İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄՆԵՐՈՒ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ՈՒՂՂԱԾ Է

«Էրմէնիհապէր»ի հաղորդումով, 2013-ին չեղեալ յայտարարուած է Թուրքիոյ մէջ գործող փոքրամասնութիւններուն պատկանող հիմնադրամներու ղեկավար կազմի ընտրութիւններ կատարելու կանոնակարգը: Այդ օրուընէ ի վեր երկրի ոչ մահմետական փոքրամասնութիւններուն պատկանող հիմնադրամները չեն կրնար ընտրութիւններ կատարել, որ նախապէս 4 տարին անգամ մը տեղի կ’ունենար: 
Քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութենէն (HDP- ԺԴԿ) ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան հարցը թրքական խորհրդարանին ուշադրութեան յանձնած է: Փայլան գրաւոր հարցում մը ուղղած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարին, եւ հարցուցած, թէ արդեօք նոր կանոնակարգ չընդունիլը կ’ապացուցէ, թէ ընդհանրապէս պետութիւնը փոքրամասնութիւններու հիմնադրամներու ղեկավարութեան ընտրութիւնները վերացնել կը միտի` անոնց պետութեան կողմէ պաշտօնեաներ նմանակելով:
Փայլան ըսած է.«
Փոքրամասնութիւններու հիմնադրամներու ղեկավար խորհուրդներուն` համայնքի անդամներուն կողմէ ընտրութիւն ապահովող կանոնակարգը 19 Յունուար 2013-ին չեղեալ յայտարարուած է եւ հակառակ փոքրամասնութիւններու պահանջին 6 տարի շարունակ նոր կանոնակարգ չէ ընդունուած: Անոր փոխարէն հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութիւնը ժողովրդավարական լուծման սպասող համայնքներուն հիասթափեցնող կարգաւորում մը ընդունած է: Հրապարակուած կարգաւորումը փոքրամասնութիւններու հիմնադրամներու ղեկավարող խորհուրդներու կազմին` մահացածներու կամ հրաժարականներու պատճառով նօսրացող շարքերը կը նախատեսէ նշանակումներու միջոցով համալրել:
Հիմնադրամներու ղեկավարներն ու անդամները այդ կարգաւորման վերաբերող յայտարարութեան մէջ յայտնած են, որ նման որոշում իրաւաբանական անձի կարգավիճակ ունեցող այդ կազմակերպութիւններու ընտրական կարիքներու անտեսում կը նշանակէ»:
Այնուհետեւ Փայլան այս նիւթին շուրջ հարցեր ուղղած է Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարին: 
• Ի՞նչ պատճառաբանութեամբ նշանակումի արտօնութիւն տրուած է չորս տարուան ժամկէտի մը համար ընտրուած անձերուն, որոնք, 8-9 տարիէ ի վեր պաշտօն վարելով հանդերձ, վերստին չեն վաւերացուած իրենց համայնքներուն կողմէ։
• Այս շրջաբերականի նպատակը արդեօք համայնքային մարմիններու ընտրութիւնները դարձեալ յետաձգել, նոյնիսկ զանոնք առհասարակ վերացնե՞լն է։
• Համայնքային մարմիններու ընտրութիւնը կանոնակարգող կանոնադրութիւնը արդեօք ի՞նչ պատճառաբանութեամբ վեց տարիէ ի վեր չի պատրաստուիր ։ Կանոնադրութիւնը ե՞րբ պիտի հրապարակուի։

http://www.kantsasar.com/news/2019/03/23/43409/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın