İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ -150

Լալա Միսկարեան-Մինասեան

Այսպէս ուրեմն՝ Երուանդ Օտեան.
Յաւակնութիւն չունիմ Ե. Օտեանի՝ քառասուն տարիներու վրայ տարածուած գրական ու հրապարակագրական ակնածելի վաստակին մասին սպառիչ կամ ինքնուրոյն խօսք ըսելու։ Ըրածս խոնարհում է անոր տարագիր շիրիմին, ծաղկեփունջ մըն է՝ մատուցուող։ 
Օտեան-գրագէտի մասին գրելը որքան դժուար է, նկատի առնելով անոր հսկայածաւալ ու տակաւին ամբողջութեամբ չհաւաքուած, չհրատարկուած, չուսումնասիրուած վաստակը, նոյնքան ալ դիւրին է Օտեան-մարդուն ծանօթանալը, նկատի առնելով ինքնակենսագրական տեղեկութիւններ պարունակող իր բազմաթիւ գործերը («Գրական յիշատակներ», «Տասներկու Տարի Պոլսէն Դուրս», «Անիծեալ Տարիներ» եւ այլն) ու ժամանակակիցներու վկայութիւններ։ Ինքնակենսագրական տուեալներէ զատ Օտեանի յուշագրութիւնները նաեւ ընդհանուր ճանաչողական արժէք ունին, քանի որ կը սեւեռեն ժամանակաշրջանի մտայնութիւններ, յարաբերութիւններ, ազգային խնդիրներ, ծանօթ ու անծանօթ տիպարներ, որոնք կը կազմէին օրուան հայ մտաւորականութիւնը։ Չաճապարելու համար նախ կը յամենանք Օտեան- մարդը յատկանշող կենսագրական կարգ մը գիծերու վրայ՝ միշտ յղումները երգիծանքով համեմուած իր խօսքերէն ընտրելով։
Երուանդ Օտեան եղբօրորդին էր Զարթօնքի սերունդի նշանաւոր մտաւորական, հրապարակագիր, պետական գործիչ, 1860-ականներուն կազմաւորուած Սահմանադրական շարժումի անդամ Գրիգոր Օտեանի։ Մանուկը մեծցած է աւելի ամուրի հօրեղբօր ու հօրաքոյրերու խնամքին տակ, քան թէ ծնողներու, որոնք հօրը պաշտօնին բերումով յաճախ կը ճամբորդէին։ Հայրը՝ Խաչիկ, եղած է Օսմանեան պետութեան հիւպատոս, նաեւ՝ թարգմանիչ։ Գրական-թարգմանական աշխատանքներով զբաղած են նաեւ հօրաքոյրը՝ Եւփիմէ ու մայրը, խստաբարոյ կին մը, որմէ Օտեան վախցած է միշտ, այն աստիճան, որ մանկութեան, հօրեղբօր տանը մեծնալով՝ մօր այցելութիւններուն միշտ պահուըտած է՝ երկիւղելով, թէ ան կրնայ զինք հայրական տուն տանիլ։ Մտաւորական ընտանիքի մէջ ծնած տղան, իր իսկ վկայութեամբ՝ եղած է «ծոյլ, միամիտ, մանաւանդ բթամիտ»(«Գրական Յիշատակներ») ։
Այբուբենը եղբօրորդուն սորվեցնող Եւփիմէ «հօքրիկը» (Նահապետ Ռուսինեանի «ստեղծած» բառերէն) յաճախ յուսահատութենէն կու լար ու կ’ըսէր. «Ասանկ, բան մը չսորվելով օր մը լուսթրաճի պիտի ըլլաս»։ Տղան ինք ալ այդ գաղափարին ակամայ համակերպած՝ լալով կը պատասխանէր. «Ի՞նչ ընեմ, լուսթրաճի կ’ըլլամ»։ Ընտանիքին մէջ ոչ ոք կը յուսար, թէ ան գրող պիտի ըլլար։ 
Ամէնէն լուրջ երեւոյթներուն իսկ զուարթամտութեամբ մօտեցող Օտեան երգիծանքի շատ նուրբ շեշտով կը ներկայացնէ կենսագրական դէպքեր, որոնք օրին բնաւ ալ զուարճալի չեն եղած։ Այսպէս՝ մանկութեան սկսած էր ֆրանսերէնի մասնաւոր դասեր առնել, ինչ-որ կը շարունակուէր՝ ընտանիքով Ֆրանսա գտնուած միջոցին։ Ուսուցչուհին հօրաքոյրն էր, իսկ հօրեղբայրը թելադրած էր օրական հինգ բառ սորվիլ եւ խստօրէն կը հետապնդէր։ Տաս տարեկան տղու համար մեծ բան մը չէ հինգ բառ յիշելը, սակայն ինք կը դժուարանար։ Եւ օր մը, երբ չի կրնար պատասխանել՝ հօրեղբայրը ճաշէ կը զրկէ զինք։ Կը ճաշէին հանրային ճաշարանի մը մէջ, ուր այդ օրը ամերիկացի զոյգ մը ունէին դրացի։ Անոնք կը նկատեն, որ տղան ճաշէ զրկուած է, պատճառը կը հարցնեն, պատիժը շատ խիստ կը գտնեն, նոյնիսկ կը վիճին հօրեղբօր հետ, իսկ երբ կ’իմանան, թէ ընտանիքը Թուրքիայէն է՝ կ’առաջարկեն խոշոր գումարով մը ծախու առնել գեղեցիկ երեխան…Կը ստիպուին երջանիկ ամերիկացիներուն բացատրել, թէ հայ են իրենք, ու հայերը երեխայ ծախելու սովորութիւն չունին…
Կարճ շրջան մը Պէրպէրեան վարժարան կը յաճախէ, ուր արդէն ի յայտ կու գայ երգիծանքի իր ջիղը, կը ծաղրէ ոչ միայն դասընկերները, այլ նաեւ դպրոցի կարգ մը անկատարութիւններ։ Տնօրէնը՝ մեծ մանկավարժ Ռէթէոս Պէրպէրեան կ’արգիլէ թերթը, բայց Օտեան տեղի չի տար, այլ անունով երկրորդ մը կը հրատարակէ ու կը կանչուի տնօրէնին քով։
-Պարո՛ն,- ըսաւ խստօրէն, ես քեզ չարգիլեցի՞ թերթ հրատարակելը։
-Այո՛, էֆէնտի,- պատասխանեցի,- «Վառարանի» հրատարակութիւնը արգիլեցիք, բայց ասիկա տարբեր թերթ է…
-Ասոր արտօնութիւնը ո՞ւրկէ առիր,- հարցուց։
Այս հարցումը զիս շփոթեցուց եւ չկրցայ պատասխանել։ 
Պարո՛ն,- ըսաւՊէրպէրեան միշտ խստօրէն,- վար իջէք եւ ձեր դասերուն աշխատեցէք, երբոր վարժարանէն ելլէք, կրնաք թերթ հրատարակել, եթէ փափաք ունիք 
(Ան փափաք միշտ ունեցաւ։ Լ.Մ.)։ 
Ուշադրութիւն ըրի՞ք աշակերտի մը հետ տնօրէնի խօսած կերպին՝ «պարո՜ն», յոգնակի՜ դիմել եւ այլն. թերեւս սորվի՞նք…։
Թոյլ առողջութեան պատճառով Օտեան այնուհետեւ կրթութիւնը կը շարունակէ տունը՝ մասնաւոր դասերով ու ընթերցումով։ 
Այնուամենայնիւ ընտանեկան ծիները շուտով կը յաղթեն։ Ծնողքին հետ Եւրոպա այցելութիւնը յեղափոխութիւն կը բերէ մանուկի մտահորիզոնին մէջ։ Ընտանիքի գրական-մտաւորական մթնոլորտը, Պոլսոյ գրական միջավայրը իրենց դերը կ’ունենան։ Կը սկսի մոլի ընթերցանութեան՝ օրական գիրք մը «կլլելով», ու գրական հետաքրքրութիւնները կ’արթննան։ Մամուլի մէջ հանդէս կու գայ ուսումնասիրութիւններով, թարգմանութեամբ ու քրոնիկներով։ 
Ահա եւս նուրբ զուարճապատում մը այն մասին, թէ ինչպէս վրիպանքի մը պատճառով Իզմիրլեան պատրիարքը զինք պիտի պատժէր.
«Իր գրասեղանին վրայ թուղթ կտրելու համար խոշոր մկրատ մը կեցած էր։ Առաւ զայն եւ միշտ խոժոռ գոչեց. 
-Այս մկրատով քու ականջնե՛րդ կը կտրեմ։ 
Այնքան լուրջ ու խիստ շեշտ մը կար խօսքերուն մէջ, որ վայրկեան մը կարծեցայ, թէ սպառնալիքը պիտի փորձէր գործադրել։ 
-Ի՞նչ կայ, սրբազան,- հարցուցի այլայլուած։
-Յանցանքդ չե՞ս գիտեր կոր…
-Բայց, սրբազան, ի՞նչ բանի կ’ակնարկէք, չեմ կրնար հասկնալ, կմկմացի։
-Սա գրածներդ կը վայլէ՞ կոր…
Շունչ առի, յանցանքս լոկ գրական էր։
-Ի՞նչ բանի մէջ սխալած եմ։
-Արիոսը եպիսկոպոս ես ըրեր…այդ հերետիկոսը պարզ երէց մըն էր…
…հետեւեալ օրը «Հայրենիքի» մէջ Արիոսը եպիսկոպոսութենէ երէցութեան իջեցուցինք եւ այս կերպով խնդիրը փակուեցաւ»
։ 
Անշուշտ հատուածէն կը բացայայտուի նաեւ Օտեանին ոչ այնքան բծախնդիր մօտեցումը իր գրածներու հաւաստիութեան, թերի մը, զոր նշած են իր գրեթէ բոլոր գրադատները՝ իբրեւ արդարացում կամ մեղադրանք (Այս խնդիրին հետագային անդրադարձ պիտի ունենանք)։

(Շար.2)

http://www.kantsasar.com/news/2019/03/22/43354/


İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın