İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏՈՒԹԵԱՄԲ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՏԱՐԱԳ՝ Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ՍՐԲԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Բարձր հանդիսապետութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Կիրակի, 31 Մարտ 2019-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, վերասրբագործուած Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով Ս.եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ: 

Օրուան պատարագիչն էր՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան:

Վեհափառ Հայրապետն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը պատուոյ շքերթով մուտք գործեցին եկեղեցի՝ ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր սկաուտներուն ներկայութեան:

Պատարագին ներկայ էին ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան անդամներ, Պատկան Մարմինի, հալէպահայ միութիւններու, Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ժամանած ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալ հոծ բազմութիւն:

Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց Հալէպի Հայ Առաքելական եկեղեցիներու դպրաց դասերուն միացեալ խումբը:

Պատարագի ընթացքին կաթողիկոսութեան միաբաններէն Հոգեշնորհ Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան ընթերցեց  ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեան գիրը, ուր ակնարկութիւն կը կատարուէր սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարին պայմաններուն, միասնականութեան եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին հոգեմտաւոր ծառայութեան: 

Կոնդակին մէջ յիշուած էր. 

 «Սիրելի՛ Սրբազան, 

Վստահ ենք, որ թեմական ծառայութեան ճամբով Ձեր ձեռք ձգած հարուստ փորձառութիւնը պիտի շարունակէք ի սպաս դնել մեր Սուրբ Աթոռի ընդհանրական առաքելութեան: Այս առիթով, հոգեւոր հօտին ներկայութեան, մեր բարձր գնահատանքն ու հայրական ջերմ սէրը կը յայտնենք Ձեզի: 

Արդարեւ, Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս վերանորոգ նուիրումով շարունակեցիք Ձեր նախորդներուն ծառայութիւնը մեր ժողովուրդին՝ միշտ մնալով հաւատարիմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հաւատքի առաքելութեան ու ազգային ծառայութեան»: 

Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան գիրի ընթերցումէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը երախտագիտական իր խօսքը ուղղեց ըսելով. «Փառք Ամենակալին, մարդասէր Աստուծոյ, որ արժանի դարձուց իր ներկայութեամբ վերանորոգուած եւ սրբագործուած Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, սուրբերուն յիշատակին եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան այս նուիրական օրուան ընթացքին որդիական սիրով համբուրել ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ս. Աջը եւ  օրհնութիւնը խնդրել մեր ժողովուրդին համար: Որդիական զգացումներս այնքան զեղուն են, զորս չեմ կրնար այստեղ ամփոփել, բայց սիրելի՛ Վեհափառ Տէր, որդիաբար կու գամ վերանորոգելու ուխտս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով, որպէս հաւատարիմ ծառայ շարունակելու հաւատքի առաքելութեան իմ երթը:

«Բերիոյ Հայոց Թեմը կը մնայ հաւատարիմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Ազգ. Իշխանութեան, մեր հաւատացեալ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն յանձնառութեամբ: Կը շնորհաւորենք Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնն ու վերօծումը եւ կը մաղթենք խաղաղութիւն աշխարհին, Սուրիական Հայրենիքին, մեր ժողովուրդին՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի»:

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը ուղղելով սուրիահայութեան ըսաւ, որ Սուրիոյ հայերը ամրօրէն, հաւատքի ուժով կառչեցան իրենց գաղութին, կառոյցներուն եւ ընտանիքներուն՝ համախմբուած մեր եկեղեցւոյ շուրջ: Վեհափառ Տէրը ուրախութեամբ հաստատեց, որ պատերազմի եօթը ծանր տարիներուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը շարունակեց ծառայել սուրիահայութեան, այնպէս ինչպէս եկեղեցին կոչուած է ծառայելու իր ժողովուրդին, որովհետեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր ծառայութեան լծուած հոգեւորականին գլխաւոր նպատակը այս է:

Վեհափառ Հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանը, դիտել տալով, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայողական ճամբան մէկ է, ծառայութեան ձեւերը, պայմանները կը փոխուին, սակայն ծառայութիւնը իր էութեամբ, նպատակով եւ ուղղուածութեամբ կը մնայ նոյնը: Վեհափառ Տիրոջ խօսքով, էականը ծառայութեան ձեւն ու չափը չեն, այլ՝ որակն է եւ այդ որակն է, որ նուիրում կը նկատուի:

«Մենք մեր դպրեվանքէն ներս մարդ կը պատրաստենք, ծառայ մարդ: Մարդ կայ, որ պատրաստ է իր անձը նուիրաբերելու մեր ժողովուրդին: Մեզի համար գիտութիւնը, ծանօթութիւնը էական են, սակայն ի՞նչ կ’արժէ մարդ, եթէ վկայականներ ունենայ եւ այդ վկայականները պահէ իրեն՝ առանց ծառայեցնելու զանոնք ժողովուրդին:

«Մեր դպրեվանքի աշակերտութեան մեծագոյն մասը եկած է Սուրիայէն: Սուրիոյ հայութեան նպաստը, մանաւանդ մարդուժի ճամբով, մեզի համար եղած է կենսական, առանցքային: Ես կ’ուզեմ, որ մեր Աթոռի առաքելութեան մասնակից դառնալու ձեր ընթացքը շարունակուի», ըսաւ Վեհափառ Տէրը: 

Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց, որ այս եկեղեցւոյ վերօծումը հրաւէր մըն է վերականգնումի աշխատանքը շարունակելու նոյն ոգիով, նոյն յանձնառութեամբ եւ զայն համարելու հոգեւոր զարթօնքի ազդանշան:

Եզրափակելով Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. « Սպասումս է, որ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ վերասրբագործումը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար կեանքը սրբութեամբ ապրելու հրաւէր մը դառնայ, որովհետեւ առանց սրբութեան, առանց հոգեւոր արժէքներու առկայութեան, մեր կեանքը պիտի կորսնցնէ իր իմաստը, իր ինքնութիւնը:

«Որովհետեւ երբ կ’ըսենք ազգային կեանք, առանց հոգեւոր տարածքի, մեր ազգային ինքնութիւնը կը կորսնցնէ իր ճշմարիտ դիմագիծը: Պատմութեան ընթացքին մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ հոգեւորը եւ ազգայինը, եկեղեցին եւ հայրենիքը եղած են մէկ ամբողջութիւն՝ մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով իմաստաւորուած: Աղօթքս է առ Բարձրեալն Աստուած, որ Սուրիական Հայրենիքին մէջ հաստատուած մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները այս գիտակցութեամբ շարունակեն իրենց կեանքը՝ վերականգնելով բարոյական ու ազգային մեր բոլոր արժէքները այժմ եւ միշտ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»: 

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:

http://www.kantsasar.com/news/2019/03/31/43662/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın