ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Անանուն հեղինակի խօսքերով՝ իսկական նկարիչը երբեք չի տեսներ աշխարհը այնպէս, ինչպէս որ է, այլապէս ան նկարիչ չէր ըլլար…
Այսօրուան իմ զրուցակիցն է տաղանդաշատ նկարիչ Սայաթ Ուշաքլըկիլ. անձ մը, զոր կը սիրէ արուեստը ու կ՚ապրի նկարչութեամբ։ Իր գործին նուիրեալ արուեստագէտը՝ պոլսահայ համայնքի սիրելի անուններէն մին է, կը շարունակէ արարել ու արուեստի ոգիով կրթել ու դաստիարակել նորահաս սերունդներ։ Ներկայիս հեղինակը հանդէս կու գայ «Երջանիկ ամբոխներ» խորագրեալ հերթական ցուցահանդէսով։
Արմատներով վանեցի նկարիչը ծնած է Պոլիս՝ 1975 թուականին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Մխիթարեան վարժարանին մէջ, ապա աւարտած է Կեդրոնական վարժարանը։ «Միմար Սինան» համալսարանի գեղարուեստի ճիւղի նկարչութեան բաժինէն շրջանաւարտ եղած է։ Ուսման մէջ փայլուն յառաջդիմութիւն արձանագրելով, որպէս առաջին՝ նոյն բաժնի մասթըրը աւարտած է։ Բարձրագոյն կրթութիւն ստանալէ անմիջապէս ետք՝ մինչ օրս, այլեւս՝ որպէս արհեստավարժ, հիացումի արժանի խորիմաստ կտաւներ կ՚արարէ։ Աւելի քան քսան տարի իր սեփական արուեստանոցին մէջ գեղարուեստի կաճառներ ընդունուելու քննութիւններու համար նախապատրաստական դասընթացքներ կու տար աշակերտներուն։ Ամուսնացած է նկարչուհիի մը հետ։
Սայաթ Ուշաքլըկիլ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի հարազատներէն մին է, սիրով պատասխանեց մեր հարցերուն։
-Ինչպէ՞ս սկսաւ ձեր այս օրը։
-Առտու կանուխ կար ժողով մը, որուն մասնակցեցայ, այնուհետեւ փութացի ձեզի հետ հանդիպման։
-Պարոն Սայաթ, քիչ մը պատմեցէ՞ք ձեր այս ցուցահանդէսի մասին։
-«Երջանիկ ամբոխներ» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը թիւով հինգերորդն է։ Գրեթէ եօթ ամիս աշխատած եմ այս հաւաքածոյի ստեղծման վրայ։ Կտաւներուն մէջ պատկերած եմ խրախճանքներու մասնակից երջանիկ կանայք ու տղամարդիկ, ինչպէս նաեւ երաժշտական գործիքներ։ Իմ ստեղծագործութիւններուն մէջ հիմնական շեշտը դրած եմ 1940-50-ական թուականներու վրայ։
-Կրնա՞ք յիշել, թէ առաջին անգամ որպէս ապագայ նկարիչ ե՞րբ վրձին կամ մատիտ բռնած էք։
-Երեք տարեկան էի, երբ մայրս զիս շարժանկարի կը տանէր։ Շարժանկարներու գովազդները կ՚առնէի ու վրայի պատկերները նոյնութեամբ կը գծէի։ Մեր տան պատերը իմ գծած նկարներով զարդարած էինք։ Դպրոցի մէջ ալ ընկերներուս փոխարէն կը գծէի։ Պզտիկութենէ ի վեր գծել շատ կը սիրեմ։
-Ուրկէ՞ կու գայ ձեր ձիրքը։
-Մեծ հայրիկս շատ գեղեցիկ կը գծէր, հաւանաբար նկարչական ձիրքս անկէ ժառանգած եմ։
-Մեծ մասամբ ի՞նչ կը գծէք։
-Համալսարանական տարիներուս ափսթրակտ կտաւներ կը գծէի։ Այնուհետեւ ստեղծագործութիւններուս մէջ սկսայ զգալի տեղ տալ մարդկային կերպարներուն։
-Քանի՞ ցուցահանդէս ունեցած էք։
-Մինչեւ այսօր հանդէս եղած եմ հինգ անհատական ցուցահանդէսով, բաց աստի, բազմիցս մասնակցութիւն բերած եմ խառն ցուցահանդէսներու։
-Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս ցուցահանդէսի մասնակցա՞ծ էք։
-Այո, մի քանի տարի առաջ Իտալիոյ մէջ հաւաքական ցուցահանդէսներու մասնակցեցայ։
-Պարոն Սայաթ ինչպիսի՞ պայմաններու տակ կը ստեղծագործէք։
-Գատըգիւղի մէջ արուեստանոց մը ունիմ։ Գիտէք, «մուսայ» ըսուածը անցեալի քօղի տակ մնացած է։ Մուսայով չեմ աշխատիր, այժմ աշխարհի մէջ արուեստագէտները՝ ես նոյնպէս, ստեղծագործելու համար որոշ ժամեր ունինք։ Աւելի քան տասնհինգ տարիէ ի վեր առաւօտեան կանուխ՝ ժամը եօթին կ՚երթամ արուեստանոց, ուր կ՚աշխատիմ մինչեւ ուշ գիշեր։ Նախապէս մտքիս մէջ կ՚ունենամ կտաւ մը, որուն համեմատ լուսանկարներ կը հայթայթեմ։ Այդ լուսանկարներէն կը քաղեմ այն, ինչ որ ինծի պէտք է։ Այսպէս ծնունդ կու տամ իմ երեւակայութեան մէջ ունեցած ստեղծագործութիւններուս։ Աքրիլիք ներկ կը գործածեմ, որ ի տարբերութիւն բուսաիւղով բացուող իւղաներկի, ջուրով կը բացուի։ Աքրիլիք ներկով աշխատիլը բաւական բարդ է, քանզի ան իւղաներկի համեմատ՝ աւելի շուտ կը չորնայ։ Այսինքն այս տեսակ ներկով աշխատելու համար անհրաժեշտ է կողմնորոշման ու ձեռքի արագութիւն։
-Բացի կտաւներ ստեղծագործելէ, ի՞նչ գործունէութեամբ կը զբաղիք։
-Անշուշտ, եօթ-ութ տարիէ ի վեր նկարչութիւն կը դասաւանդեմ Ս. Խաչ դպրեվանքի եւ Մխիթարեան վարժարանի երդիքին տակ։ Մեր երկու վարժարաններուն մէջ առաքելութիւն մը ունիմ՝ զարկ տալ տաղանդաւոր տղոց զարգացման։ Անոնց համար ճանապարհ հարթել դէպի յառաջատար գեղարուեստի կաճառներ։
-Ձեր կարծիքով նկարիչ ըլլալը տաղանդ կը պահանջէ՞, թէ՝…
-Ի հարկէ, բնատուր տաղանդը պայման է։ Սակայն այդ տաղանդը ճիշդ գործածելու եւ բարձունքներ նուաճելու համար անհրաժեշտ է մեծ ջանք ու աշխատասիրութիւն։ Կարգապահութիւնը նոյնպէս առաջնային է։ Ըստ իս, նոյնիսկ ոչ տաղանդաւոր մէկը եթէ ունի բուռն փափաք ու համապատասխան կրթութիւն ստանալու պարագային կրնայ գեղեցիկ գործեր ստեղծել։
-Ո՞վ է ձեր սիրելի մեծանուն նկարիչը կամ արուեստագէտը։
-Առհասարակ բոլոր դասականները կը սիրեմ, սակայն նախապատուութիւնը կու տամ 17-րդ դարու սպանացի նկարիչ՝ Տիէկօ Վելասքէզին։
-Բացի նկարչութենէն արուեստի ո՞ր ճիւղը ձեզի աւելի հոգեհարազատ է։
-Որպէս այդպիսին զիս շատ կը հրապուրէ քանդակագործութիւնը եւ շարժանկարի արուեստը։
-Կը սիրէ՞ք ֆիլմ դիտել, ո՞րն է ձեր սիրելի ֆիլմը։
-Ֆիլմ դիտել շատ կը սիրեմ։ Բեմադրիչ Սթենլի Քուպրիքի շարժապատկերներուն սիրահարն եմ։ Իմ ամենասիրած շարժանկարն է՝ «Թռիչք մը կկուի բոյնի վրայէն» (One flew over the cuckoo՚s nest)։ Այս վերջինը կատակերգութեամբ կը սկսի եւ ողբերգութեամբ կ՚աւարտի։ Իրադարձութիւնները տեղի կ՚ունենան յիմարանոցի մը մէջ։
-Պարոն Սայաթ, կը սիրէ՞ք գիրք կարդալ։
-Առհասարակ արուեստի վերաբերեալ, արուեստագէտներու ինքնակենսագրականը պատմող գիրքեր կը սիրեմ կարդալ։
-Ո՞րն է ձեր կարդացած վերջին գիրքը։
-Թոմաս Պեռնհարտի «Կոճղ կտրել» վէպը։
-Ի՞նչ է արուեստը։
-Ըստ իս, արուեստը արտայայտչամիջոցի կատարելագործուած ձեւերէն մին է, որ բարձրագոյն կրթութիւն չի պահանջեր։
Իւրաքանչիւր արուեստագէտ, մասնաւորապէս նկարիչները, իրենց ստեղծագործութիւններու մէջ իրենց ներաշխարհը կը ցոլացնեն։ Զոր օրինակ՝ երբ հաւաքորդ մը կու գայ ու իմ կտաւս կ՚առնէ, կը նշանակէ, թէ զիս կ՚առնէ. ինձմէ մասնիկ մը իր տուն կը տանի։
-Երաժշտութիւն կը սիրէ՞ք։
-Այո, շատ կը սիրեմ։ Իսկ 1930-80-ական թուականներու երաժշտութեան ալ սիրահարած եմ։ Իմ տան մէջ ունիմ մեծ ձայնադարան մը, ուր կան հին երաժշտական զանազան ոճերու սկաւառակներու պահոցներ՝ արխիւներ։
-Ո՞ր երկրի կամ քաղաքի մէջ կը փափաքէիք բնակիլ։
-Շատ կը փափաքէի ապրիլ Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ, ուր արուեստը գագաթնակէտին հասած է։
-Հայաստան այցելած է՞ք։
-Ցաւօք սրտի, տակաւին ոչ։
-Ով է ձեր սիրելի մեծ հայը։
-Շարլ Ազնաւուրը։
-Պարոն Սայաթ, կրնա՞ք քանի մը նախադասութեամբ բնութագրել հայը։
-Գիտէք, բնաւ այս հարցումին շուրջ չէի մտածած։ Սակայն, երբ հայ ըսեմ, միտքս տաղանդաւոր, արհեստագէտ ու արուեստագէտ մէկը կու գայ։
-Ո՞ր նշանաւոր անձին հետ կը փափաքէիք սրճել։
-Ժամանակակից գերմանացի յայտնի նկարիչ՝ Նէօ Ռաուխինի հետ սիրով կը սրճէի։
-Կը սիրէ՞ք խմիչք օգտագործել։
-Ի հարկէ, շատ կը սիրեմ։ Բոլոր խմիչքներն ալ կ՚ըմպեմ, սակայն կը նախընտրեմ ուիսքին եւ օղին։
-Ձեր ազատ ժամանակը ինչպէ՞ս կ՚անցընէք։
-Նկարելով ու թանգարաններ այցելելով, ուր ես հոգեկան մեծ բաւարարուածութիւն կը զգամ։
-Յառաջիկայի հետ կապուած ի՞նչ ծրագրեր ունիք։
-Ոչ թէ ծրագիր, այլ փափաք ունիմ. Տիրոջ կամքով կ՚ուզէի Լոնտոնի կամ Միւնիխի մէջ անհատական ցուցահանդէս մը կազմակերպել։
İlk yorum yapan siz olun