İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅԵՏ ԹԱՂՄԱՆ՝ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

ՍՈՒՐԲ ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՒ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Սուրբեր կան որոնք իրենց վարքագծերով լայն ակօսներ բացած են հաւատացեալներու սրտերէն ներս։ Սուրբերու բարեխօսութեան կարեւորութեան հաւատք ընծայողներ անհամբերութեամբ կը սպասեն անոնց յիշատակութեան օրերը, մանաւանդ ուխտաւորաբար կ՚այցելեն անոնց անուան ընծայուած տաճարները։ Այս սուրբերու կարգին է Ս. Նիկողայոս Հայրապետը, ժողովրդականացած կոչումով՝ Կաղանդ Պապուկը։ Ան հարուստ եւ բարեպաշտ ընտանիքի զաւակ էր, իր ձեռքին տակ ունէր մեծ հարստութիւն, որով այդ օրուան պայմաններով կրնար ամէն ինչի տիրանալ։ Հզօր դիրքի վրայ գտնուիլ։ Սակայն ան ականջ տուաւ Քրիստոսի Խօսքին, որ էր «Եթէ կ՚ուզես կատարեալ ըլլալ, գնա ծախէ ամբողջ ունեցածդ եւ տուր աղքատներուն եւ երկինքի մէջ գանձեր պիտի ունենաս» (Մատթէոս, 19.21)։ Սա կը նշանակէր «ուրանալ իր անձը, առնել իր խաչը եւ հետեւիլ Քրիստոսի» (Մատթէոս, 16.24)։ Եղաւ պաշտպան սուրբը մանուկներուն եւ նաւաստիներուն։ Իր հոգեւոր գործունէութիւնը կը հիմնաւորէ աղքատներ, հիւանդներ, բանտարկեալներ, այրիներ եւ որբեր խնամելու անյետաձգելի առաքելութեան վրայ։ Վարք Սրբոցէն կը կարդանք նաեւ թէ, ան փրկած է հօր մը երեք դուստրերը, որոնք ստոյգ անբարոյ կեանքի մը ճիրաններուն մէջ բռնուելու վրայ էին։
Ուրկէ՞ ուր յիշեցի Ընդհանրական եւ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ այս հանրածանօթ դէմքը։ Յիշեցի, երբ հողը կը յանձնէինք Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքին անկենդան մարմինը։ Յանկարծ մտաբերեցի թէ հողին մէջ կը թաղուէր անձ մը մեծագործ, որուն մտքին, սրտին եւ հոգիին արգասիքը կը մնար անթաղ. կարելի չէր թաղել զայն ու հողակոյտէն դուրս մնալով, կը շարունակէր պահել որպէս թթխմոր ծառայելու իր հանգամանքը։ Դարձեալ մտաբերեցի թէ Երանաշնորհ Պատրիարքի վարքը, իր առաքելութիւնը, իր ծառայութիւնը ունէր ցայտուն գիծեր որոնք զուգահեռ կ՚ընթանային Ս. Նիկողայոս Հայրապետի վարքագծին հետ, ունենալով խորհրդանշական ու խորիմաստ արժէք։ 
Քաւ լիցի որ հաւասարեցուցած ըլլամ յաղթական եկեղեցւոյ մեծանուն սուրբը Երանաշնորհ Պատրիարքին հետ։ Նպատակս է ընդգծել թէ Մեսրոպ Պատրիարքի կեանքէն կ՚արտացոլար Սուրբ Հայրապետի վարքագծի շողերէն նշոյլներ։
Մեսրոպ Պատրիարք թէեւ Ս. Նիկողայոսի մեծատուն ընտանիքին նման մեծ հարստութիւններ չունէր, սակայն ունէր աստուածատուր ձիրքեր, շնորհներ կարողութիւններ եւ բնականաբար այս առումով ալ կարելիութիւնը ունէր որպէս աշխարհական գործելու եւ ով գիտէ աշխարհիկ կեանքի մէջ մնալով կրնար նաեւ հասնիլ լաւ ու բարձր դիրքերու։ Սակայն տարբեր բան էր ընձեռելի նման ուղիէ մը ընթանալու որոշումը տալ, տարբեր բան էր իր ներաշխարհին մէջ արձագանգող Աստուածային կոչումի մը ձայնին ուղղութեան հետեւիլ։ Մինաս-Վարդան նախամեծար համարեց ու ընտրեց երկրորդը։ Քահանայական կոչման արարողութեան ընթացքին Երանաշնորհ Շահան Ս. Եպիսկոպոսի արտասանած «Կոչումն ամենակալ զօրութեան Աստուծոյ կարողացուսցէ զքեզ. Բառնալ սիրով զլուծն Քրիստոսի, եւ երթալ կամաւ զհետ կենարարին յանսպառ ուրախութիւնսն. Ամէն» մաղթանքը յիրաւի կեանքի կոչուեցաւ եւ յաջորդ օրը Երանաշնորհ Շնորհք Ս. Պատրիարքի ձեռամբ Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ իր տեղը գտաւ նուիրեալ հոգեւորական մը, յանձին՝ Մեսրոպ Աբեղայի, որ ընդմիշտ պահեց իր կոչումին լրջութեան գիտակցութիւնը։ 
Մեսրոպ Պատրիարքի աբեղայութեան օրերէն սկսեալ ձեռնարկած մանկանց առաքելութեան նպատակն էր մանուկներու նկատմամբ հայրական սէր ու գուրգուրանք ցուցաբերել, եկեղեցւոյ սէրը ներարկել եւ այդ միջոցաւ զանոնք ներգրաւել եկեղեցի, որպէսզի անոնք իրենք զիրենք օտար չզգան Աստուծոյ Տան մէջ։ Որպէսզի հայ եկեղեցականը յաչս մանուկներու որպէս օտարական չ՚ընկալուի։ Երանաշնորհ Պատրիարքի մանուկներուն բաշխած Ս. Նիկողայոսեան բարոյական նուէրները եկան բանալ անոնց շրթները։ Այդ օրերուն ի՜նչ գեղեցիկ ու ոգեւորիչ տեսարան էր Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան նախօրեակներուն մութ տաճարներու մէջ մոմ ի ձեռին մանուկներու երգած «Լուռ գիշեր», «Խորհուրդ Մեծ», «Այսօր Տօն է Ս. Ծննդեան» հոգեւոր երգերու բառերը, որոնք երբ կ՚արձագանքէին, կ՚արժէր տեսնել մանուկներու խանդավառութիւնը։ Պլպլացող մոմերու լոյսին ընդմէջէն կը յայտնաբերուէր մանկական մաքուր ու անխարդախ հաւատքը։ Յիշարժան է նաեւ Վարդավառի տօնի նախօրեակին Գնալը Կղզիի բարձունքին հաւաքուած մանուկներու «Այսօր ցնծայ» տաղի բառերով երջանկանալը, մանաւանդ երբ կարգը կու գար «Այ ցնծա, այ ցնծա, ցնծա ցնծա լեառն թափոր» բառերուն։ Այս բառերու եղանակը տղոց այնքան հաճելի կու գար, որ անոնք տաղի այս մասը մեծ ուրախութեամբ լիահագագ կ՚երգէին ու կարծես կը նոյնանային Պայծառակերպութեան սքանչելի դէպքին ականատես առաքեալներուն հետ։
Սուրբ Նիկողայոսեան բարոյական նուէրներէն իրենց բաժինը ստացան նաեւ երիտասարդներ, որոնցմէ շատերուն համար եկեղեցին պարբերաբար մոմավառութեան վայր մըն էր միայն։ Անոնք հեռու էին եկեղեցւոյ իսկական իմաստին թափանցելէ։ Երանաշնորհ Պատրիարք Հայրը նշմարած էր այս իրողութիւնը, որ արդիւնքն էր քարոզչական առաքելութեան պակասին։ Ան խորապէս համոզուած էր թէ անոնք կրնային քշուիլ զանազան ժխտական հովերէն ու հոսանքներէն, եթէ իրենց նկատմամբ հետաքրքրութիւն չցուցաբերուեր։ Ուստի լծուեցաւ երիտասարդներու ուղղեալ քարոզխօսութիւններու, Սուրբ Գրային դասաւանդութիւններու եւ Հայ Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագի հոգեւոր երգերու ուսուցման։ Այդ ցուցաբերուած հետաքրքրութեամբ գուցէ շատեր կապուած մնացին իրենց եկեղեցիին, հեռու մնալով ուծացումէ։ Դպրաց Դաս երգչախումբերու եւ սանուց միութիւններու նկատմամբ որդեգրած քաջալերական կեցուածքը եւս շարունակութիւնն էր երիտասարդ սերունդի ուղղեալ իր առաքելութեան։ 
Սուրբ Նիկողայոսեան նուէրներու տոպրակէն բաժին հանեց նաեւ ոչ-հայախօս հաւատացեալներուն ու Սուրբ Գիրքը անոնց քարոզել սկսաւ Թրքերէնով։ Պէտք է ըսել նաեւ թէ Երանաշնորհ Պատրիարքը իր հոգեւոր առաքելութեան առաջին քայլերուն ընդդիմացած էր այլ լեզուով քարոզելու գաղափարին։ Զինքը այս ուղղութեամբ մտածելու եւ տրամաբանելու հրաւիրողը եղած էր Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարք Հայրը, որ առաջին անգամ ինք սկսած էր գաւառային բարբառով ու իր գիտցած բառերով Սուրբ Գիրք քարոզել մեր գաւառացի ոչ-հայախօս ժողովուրդին։ Պէտք է ըսել թէ Մեսրոպ Աբեղան շուտով տեղին գտնելով իր հոգեւոր ծնողին կատարած գործը, միացած էր իրեն ու սկսած՝ ընթանալ նոյն ուղիէն։ Այս առաքելութիւնը հիմնաւորած էր Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպի առաքելութեան վրայ, որ կը միտէր Աստուծոյ Խօսքը ժողովուրդին տալ իր հասկցած լեզուով։ Ան միշտ կը շեշտէր մայրենի լեզուն պահելու, մայրենի լեզուով արտայայտուելու եւ արտադրելու կարեւորութիւնը, սակայն միւս կողմէ չէր ուզեր որ ոչ-հայախօսներ յակամայս հեռանային Հայ Եկեղեցւոյ փարախէն, այլուր փնտռելու համար իրենց հոգեւոր սնունդը։ Անոր համար հայախօս եւ ոչ-հայախօս հաւատացեալի վրայօք խտրողական կեցուածք մը որդեգրելը սխալ էր, քանի որ նոյն հաւատացեալները նոյն եկեղեցւոյ մոմի գանձանակին մէջ կը ձգէին իրենց սրտաբուխ լումաները, նոյն եկեղեցւոյ երդիքին տակ միասնաբար կը մասնակցէին Ս. Պատարագին եւ նոյն բաժակէն կը հաղորդուէին։ Ուստի բոլոր հաւատացեալները հաւասար չափով իրաւունք ունէին լսելու Աստուծոյ Խօսքը եւ հաղորդ դառնալու այս ուղղութեամբ տրուած բացատրութիւններուն։ Անգամ մը հաւատացեալ ծերունազարդ մայրիկ մը մայրական գուրգուրոտ շեշտով մը ըսած էր. «Օղլում, պիզի պօշ կէօնտէրմէ. Տղաս, մեզ ձեռնունայն մի ղրկեր»։ Մեր Երանաշնորհ Հոգեւոր Պետը այս եւ ասոր նման խնդրանքներու ընդառաջած էր խղճմտութեամբ։ 
Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք ունեցաւ նեղութիւններ, ցաւեր զորս դիմակալեց հաւատքի արիութեամբ, իր քահանայական, եպիսկոպոսական եւ հուսկ՝ պատրիարքական երրեակ ուխտերու զօրութեամբ։ Բնաւ չէր մտածած դասալիք ըլլալ։ Բնաւ չէր զղջացած թէ հոգեւորականի սքեմը զգեցած էր։ Զանազան հանդիպումներու ընթացքին միշտ կը կրկնէր. «Եթէ անգամ մը եւս աշխարհ գամ, դարձեալ կը ծառայեմ որպէս հոգեւորական»։ Այս խօսքը կրնան ըսել անոնք միայն, որոնք լիովին թափանցած են քահանայական կոչումի վսեմութեան եւ ուխտի նուիրականութեան։ 
Սուրբ Նիկողայոսեան իր տոպրակին վրայ գրուած ունէր իր երանաշնորհ նախորդներէն՝ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի նախ քան իր հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ աւանդելը շուրջը գտնուող երիտասարդներուն ուղղած խօսքը. «Տղաքս, Հայ մնացէք, այս ազգին ծառայելը պատիւ է»։ Այս նշանաբանով գալեց ու գործեց, միշտ ի մտի ունենալով նաեւ իր Երանաշնորհ Հոգեւոր Ծնողին՝ Շնորհք Պատրիարքի խօսքը. «Պահեցէք ձեր հաւատքը, մնացէք Ձեր եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ, պիտի տեսնէք թէ ձեր ժողովուրդին նուիրականութիւնները ինչպէս շուքի մը նման կը հետեւին ձեզի եւ դուք կը քալէք անոնց հետ»։ 
Յարգանքով ու որդիական ակնածանօք կ՚ողջունենք Հայ Եկեղեցւոյ սպասաւորին, Բանին Կենաց քարոզչին եւ քաջարթուն տեսչին յիշատակը։ Ան, իր գործունեայ շրջանին կատարեց այն ինչ որ կրնար կատարել, գործեց այն չափով զոր Շնորհաց Տէրը շնորհած էր իրեն։ Իր օգտաշատ գործունէութիւնը շարունակեց նոյն թափով, մինչեւ որ անողորմ հիւանդութիւնը հեռացուց զինքը Պատրիաքական Աթոռէն ու փոխադրեց անկողին։ Օրհնեալ ըլլայ Տիրոջ կամքը։ Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ, որ առիթը ընծայեց մեր եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ վայելելու իր հովուութիւնը եւ հովուապետութիւնը։
Աստուած հոգին լուսաւորէ ու երկնային անթառամ պսակին արժանացնէ։ Անթառամ մնայ իր յիշատակը։

20 Մարտ 2019, Գատըգիւղ

https://www.facebook.com/krikor.damadyan/posts/2326020307633157

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın