İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՏՈՒՐՔ

Հայ ժողովուրդը այս տարի կը նշէ ազգային մեծանուն ու երախտաշատ բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանը։ Գալուստ Կիւլպէնկեան հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնունդ առած անմոռանալի մեծութիւններէն մին է։ Ուստի, 2019 թուականին զուգադիպած իր 150-ամեակը վերածուած է իրեն նկատմամբ երախտագիտութեան տուրք մատուցելու պատեհ առիթի մը։ Արդարեւ, ժամանակին իր կողմէ յատկացուած միջոցներով, իր ընձեռած հնարաւորութիւններով հայութիւնը ձեռք բերած է անանց արժէքներ։ Գալուստ Կիւլպէնկեան եղած է բազմակողմանի անձնաւորութիւն մը։ Միջազգային յարաբերութիւններու եւ գործարարութեան բնագաւառին մէջ ան համբաւ ձեռք բերած է՝ որպէս «Պարոն հինգ տոկոս»։ Բաց աստի, իր կերպարը ուղղակիօրէն կ՚առընչուի բարեգործութեան բնագաւառին հետ, նաեւ իր ժառանգութեան ամբողջին մէջ յատկանշական տեղ մը ունի անոր գեղարուեստական իրերու, ստեղծագործութիւններու հաւաքածոն։ Այս բոլորի լոյսին տակ մեծանուն հայը համամարդկային ժառանգութեան մէջ ունի առանձնայատուկ տեղ մը եւ այսօր իր անունով Լիզպոնի մէջ գործող հիմնարկը այդ բոլորը կը վերարժեւորէ նոր ժամանակներու մէջ։ Վերջին օրերուն Երեւանի եւ Լիզպոնի մէջ յոբելենական ձեռնարկներ տեղի ունեցան ի յիշատակ Գալուստ Կիւլպէնկեանի։ Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Փորթուգալի թղթատարական ընկերութիւնները դրոշմաթուղթեր թողարկեցին իր 150-ամեակին առթիւ։ Երէկ, «Հայփոստ» ընկերութեան կողմէ թողարկուած նամականիշը հանդիսաւոր արարողութիւնով մը մարուեցաւ Երեւանի մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ ծանօթացուեցաւ նոյն յոբելեանին առթիւ թողարկուած յուշադրամը։ Դրոշմաթուղթի կնքման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս։ Նամականիշը կնքեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, Կապի, փոխադրութեան ու տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու նախարար Յակոբ Արշակեան, «Հայփոստ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Խուան Փապլօ Քեչեճեան եւ Հայաստանի Ֆիլաթելիստներու միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեան։

Գալուստ Կիւլպէնկեանի 150-ամեակին առթիւ Փորթուգալի մէջ թողարկուած դրոշմաթուղթն ալ կնքուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը, որ մաս կազմեց յոբելենական ձեռնարկներու ընդհանուր ծրարին։ Այսպէս, անցեալ շաբաթավերջին Լիզպոնի մէջ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ տեղի ունեցան երկու մեծ համերգներ։ Ամբողջ շաբաթավերջ մը տեւեցին իր ոգեկոչման համար նախատեսուած ձեռնարկները, որոնց մասնակցեցան Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծոռնորդին՝ Մարթին Էսաեան, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ ու Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի ղեկավարութիւնը եւս ներկայ գտնուեցաւ յոբելենական ձեռնարկներուն։ Բնականաբար, ներկայ էին նաեւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժնի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան եւ նոյն բաժնի ծրագրերու պատասխանատու Անի Կարմիրեան։ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Լիզպոնի համալիրէն ներս այս առթիւ տեղի ունեցան երկու անմոռանալի համերգներ։ Շուրջ հազար ունկնդիրներու մասնակցութեամբ եւ պաշտօնական հիւրերու ներկայութեամբ տեղի ունեցան այս համերգները, որոնք դարձան իսկապէս անմոռանալի։ Համերգներէն մին երիտասարդական նուագախումբի մը կողմէ տրուեցաւ՝ արդի երաժշտութեան յայտագրի մը գործադրութեամբ։ Իսկ միւս համերգը դասական էր։ Այս համերգներուն զուգահեռ է, որ կնքուեցան Փորթուգալի մէջ թողարկուած դրոշմաթուղթերը։ Կնքման արարողութեան ընթացքին առաջին օրուան ծրարին վրայ ստորագրութիւն դրին նաեւ Մարթին Էսաեան եւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։

Կիւլպէնկեանի 150-ամեայ յոբելեանը առիթ հանդիսացած է նաեւ, որպէսզի աշխուժութիւն մը ստեղծուի Փորթուգալի սակաւաթիւ հայ համայնքէն ներս։ Շուրջ 120 հայեր վերջին շրջանին համախմբուած են Փորթուգալի մէջ։ Անոնք ընդհանրապէս Հայաստանէն արտագաղթածներ են եւ մասնագիտութեամբ՝ երաժիշտ։

Կիւլպէնկեանի 150-ամեակին առթիւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի կողմէ Լիզպոն տրուած այցելութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի նորին սրբազնութիւնը մէկտեղուի տեղւոյն հայութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Գաղութէ դէմքերու հետ հանդիպումը հնարաւորութիւն ընձեռեց՝ ապագայ ծրագրերու շուրջ խորհրդակցելու համար։ Նորին սրբազնութիւնը կը ծրագրէ յառաջիկային դարձեալ այցելել Լիզպոն, այս անգամ զուտ կեդրոնանալու համար փորթուգալահայութեան ազգային-եկեղեցական կեանքը կազմակերպելու նպատակին վրայ։ Նորին սրբազնութիւնը անցեալ շաբաթավերջի կեցութեան օրերուն ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի պատասխանատուներուն կողմէ։ Ան ընթրիքի սեղանի մը շուրջ ալ համախմբուեցաւ Մարթին Էսաեանի, Ռազմիկ Փանոսեանի եւ Անի Կարմիրեանի հետ։ Բաց աստի, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան տեսակցեցաւ նաեւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Կեդրոնական վարչութեան յառաջատար դէմքերուն հետ։

Գալուստ Կիւլպէնկեանի 150-ամեակը, իսկապէս, սովորական յոբելեան մը չէ եւ այս հանգամանքին հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ կազմակերպուած ձեռնարկները կ՚առանձնանան թէ՛ իրենց մակարդակով եւ թէ բարերարի թողած մեծ աւանդի այժմէական մտայնութեամբ։ Արդարեւ, Կիւլպէնկեանի յոբելեանը չէ կազմակերպուած՝ զուտ հայկական ներքին լսարանի թիրախաւորմամբ։ Մանաւանդ Լիզպոնի ծրագրի յաջողութիւնը պայմանաւորուած էր այն հանգամանքով, որ միջազգային շրջանակներուն կարելի եղաւ հասցնել այս յոբելեանին պատգամը։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F27-03-2019-երախտագիտութեան-տուրք

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın