İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՐԱԶ

ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Երազներ կան, որոնք նոյնիսկ քունի մէջ կը ցնդին ու կը մոռցուին, իսկ կան երազներ, որոնք երկար ժամանակ կը յիշուին իրենց թողած ազդեցութեամբ։

Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք Հայր, դուք եղաք պոլսահայ Աթոռի ամէն մէկ զաւակի երազը, երբեք պիտի չմոռցուին ձեր թողած տպաւորութիւնները։

Ես ձեզ ճանչցայ, երբ երջանկայիշատակ Գարեգին Գազանճեան Պատրիարքի օրով հոգեւորական պատրաստելու լսարան մը բացուած էր։

Առաջնահերթ նպատակս հոգեւորական դառնալ չէր, քանի ոչ մէկ բան գիտէի կրօնական առումով, բայց կարօտն ու փափաքը ունէի սորվելու եւ այսպէս սկսայ դասերու մասնակցիլ։ Աշխատատեղիս Գարագիւղ էր եւ գործէ վերջ մինչեւ Գումգաբու, Պատրիարքարան հասնիլս դասաժամերուն կ՚ուշանայի։ Դասերէն մին դուք կ՚աւանդէիք, իսկ միւսը՝ Գարեգին Սրբազան Պատրիարքը։ Եւ ինչ մեղք որ շարունակ ձեր դասաժամուն կը բացակայէի։ Կ՚ուզէի ձեզի պարզել այս վիճակը, քանի նոյնիսկ վազելս ալ բաւարար չէր ըլլար ձեր դասաժամին հասնելու։

Որքա՜ն կ՚ուզէի տարիներ վերջ ձեզի պատմել այս դէպքերը, որոնք թանկագին յիշատակներ են ինծի համար։

Օր մը այլեւս կացութենէն անհանգիստ ըլլալով ուզեցի պարզել, որ բոլորովին զուգադիպութիւն էր եղածը ու խնդրեցի, որ ներողամիտ ըլլաք։ Դուք ձեր քաղցր դէմքով դասէ վերջ սենեակ հրաւիրեցիք զիս ու դասերու մասնակցութեան նպատակս հարցուցիք ու ըսիք, թէ եթէ հոգեւորական դառնալու միտք ու կոչում ունէի, առնուազն հինգ տարի ուսման կը կարօտէի։ Ձեր վերջին խօսքով հոգեւորականի պատրաստութեան կարեւորութիւնը շեշտած եղաք։ Նաեւ ըսիք, որ տիկնոջս հետ ալ այս նիւթը խօսիմ, քանի որ գործի ու նոյն ժամանակ դասերու հետեւիլ արդիւնաւոր պիտի չըլլար, իսկ եթէ դրական պատասխան տայի, գործէն ալ պէտք էր բաժնուէի եւ դուք պիտի ապահովէիք ընտանեկան ապրուստս, քանի լաւագոյնը այս էր։

Եւ այսպէսով դիմումնագիր տուի ու եղայ Պատրիարքարան Աթոռի ժառանգաւոր սան։

Ամէն առիթով ոչ միայն ինծի, այլ նաեւ ամէնուն ճշմարիտ հայր եղաք. նոյնիսկ երբ սխալներ տեսաք, անվարան խրատեցիք, նաեւ յանդիմանեցիք, բայց երբեք չլքեցիք։

Դուք կարդալու, ուսանելու, հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու, ընտանեկան սրբութեան, հայեցի դաստիարակութեան պահակը ու պոլսահայութեան անմար փարոսը եղաք։ Միշտ անկարելին կարելիութեան վերածեցիք, ձեր առ Աստուած ունեցած հզօր հաւատքով։ Կը դողային ձեր շրթները, երբ Ամենակալին խօսքերը կը քարոզէիք։

Այս անկարելիներէն մէկը եղաւ ձեր հիմնած ու հսկած քահանայական լսարանը, որուն պտուղները այսօր կը ծառայեն Աստուծոյ անդաստանին մէջ։

Ձեր օրով Պատրիարքարանը ոչ միայն ազգի տուն, այլ նաեւ վանք ու աղօթատեղի եղաւ ու խունկի հոտ բարձրացաւ վերնայարկի Ս․ Հոգի մատրան մէջ, ուր օրուան դասերու վերջաւորութեան երեկոյեան ժամերգութեանց կը մասնակցէինք։

Հայերէնի ուսման ու խօսելու մասնաւոր ճիգ թափեցիք, մեզի զանազան ուսուցիչներու կարգին հայերէնի ուսուցիչներ ապահովեցիք. քանի կը հաւատայիք, որ հայ հոգեւորականը լաւ հայերէն պէտք է խօսի ու այսպէս մեր մայրենին զարգացնելու առիթը ունեցանք։ Ուսուցիչներ եւս նոյնպէս ձեր խնամքին արժանացան. ամառուան լսարաններուն փափաքողներուն նոյնիսկ գրաբարի դասեր աւանդեցիք։

Ամառները կղզին, ձմեռները քաղաքը գրեթէ ամէն շաբաթ ու ամէն օր հանդիսութիւն մը տեղի կ՚ունենար. քաղաքը կը դղրդար կրօնական ու մշակութային զանազան ձեռնարկներով։

Ոչ միայն հոգեւորական, այլ նաեւ ընկեր ու եղբայր եղաք մեզի եւ միշտ բացիք ձեր հայրական գիրկը։

Քահանայ հայրերն ալ, շնորհիւ ձեզի, բարւոք վիճակի արժանացան ու իրենց բեռնուած անվայել որակումներէն փրկուելով արդար ու հպարտօրէն արժանապատիւ տիտղոսը վայելեցին։ Զանոնք առանձին-առանձին Պատրիարքարանի երդիքին տակ ընդունելով բծախնդրօրէն հետաքրքրուեցաք անոնց նիւթական զանազան կարիքներով, նոյնիսկ դեղօրայքի համար ըրած ծախսերով։ Այսպէսով պատասխանատուներու հետ խօսելով պէտք եղած բարելաւումի պայմանները ապահովեցիք, հետեւաբար արդարօրէն պահանջեցիք, որ քահանայ հայրերն ալ պատշաճ հոգեւոր աշխատանք տանին։

Առօրեայ արարողութիւններն իսկ ձեր ներկայութեամբ հանդիսութեան մը ուրախութեան կը վերածուէր եւ Աստուծոյ խօսքը կ՚աճէր։

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայր, որքա՜ն կարօտացեր եմ այս խօսքը, դուք միշտ օրակարգը ճշդող եղաք ու ձեր հօտը, ձեզի վստահողները առաջնորդեցիք խաղաղութեան նաւահանգիստ։

Բայց երազներ ուրախ կամ տխուր եւ կամ վախառիթ իրենց վերջաւորութիւնը ունին… այս երազն ալ արդէն շուրջ տասն տարի առաջ վերջացաւ ու մենք 2019 թուականի մարտ ամսուան ութին արթնցանք մեր քուներէն… իսկ հիմա, ինչպէս միշտ կարգը եկաւ երազը մեկնելու։ Ամէն մարդ անշուշտ իր սրտին մէջի գանձով պիտի մեկնէ այս երազային շրջանը։

Այս երազը ես կ՚ուզեմ մեկնել Ռուբէն Որբերեանի «Գիւղիս ճամբան» բանաստեղծութեան բառերով. 

Կեանքի նաւակն հետք չը թողուց իր ետին,
Մոռացումը առաւ ինձմէ ամէն բան․
Հին երազներս ամպերու պէս կ՚անհետին․
Յիշատակն ալ կ՚անցնի երգի մը նման․․․
Հոգիս սակայն կը յիշէ զքեզ…

Բանաստեղծին բառերէն մեկնելով կ՚ըսեմ.
Կեանքի նաւակը ձեր ներկայութեամբ մեծ հետք թողուց իր ետին
Թէեւ մոռացումը ձեզմէ առաւ ամէն բան․
Ձեր դողած երազները ամպերու պէս կը կուտակուին․ 
Ձեր յիշատակն ալ կը մնայ քաղցր երգի մը նման…
Իսկ իմ Հոգիս միշտ պիտի յիշէ զՁեզ…
Լոյսերու մէջ հանգչեցէք Սրբազան Պատրիարք Հայր։

ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2019

https://www.facebook.com/goryunder/posts/10205669287048126

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın