İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՅՔ ՓՈՄՓԷՕ ՄՈՄ ՎԱՌԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՃԱՐԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱԺՆԻՆ ՄԷՋ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ շփումներ ունեցաւ Երուսաղէմի մէջ, ուր այցելեց Ս. Յարութեան տաճար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ս. Յարութեան տաճարէն ներս ամերիկացի պետական քարտուղարը այցելեց նաեւ տաճարի հայկական բաժինը։ Ան մոմ մը վառեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատկանող տարածքէն ներս։ Այս փուլին Փոմփէոյին ուղեկցեցաւ Ս. Յարութեան տաճարի հայ տեսուչը՝ Տ. Սամուէլ Ծ. Վրդ. Աղոյեան։ Այս վերջինը Մայք Փոմփէոն ողջունեց յանուն Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի եւ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան։ Հայր սուրբը այս առթիւ խօսեցաւ Երուսաղէմէ ներս հայկական ներկայութեան մասին։

«Կը մաղթենք, որ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ ձեր ջանքերը պսակուին յաջողութեամբ եւ Սուրբ Երկրի բնակիչ բոլոր ազգերն ու կրօններու հետեւորդները ապրին խաղաղ ու բարգաւաճ», ըսաւ Տ. Սամուէլ Ծ. Վրդ. Աղոյեան՝ Մայք Փոմփէոյի հետ զրուցելու ժամանակ։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F22-03-2019-մայք-փոմփէօ-մոմ-վառեց-երուսաղէմի-ս-յարութեան-տաճարի-հայկական-բաժնին-մէջ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın