İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ -150

Լալա Միսկարեան-Մինասեան

1896-ի Պանք Օթոմանի դէպքը ու Պոլսոյ ջարդերը, այլոց կարգին, Օտեանը կը ստիպեն խուճապահար հեռանալու ոճրագործ քաղաքէն։ Մեծ դժուարութեամբ ճողոպրելով մարդասպաններու եաթաղաններէն ու յաղթահարելով դիմադրող ոստիկանի արգելքը՝ ինքզինք «կը նետէ» պատահական ֆրանսական նաւ մը ու նաւա- պետին իրեն սպառնացող վտանգի մասին կը յայտնէ։ Նոյն ատեն կը տեսնեն ծեր հայ մը եւս, որ խժդուժ ամբոխի հայ-հուչին տակ՝ դժուարաւ կը վազէ, կ’իյնայ ու կ’ելլէ։ Նաւի տախտակամածէն ջարդը դիտողներու քաջալերանքներուն տակ ուժ առած՝ ան եւս նաւ կը հասնի ու բառացիօրէն կը պրծի հետապնդող գազազած ամբոխէն։ Թուրք ոստիկաններ կը յայտնուին ու նաւապետէն կը պահանջեն յանձնել երկու հայ փախստականները, բայց կը մերժուին։ Դրուագը պատմող Օտեան կծու հեգնանքով կը նշէ՝ «Մարդը (թուրք քոմիսէրը) կարծես կը վախնար, թէ երկու հայ պակաս պիտի ջարդուէր»։ Բայց առաւել ցնցող է շարունակութիւնը, երբ մարդասիրութեամբ կը փայլի ո՛չ թէ հայերու ջարդերը լուռ դիտող ֆրանսական պետութիւնը (այդ պարագային՝ հիւպատոսարանը), այլ լոկ մարդկային բնոյթը չկորսնցուցած ֆրանսացի նաւապետը։ Արեան հոտէն գինովցած ութսունէ աւելի ամբոխ մը կը մօտենայ նոյն հայերը պահանջելու, սպառնալով նաւ կը բարձրանայ՝ իրագործելու իր նպատակը։ Լարուած սպասում կը տիրէ։ Նաւապետը կը հրամայէ նաւի կամրջակին Ֆրանսայի դրօշակը փռել ու երկու զինուած նաւազներ կեցնել հոն։ Ոճրագործ վոհմակը կը հեռանայ՝ չհամարձակելով կոխել դրօշակին վրայ։ Հոն ապաստանած հայերը, ստոյգ խոշտանգումներէ փրկուած՝ շունչ կ’առնեն։ Ափին կատարուող ջարդի սահմռկեցնող մանրամասնութիւնները հետագային տեղ կը գտնեն «Տասներկու Տարի Պոլսէն Դուրս» յուշագրութեան մէջ։ 
Տարագրութեան մէջ Օտեանի առաջին հանգրուանը կ’ըլլայ Յունաստանը, ուր պատահածներուն ան անդրադարձեր է ե՛ւ «Տասներկու Տարի…»ին մէջ, ե՛ւ առանձին, ինչպէս՝ «Լեւոն Թագաւորի Սուրը» եւ «Աղօթք» պատմուածքները։ Բիրէի ծովափնեայ գաղթաւանին մէջ, հայրենակիցներու խորհուրդին անսալով՝ կը ստիպուի այլ անուն առնել, իր տեղը մատնիչներուն յայտնի չընելու մտահոգութեամբ։ Իբրեւ ճանչցուած ու վստահելի անձնաւորութիւն՝ կ’ընտրուի նպաստ հայթայթող ու բաժնող յանձնախումբին անդամ։ Այդ առիթով կը հանդիպի Յունաստանի վարչապետին, որ ոչ միայն առատաձեռն օգնութիւն կը յատկացնէ, այլեւ իր ժողովուրդը կը յորդորէ ամէն ձեւով օգնելու հայերուն։ Երբ հայու մը եւ յոյնի մը միջեւ կռիւ ծագէր՝ ոստիկանները կը ձերբակալէին յոյնը՝ յարգելով հիւրընկալութեան պատշաճութիւնը, բան մը, որ եթէ խախտուեցաւ, մեղաւորը բնաւ յոյները չէին…։
Գաղթաւանին մէջ կը գտնուին նաեւ խառնակիչներ, որոնք ժողովուրդը կը գրգռեն Օտեանին ու ընկերներուն դէմ, զանոնք ամբաստանելով նպաստի իւրացումներու մէջ։ Վիրաւորուած Օտեան հրաժարական կու տայ։ Սակայն ժողովուրդը, զղջացած բանսարկութեան ծուղակն իյնալէն՝ կը խնդրէ գործը շարունակել։ Օտեան կը ստիպուի, յանուն մարդոց փրկութեան, կրկին յանձն առնել ծանր ու ապերախտ գործը։ Այս անգամ կը դիմէ անգլիացիներու օգնութեան։ Սակայն, ինչպէս ինք կը գրէ՝ հայ գաղթականները իրենց «անօրինակ խաղքութիւններով» հիասթափեցուցած էին նաեւ անգլիացի բարերարները, որոնք ա՛լ մերժած էին նպաստ յատկացնել գաղթականներուն։ Այս տողերը կարդալով՝ ակամայ Հալէպի նպաստաբաշխումները ու հոն կատարուող իրականութիւնները կը յիշես ու ցաւով կը խորհիս, որ գաղթականութեան աւելի քան հարիւր տարին մեզի բաւարար չէ եղած ո՛չ կարգ ու կանոնի հետեւելու, ոչ ալ մեզմէ շատերուն արժանապատուութեան վերականգնումին համար։ 
Յունաստանէն ետք կը սկսին երկրէ-երկիր դեգերումներու, նիւթական խիստ անձկութեան, պնակ մը կերակուրի համար պատահական ու նուաստացուցիչ աշխատանքներ ընդունելու տասներկու երկարաձիգ տարիները, իրականութիւն մը, որուն մատնուած էր Թուր-քիայէն տարագրուած մեր գրագէտներու եւ յեղափոխական գործիչներու ճնշող մասը։ Մեծ հետաքրքրութեամբ ընթերցուող «Տասներկու Տարի Պոլսէն Դուրս» յուշագրութիւնը վաւերագրութիւնն է այդ հասարակաց վիճակին՝ մատուցուած Օտեանին յատուկ նուրբ հեգնանքով, ցաւոտ ժպիտով ու յաճախ ալ խայթոցներով։ 
Եգիպտոսի մէջ Օտեան տարբեր գործեր կը վարէ, կ’ըլլայ ե՛ւ խմբագիր, ե՛ւ թղթակից թերթերու, շրջան մըն ալ կ’աշխատի Պօղոս Նուպար փաշայի՝ Աղեքսանդրիոյ քաղաքամերձ ագարակին մէջ՝ օձերու, մուկերու ու կարիճներու ընկերակցութիւնը վայելելով։  
Ֆրանսայի մէջ Օտեան կ’իյնայ տարագիր հայ գրողներու պոհէմի մէջ։ Արշակ Չօպանեանի վարձած՝ բառացիօրէն վերնատան փոքրիկ սենեակի մէջ յաճախ կը հաւա- քուէին նիւթապէս անապահով, բայց արուեստի երկրպագու եւ ազգին ճակատագիրով մտահոգ հայրենակիցները՝ Էտկար Շահին (Ակնցի, գեղանկարիչ), Ատոմ Եարճանեան (Սիամանթօ), Զապէլ Եսայեան, ամուսինը՝ Տիգրան Եսայեան եւ ուրիշներ, կ’ունենային արուեստի, գրականութեան, հայ մամուլի, ազգային ճակատագիրի հետ կապուած զրոյցներ ու վէճեր։ Նիւթէն շեղելով ըսենք, որ Չօպանեան ու Սիամանթօ ծնունդով ակնցիներ էին ու հեռաւոր մշուշներու մէջ գտնուող ծննդավայրը կ’ոգեկոչէին զիրար «Ակնեղբայր» կոչելով։
Թէեւ «վշտի ծիծաղ» հակասական (յուն. para՛doksos ) արտայայտութիւնը Առանձարին յօրինումն է, բայց Օտեանի երգիծանքին մէջ ան պատուաւոր տեղ ունի։ Այսպէս՝ ըստ իր նկարագրութեան, առաւել արկածալից ու նաեւ վշտի ծիծաղ ծնող էր Օտեանին վիճակը Ֆրանսայի մէջ։ Չօպանեանի միջնորդութեամբ՝ կը սկսի աշխատակցիլ ազգը փրկելու համար ամէնէն արտառոց «հնարը» գտած ռումանահայու մը կազմելիք բառարանին։ Անդրանիկ Եանեսքոն (Անդրանիկ Յովհաննէսեան), հնոտիներ հագուող հարուստ մը՝ մտասեւեռում ունէր աշխարհին փաստելու, աւելի ճիշդը՝ «կլլեցնելու», թէ բոլոր լեզուները ծագած են հայերէնէն։ Ան քսան տարիէ ի վեր օր ու գիշեր, երբեմն ալ լուսացնելով՝ կը տքնէր այլ լեզուներու բառերը «հայ քրիստոնեայ մկրտել»։ Վստահ էր, որ երբ բառարանը տպուի՝ Եւրոպայի գիտնականները պիտի համոզուին, որ բոլոր ազգերը հայերէ ծագած են, ուրեմն Եւրոպան պարտական պիտի զգայ հայերուն ու… հայկական հարցը պիտի լուծուի։ «Փոխանակ պոմպա ու տինամիթ գործածելու, բառարաններով կը փորձէր լուծել հայկական հարցը։ Ասով հայերը ջարդելու առիթ չէր տար, բայց հայ լեզուն ջարդուփշուր կ’ընէր»,- կը հեգնէ Օտեան։ 
Միանգամայն ազնիւ մեկնակէտ ունեցող այս ցնդաբանութեան ծառայելու համար Օտեան պարտաւոր էր ստեպ հայհոյել հայ ժողովուրդի «դժբախտութիւններու պատճառ» Սահակ-Մեսրոպին…«Մինչ ես…առտուընէ մինչեւ իրիկուն չինկեանէ (հաւանաբար՝ գնչուակա՞ն-Լ.Մ.) բառերը դարձի կը բերէի, Եանեսքօ…արաբական բառերը կը հայացնէր…մէկ կողմէն իր բառարանին կ’աշխատէր, միւս կողմէ՝ կը ջանար հայերէն այբուբենը կարգի դնել՝ զանոնք զեղչելով ու անոնց արտաքին ձեւը մօտեցնելով կամ աւելի ճիշդը՝ նոյնացնելով լաթինական տառերուն։ Այս գործին մէջ ալ իրեն օգնութեան կը հասնէի, անողոք սառնասրտութեամբ մը կտրել ջարդելով մեր հէ՜գ Մեսրոպեան տառերուն գլուխը, ոտքերը, փորը կամ կռնակը»։
Ի վերջոյ Օտեանի ջիղերը տեղի կու տան, «լրջութենէ եւ ողջմտութենէ փարսախներով հեռու» այս գործը ան յիմարութիւն կը կոչէ ու կը հեռանայ ազգին փրկութեան համար քուն ու հանգիստ զոհող այդ բարեմիտ «փախուկէն», կրկին մատնուելով ապրուստի անորոշութեան մղձաւանջին։ 
Յաջորդ արտասովոր ծառայութիւնը այլ բարդոյթ ունեցող հայու մը քովն էր։ Այս մէկը, որ եղբայրն էր Գալֆայեան-Նար- Պէյ-Լուսինեանի (Յ.Պարոնեանի «Ազգային Ջոջեր»ու հերոսներէն), վարդապետութենէ հրաժարած՝ ամուսնացած էր հարուստ ֆրանսուհի կնոջ մը հետ, կը ներկայանար որպէս Լուսինեան արքայական տոհմէ սերած իշխան, կ’ապրէր իշխանավայել, ապարանքի մը մէջ (ուր, ի միջի այլոց, բնակարան վարձած էր Վիքթոր Հիւկօ)։ Լուսինեան, իբրեւ արքայական շառաւիղ՝ իրեն իրաւունք վերապահած էր փափաքողները ասպետ ձեռնադրելու, որմէ եւս գումարներ կը շահէր, քանի որ տարբեր ազգերէ դիմողներու պակաս չունէր։ Ու սակայն փառամոլները գոհացնելու իր այս ճարպիկութիւնը կ’արդարացուէր, քանի որ«…երբ մէկ կողմէ մարդկային ունայնամտութիւնը կը շահագործէր իր պատուանշաններով՝ միւս կողմէն իրեն օգնութեան դիմողներուն ձեռնտու կ’ըլլար քսակին ներած չափովը»։ Նոյն ատեն ան ֆրանսահայ բառարան մը կը կազմէր։ Այդ բառարանին վրայ պիտի աշխատէր Օտեան, ձեւով մը փոխարինելով նախապէս այդ գործին մասնակցած Արշակուհի Թէոդիկը, Զապէլ Եսայեանը ու Հրաչեայ Աճառեանը։ Միայն թէ իբրեւ պարգեւ ասպետի շքանշան առնելու տեղ, Օտեան դրամը կը նախընտրէ (ինչին կարիքը այնքա՜ն ունէր)՝ վշտացնելով արքայական արեան ժառանգորդը։
Օտեանի փարիզեան արկածները որքան ողբերգական, նոյնքան ալ զաւեշտալի են, անշուշտ՝ շնորհիւ հեղինակային զուարթամտութեան։ Խմիչքի մեծ հակում ունեցող Օտեան կը ստիպուի ի սէր պնակ մը կերակուրի նոյնիսկ հակաալքոլային պայքար տանող, «Փրկութեան բանակ» ընկերութիւն անուան տակ աղանդաւորական շարժումին զինուորագրուելու, անշուշտ՝ իբրեւ դարձի եկած մը, սակայն գաղտն-օրէն շարունակելով ծառայել Բա-գոսի…։ 

(Շար.3)
Լալա Միսկարեան-Մինասեան

http://www.kantsasar.com/news/2019/03/28/43582/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın