Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ օրերուն ահաբեկչական յարձակում մը տեղի ունեցած էր Նոր Զէլանտայի մէջ՝ մղկիթի մէջ աղօթողներուն վրայ։ Ապա, ուրիշ յարձակում մը ևս Նիժերիոյ մէջ։ Պատրիարքական Աթոռս կարևորութեամբ կը շեշտէ աղօթատեղեաց ու աղօթողներու անձեռնմխելիութիւնը։ Իր ժամանակին հակազդեցութիւն ցոյց տրուած էր այս մասին նաև մամլոյ միջոցաւ։ Այս անգամ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի հրահանգով 31 Մարտ 2019, Կիրակի, յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի պիտի ունենայ խաղաղութեան համար յատուկ աղօթք՝ մեր եկեղեցիներուն մէջ։
İlk yorum yapan siz olun