աղեքսանդրիա, ուր ան հրապարակագրական ու խմբագրական գործունէութիւն ծաւալած է։ 
1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութիւնը, Երիտասարդ թուրքերու եղբայրութեան ցոյցերն ու հաւաստիացումները պատճառ կը դառնան, որ Աղեքսանդրիոյ գաղութէն Պոլիս դառնան ոչ միայն մտաւորականներ, այլ հոն յաջողած ու հարստութիւն ստեղծած հայեր։ Օտեան թերահաւատ էր թուրքերու եղբայրութեան ցոյցերուն հանդէպ, առաւել՝ Աղեքսանդրիան իրեն հարազատ միջավայր դարձած էր ու մեծ փափաք ալ չունէր Պոլիս դառնալու, սակայն 1909-ի սկիզբը ան եւս կը վերադառնայ։ Վերադարձէն բառացիօրէն քանի մը օր ետք՝ Մարտ 8-ին «սեւ բօթ մը կը սարսռացնէր ամբողջ Պոլսոյ հայութիւնը»՝ գուժելով Ատանայի ու Կիլիկիոյ ջարդերը։ 
Այնուամենայնիւ՝ 1908-1915-ի շրջանը, ինչպէս պոլսահայ գրականութեան ու մամուլի համար առհասարակ, եղաւ նաեւ Օտեանի գրական հրապարակագրական ու հասարակական գործունէութեան բեղմնաւոր շրջանը։ Այս միջոցին ան խմբագիրն ու գրեթէ միակ թղթակիցն էր «Խարազան», «Կառափնատ», «Սեւ Կատու», «Մանանայ» երգիծական պարբերաթերթերուն, խմբագրակից էր վերստին հրատարակուող «Հայրենիք»ին, թղթակից էր «Ժամանակ», «Բիւզանդիոն», «Ազատամարտ», «Լուսին» թերթերուն, գրեց իր գլուխ գործոցը՝ «Ընկ. Բ. Փանջունի» վէպին առաջին երկու մասերը՝ «Առաքելութիւն Մը Ի Ծապըլվար» եւ «Փանջունի Վասպուրականի Մէջ», «Մեր Երեսփոխանները», կատարեց թարգմանութիւններ ֆրանսական եւ ռուսական գրականութենէն։
1915։ Օտեան 24 Ապրիլին ձերբակալուածներու մէջ չէր։ Շրջան մը ան կը թաքնուէր բարեկամի մը տունը, բայց հասնող լուրերու ազդեցութեան տակ հոգեկան տուայտանքներ կ’ունենար, թէ ինչո՛ւ թուրքերը իր ընկերները ձերբակալեր են ու զինք, կարծես, մոռցեր։ Կրնար երկար մնալ իր թաքստոցին մէջ, բայց չի տոկար։ Ինք արդէն ոգելից խմիչքի տկարութիւն ունէր, այդ շրջանին ա՛լ աւելի կը խմէր, հոգիին ցաւը խեղդելու համար։ Յակոբ Սիրունի Օտեանի մասին իր յուշագրութեան մէջ «Գիծեր Երուանդ Օտեանի Կեանքէն» յիշած էր, թէ այլեւս մօր խնամքին ալ չէր ենթարկուեր ու շատ կը խմէր։ Եւ երբ զգայազիրկ վիճակով տուն կը դառնար, արդէն 40-45 տարեկան մարդ՝ ծեծ կ’ուտէր իր մայրիկէն։ Ահա այդպէս օր մըն ալ, երբ մայրիկը կը զարնէ, ան վշտացած կ’ըսէ. «Զիս տանին մեռցնեն, որպէսզի մէյ մըն ալ չծեծես»։ Նախազգացումը կ’իրականանայ յաջորդ օրն իսկ, ու երբ աքսորէն դարձաւ՝ մայրիկը չկար. կար միայն խղճի խայթը։ Թաքստոցին մէջ մնալու եւ ձերբակալուելու ժամանակի մասին թուականները վիճելի են, բայց մէկ բան պարզ է՝ ան չփրկուեցաւ։
Ակամայ զուգորդութեամբ յիշենք, որ Օտեանի ունեցած այդ տագնապալի հոգեվիճակը կ’ապրէր նաեւ Չարենց։ 1936-37-ին, երբ սթալինեան կացինը կը գլխատէր հայ մտաւորականութիւնը, սպանուած, բանտարկուած կամ աքսորուած էին լաւագոյն մտաւորականները, բարեկամներն ու գրչակիցները՝ Աղասի Խանճեան, Ակսէլ Բակունց, Գուրգէն Մահարի, Մկ. Արմէն, Թոթովենց, Զապէլ Եսայեան եւ ուրիշներ, Չարենց կը մորմոքէր ու կը կասկածէր իր անձին։ Անոր հոգեկան անհաւասարակշիռ վիճակն ալ շահարկեցին հակառակորդները եւ առիթը օգտագործելով՝ բանտարկեցին զինք։
Տարբեր են կերպերը, նոյնն է նպատակը…Ի՛նչ տարբերութիւն՝ արեւելեա՞ն, թէ՞ արեւմտեան կողմը աշխարհի… հա՛յաշխարհի։ 
1918-ին եղաւ զինադադարը եւ վերապրող աքսորեալներուն «ներում շնորհուեցաւ»։ Կրկին յիշենք յետսթալինեան շրջանը, երբ Սիպերիոյ դժոխային պայմաններուն մէջ ողջ մնացած աքսորեալներուն (նոյնպէս անմեղ) ներում շնորհուեցաւ (իբրեւ թէ)։
Գրեթէ չորսամեայ հալածանքներու եւ աքսորի ընթացքին Օտեան անցեր էր դժոխքի բոլոր պարունակներէն, տեսեր էր իր ազգին մահացումը ու հրաշքով մնացեր էր ողջ։ Հետագային այդ տարիներուն իր տեսածն ու ապրածը յիշողութեամբ վերականգներ ու ներկայացուցեր է «Անիծեալ Տարիներ» յուշագրութեան մէջ։ Պոլիս վերադարձին ան հայութեան մնացորդացին կը դիմէ ողջոյնի խօսքով մը, ուր կը ներկայացնէ իր ու միլիոնաւոր աքսորեալներու տառապանքի ուղիներու քարտէզը (յղումը ամբողջութեամբ առ-նուած է Սամուէլ Մուրատեանի «Երուանդ Օտեան-Կեանքը եւ Գործը» մենագրութենէն)՝
«Ողջո՜յն քեզ, Հայ ժողովուրդ,-մեղա՜, ողջո՜յն ձեզ Հայութեան մնացորդներ,-հեռուէն, շատ հեռուներէն կու գամ։
Տէր Զօրէն կու գամ՝ որուն կամուրջէն երեք հարիւր հազար հայեր անցած են եւ որոնցմէ այսօր միմիայն հազար հինգ հարիւր կիներ ու որբ տղաք ողջ մնացած են։
Կու գամ Օսմանիէէն, ուրկէ տեղատարափ անձրեւով մը վաթսուն հազար հայեր խարազանի հարուածներուն տակ քշուեցան լեռնէլեռ։
Կու գամ Բուզանթիէն դէպի Թարթուս տանող ճամբայէն, ուր նորածին հայ մանկիկներ եղեւնիներուն ներքեւ իրենց մայրերէն լքուած, մեր աչքերուն առջեւ չագալներու ու շուներու կեր կ’ըլլային։
Կու գամ Հալէպէն դէպի Տէր Զօր երկարող այն անիծեալ անապատէն, ուր տասնեակ հազարաւոր հայեր, երեք տարի վրաններուն տակ, կոտորուեցան տենդէն, թիֆուսէն ու թանչքէն։
Կու գամ Սէպիլի վրաններէն, ուր անօթի ծնողքներ իրենց զաւակներն աճուրդի հանեցին եւ տասը տարեկան աղջիկներ վաթսուն փարայի վաճառուեցան արաբներու եւ հրեաներու։
Կու գամ Սուրիայէն, ուր հարիւր հազարէ աւելի հայեր, բնաջինջ ըլլալու սպառնալիքին տակ իրենց Աստուածն ուրացան։
Կու գամ Համայէն ու Հոմսէն, Մեսքանէէն, Համամէն, Միատինէն, ալ Պուսայրայէն, Սուլթանիէէն ու Գոնիայէն, ուր երեսուն-քառասուն հազար Հայ որբուկներ «մայրիկ-մայրիկ» կը ճուան թուրք բնակարաններու խաֆէսներու ետեւէն։ Կու գամ եղեռնի այն դժոխային վայրերէն, ուր Զօհրապներ, Ակնունիներ, Խաժակներ, Զարդարեաններ, Սիամանթօներ, Վարուժաններ, Սեւակներ, Տաղաւարեաններ, վերջապէս ամբողջ ազգի մը ըղեղը ջարդ ու փշուր եղաւ Չինկիզ խաներու եւ Լէնկ Թիմուրներու արժանաւոր յաջորդներու ձեռքով։
Ողջոյն ձեզ, հայութեան խլեակներ։ 
ՎԵՐԱՊՐՈՂ ՄԸ»

Աքսորէն Պոլիս վերադարձած Օտեան թէեւ հոգեկան փլուզումի մէջ էր, սակայն արտաքուստ կը պահէր իր լաւատեսութիւնը եւ կը յուսադրէր շուրջիններուն։ Ան կը գիտակցէր, որ մեր մեծատաղանդ նահատակներուն «պակասը կարելի պիտի չըլլայ լեցնել։ Բայց ցեղը կ’ապրի այդ տաղանդներու սերմը իր մէջ, ու նորէն հայ հանճարը պիտի ցոլայ աւելի շողշողուն քան երբեք»։ Ան կրկին ձեռնամուխ կ’ըլլայ ստեղծագործական ու խմբագրական եռանդուն գործունէութեան, կը գրէ ու կը սրբագրէ բազմաթիւ գործեր, կը մասնակցի ազգային կեանքի կարեւոր երեւոյթներուն։ Սակայն Պոլիսը այլեւս այն վայրը չէր, ուր հայութիւնը ապագայ կառուցէր։ Վերահաս թրքական ազգայնական շարժումները, 1922-ին Իզմիրի մէջ հայկական եւ յունական թաղերու հրկիզումներն ու կողոպուտը կրկին սարսափի մատնեցին հայութիւնը։ Գաղթողներուն հետ էր նաեւ Օտեան, որ նախ անցաւ Ռումանիա, ուր Յակոբ Սիրունին էր, ապա՝ Լիբանան ու կրկին Եգիպտոս, ուր ընդունուեցաւ ջերմութեամբ։ Սակայն հիւանդութիւնը արդէն խորացած էր։ 1926 թուականի Հոկտեմբեր 3-ին Օտեան մեռաւ քաղցկեղէ։ Թաղուեցաւ Գահիրէի Հայոց Ազգային Մարմինա գերեզմանոցը, իր բարեկամին՝ Արփիար Արփիարեանին քովը. աւելի ուշ անոնց միացան Վահան Թէքէեանը ու մեծ դերասանուհի Սիրանոյշը։

(շար. 4 եւ վերջ)

http://www.kantsasar.com/news/2019/04/05/43835/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın